Եպիսկոպոսական Սրբազան Պատարագ եւ «Հրաշափառ»ի Արարողութիւն


Վերընտիր Սրբազան Հայրը Հրաշափառ Արարողութեան ընթացքին

Մա­տաթ Բ. Մա­մու­րեան


25 Մա­յիս 2019-ին, Գա­նա­տա­հա­յոց թե­մի Ա­ռաջ­նորդ Աբ­գար եպս. Յո­վա­կի­մեան, թե­միս 36-րդ ­պատ­գա­մա­ւո­րա­կան ժո­ղո­վին (Օթ­թաո­ւա), ներ­կա­յու­թեամբ 40 պատ­գա­մա­ւոր­նե­րու, վե­րընտ­րո­ւե­ցաւ գա­նա­տա­հա­յոց թե­մի ա­ռաջ­նորդ յա­ռա­ջի­կայ հինգ տա­րի­նե­րուն հա­մար։

Վե­րընտ­րեալ Սրբա­զան հայ­րը, 2 Յու­նիս 2019-ի Կի­րա­կի ա­ռա­ւօ­տեան, Ս. Եր­րոր­դու­թիւն Հայց. Ա­ռաք. Ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ մա­տու­ցեց Սուրբ եւ Ան­մահ Պա­տա­րագ։

Աբ­գար եպս. Յո­վա­կի­մեան թա­փօ­րով ու «Հա­շա­փառ»ի եր­գե­ցո­ղու­թեամբ  ե­կե­ղե­ցի մուտք գոր­ծեց եւ դէ­պի Ս. Խո­րան ա­ռաջ­նոր­դո­ւե­ցաւ, այն­տեղ ի­րեն ա­ռըն­թե­րա­կայ ու­նե­նա­լով թե­միս Փո­խա­ռաջ­նորդ եւ ե­կե­ղեց­ւոյս հո­գե­ւոր հո­վիւ Զա­րեհ Ա. Քհնյ. Զար­գա­րեա­նը։ Ս. Սե­ղա­նին սպա­սար­կե­ցին Սա­կա­ւագ­ներ։ Եր­գե­ցո­ղու­թիւն­նե­րը ներ­դաշ­նակ կեր­պով կա­տա­րո­ւե­ցան դպրաց դա­սին կող­մէ ղե­կա­վա­րու­թեամբ՝ Շա­հէ Ալ­թու­նեա­նի, եր­գե­հո­նի ըն­կե­րակ­ցու­թեամբ՝ Սո­նա Ար­թի­նեա­նի։

Զա­րեհ Ա. Քհնյ. Զար­գա­րեան յա­նուն Ծխա­կան խոր­հուր­դի, յա­րա­կից մար­մին­նե­րուն եւ ներ­կայ հա­ւա­տա­ցեալ­նե­րուն, շնոր­հա­ւո­րեց Ա­ռաջ­նորդ Սրբա­զան հայ­րը իր վե­րընտ­րու­թեան առ­թիւ եւ յա­ջո­ղու­թիւն մաղ­թեց ի նպաստ գա­նա­տա­հա­յոց թե­մի ա­ռաջ­նոր­դու­թեան գոր­ծու­նէու­թեան վե­րել­քին։ Ա­պա հրա­ւի­րեց Սրբա­զան հայ­րը փո­խան­ցե­լու իր պատ­գա­մը։

 Յա­ւարտ Ս. Պա­տա­րա­գին, Զա­րեհ Ա. Քհնյ. Զար­գա­րեան գնա­հա­տեց տի­կին Հե­րա Գա­ւու­քեա­նը եւ իր ըն­տա­նի­քը, ե­կե­ղեց­ւոյ Հիմ­նադ­րա­մին կա­տա­րած սրտա­բուխ ի­րենց նո­ւի­րա­տո­ւու­թեան առ­թիւ, ի յի­շա­տակ ննջե­ցեալ Կա­րօ Գա­ւու­քեա­նի։ Ա­պա ըն­տա­նի­քի ներ­կա­յու­թեան օրհ­նեց հիմ­նադ­րա­մի ծա­ռին վրայ զե­տե­ղո­ւած տե­րե­ւը, ինչ­պէս նաեւ ըն­տա­նե­կան պա­րա­գա­նե­րը։ Ննջե­ցեա­լին հոգ­ւոյն հա­մար կար­դա­ցո­ւե­ցաւ ՙՀոգ­ւոց՚։

Ի պա­տիւ Ա­ռաջ­նորդ Սրբա­զան հօր տե­ղի ու­նե­ցաւ հիւ­րա­սի­րու­թիւն, որ պատ­րաս­տո­ւած էր Ծխա­կան խոր­հուր­դին կող­մէ։ Ներ­կա­նե­րը շնոր­հա­ւո­րե­ցին Սրբա­զան հայ­րը եւ ծա­ռա­յու­թեան  յա­ռա­ջի­կայ հնգա­մեա­կին առ­թիւ մաղ­թե­ցին քա­ջա­ռողջ եւ ա­րեւ­շատ կեանք, որ­պէս­զի ան շա­րու­նա­կէ աս­տո­ւա­ծա­հա­ճոյ եւ ազ­գա­նո­ւէր իր բո­լոր ծրա­գիր­նե­րը ի պայ­ծա­ռու­թիւն եւ ի հզօ­րա­ցում մեր թե­մին։

Սրբա­զան հայ­րը շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նեց ներ­կա­նե­րու բա­րե­մաղ­թանք­նե­րուն եւ ազ­նիւ զգա­ցում­նե­րուն հա­մար։