Ես Անպայման Կը Մտածեմ Արցախի Մէջ Ֆիլմ Նկարահանելու Մասին. Ատոմ Էկոյեան


«Արցախփրես»․- «Արցախ գալով առաջինը հոգեւոր զգացողութիւն ունիմ, որ ինծի համար առանձնայատուկ երեւոյթ է», ըսած է Քաննի կինոփառատօնի եռակի մրցանակակիր, գանատահայ բեմադրիչ Ատոմ Էկոյեան:

«Առաջին զգացողութիւնս բաւական ազդեցիկ էր, քանի որ ինքնութիւնս,  իմ ազգային պատկանելիութիւնը այստեղ աւելի ուժեղ կը զգամ, իսկ այդ զգացումը ամէն օր չէ, որ կ՛ունենանք: Որքան երկար ժամանակ անցնեմ Արցախի մէջ, այնքան աւելի շատ մօտս հարց կ՛առաջանայ, թէ ինչո՛ւ երիտասարդ բեմադրիչները երբեւէ չեն նկարած այս պատմութիւնները, որոնք նկատած եմ եմ այս քանի մը օրերու ընթացքին», ըսած է բեմադրիչը:

Ան նշած է, որ Արցախի մէջ ֆիլմ նկարահանելու համար պէտք է մէջէդ բխող զգացողութիւն ըլլայ։ «Ես անպայման, կը մտածեմ այդ հարցին մասին», ըսած է ան:

Թուֆենկեան հիմնադրամի նախաձեռնութեամբ, Ապրիլ 3էն եռօրեայ այցով Արցախ կը գտնուէին անուանի սփիւռքահայ արուեստագէտներ` Սերժ Թանգեան, Արսինէ Խանջեան, Ատոմ Էկոյեան եւ Էրիկ Նազարեան: