«Ես Ատրպէյճանի «Սեւ Ցուցակ»ին ՄԷջ Եմ Եւ Չեմ Մտածեր Այդ Մասին». Ճիմ Գարիճիանիս


«Հայերն Այսօր»ը զրուցածէ  Գանատայի խորհրդարանի նախկին պատգամաւոր  Ճիմ Քարիճիանիսնի հետ, որ Գանատայի հայ դատի յանձնախումբի ջանքերով Արցախ  ժամանած էր` Փետրուար 20-ին տեղի ունեցած սահմանադրական փոփոխութիւններու հանրաքուէի ժամանակ միջազգային դիտորդական առաքելութիւն կատարելու նպատակով:

–Պարո՛ն Քարիճիանիս, ինչպէ՞ս կ’որակէք Արցախի մէջ տեղի ունեցած սահմանադրական փոփոխութիւններու հանրաքուէն:

– Արցախի հանրաքուէն, պատկերաւոր խօսքով, «Օսքար»ի  արժանի է: Եթէ հնարաւորութիւն ըլլար այս հանրաքուէին նուիրուած ֆիլմ նկարահանել, ապա, անկասկած, «Օսքար» կը ստանար:

Ամէն ինչ արտակարգ անցաւ, հոյակապ կազմակերպուած ընտրութիւններ էին. ժողովուրդին վրայ ոչ մէկը ճնշում կը գործադրէր, քուէատուփերը չէին փոխեր, ընտրակաշառք չէր բաժնուեր:

Վենզուելայի, Լիթվիայի, Սոմալի, Ռուսիոյ, Փաքիստանի եւ այլ երկիրներու մէջ կայացած ընտրութիւններուն նոյնպէս դիտորդական առաքելութեամբ հանդէս եկած եմ, սակայն  ամենաթափանցիկ ընտրութիւնը, որ տեսած եմ Արցախի մէջ էր: Ես կը ցանկամ, որ Գանատայի մէջ եւս այսպիսի ժողովրդավարական ընտրութիւններ իրականացուին:

_Հաշուի առնելով պլոկըր Ալեքսանտր Լափշինի ձերբակալութեան եւ Ազրպէյճանին արտայանձնելու վերջին դէպքը` միջազգային միւս դիտորդներուն մօտ վախի կամ անհանգստութեան մթնոլորտ արդեօք կը զգացուէ՞ր:

-Ո՛չ: Բոլորը հանգիստ իրենց աշխատանքը կը  կատարէին` առանց անհանգստութեան կամ, ինչպէս ըսիք, վախի նշաններու:

Երբ կը հարցնէին` չենք վախնար յայտնուելու Պաքուի «սեւ ցուցակ»ին մէջ, կը պատասխանէինք, որ այնտեղ յայտնուիլը մեզի համար պարգեւատրում կ’ըլլայ: Ես հիմա «սեւ ցուցակ»ի մէջ եմ եւ չեմ մտածեր այդ մասին, քանի որ մտադրութիւն չունիմ Ազրպէյճան երթալու. Բան չեմ կորսնեցեր Պաքու չերթալով:

_Իբրեւ Գանատայի խորհրդարանի նախկին պատգամաւոր, այժմ` Թորոնթոյի քաղաքային խորհուրդի անդամ, ի՞նչ նախաձեռնութիւններով հանդէս եկած էք կամ յառաջիկային ի՞նչ ծրագիրներ ունինք Արցախի հիմնախնդրի լուծման հետ կապուած:

–Նախ պէտք է բոլորս համատեղ ջանքեր գործադրենք եւ աշխատինք Արցախի հիմնախնդրին խաղաղ ճանապարհներով լուծում տալու համար:

Ինչ կը վերաբերի մեր ծրագիրներուն, ըսեմ, որ նպատակ ունինք Արցախի հետ բարեկամական պատգամաւորական խումբ ստեղծել: Նաեւ յառաջիկայ` հիմնական ծրագիրներէն պիտի ըլլայ Ստեփանակերտը եւ Գանատայի քաղաքներէն մէկը քոյր քաղաքներ հռչակելու ուղղութեամբ գործընթացքի կազմակերպումը: Մայիսի սկիզբը Թորոնթոյի քաղաքային խորհուրդի անդամներով Հայաստան պիտի գանք` քոյրացման պայմանագիրը կնքելու: Երբ հասնիմ Գանատա, արդէն պիտի սկսիմ զբաղիլ այս հարցով:

_Ցաւօք, կան մարդիկ, որոնք Ազրպէյճանի ապատեղեկատուական քարոզչութեան հետեւելով` կասկածի տակ կ’առնեն Արցախի հայկականութիւնը: Դուք, ըլլալով Արցախի հողին վրայ, ի՞նչ կ’ըսէք այդ մասին:

– Բնաւ, չեմ կիսեր այդ կարծիքը: Արցախի մէջ առաջին անգամ եղած եմ 2012 թուականին` նախագահական ընտրութիւններուն ժամանակ: Ըլլալով Արցախի մէջ` երբեք ազրպէյճանցի չեմ տեսած այնտեղ, ատրպէյճանական մթնոլորտ չեմ զգացած: Ամէնուր հայաշունչ միջավայր էր, որ ես շատ կը սիրեմ:

Առհասարակ, սիրով եւ ոգեւորութեամբ կ’այցելեմ Հայաստան: Սա իմ երկրորդ այցելութիւնս է Հայաստան եւ Արցախ: Շատ տպաւորուած եմ Արցախ աշխարհով ու անոր հերոսական ժողովուրդով: Ես, իսկապէս, բարձր կը գնահատեմ հայ ժողովուրդի մարդկային նկարագիրը, ծանօթ եմ ձեր պատմութեան եւ գիտեմ, թէ որքան տաղանդաւոր ազգ էք:

 –Արցախի մէջ արդէն սիրելի վայրեր ունի՞ք:

– Շատ  սիրած եմ «Տաք ջուրեր» կոչուող լողաւազանը: Արցախի մէջ  հասցուցի ամէն տեղ այցելել, հիանալ տեսարժան, պատմամշակութային վայրերով եւ գեղատեսիլ բնութեամբ: Համտեսած եմ նաեւ արցախեան աւանդական ուտեստները, որոնք շատ համեղ են:

_Շուտով Ապրիլեան քառօրեայ պատերազմի տարելիցն է: Շատ երկիրներ, մարդիկ զօրավիգ եղան Արցախին, ամբողջ Հայկական սփիւռքը ոտքի կանգնեցաւ: Դուք ի՞նչ քայլեր ձեռնարկեցիք այս ուղղութեամբ:

-Ես յայտարարութիւն տարածեցի` նշելով, որ Արցախի մէջ պատերազմը Ազրպէյճանը սկսած է: Ընդհանրապէս, Ատրպէյճանը գրեթէ ամէն օր Արցախի հանդէպ նախայարձակ սադրիչ գործողութիւններ կ’իրականացնէ: Հայերը միշտ խաղաղութեան կը ձգտին, կը պաշտպանեն խաղաղ ապրելու իրենց իրաւունքը, սակայն, ինչպէս կ’երեւի, Ազրպէյճանի ուզածը ատիկա չէ, քանի որ Հայաստանին  անդադար բախումներու կը  դրդէ:

_Ձեր դիտարկմամբ` Արցախի հիմնախնդիրի վերջնական հանգրուանը ի՞նչ պիտի ըլլայ, ի՞նչ հանգուցալուծում ակնկալել այս հարցով:

–Անկեղծ խօսքով, մօտ ապագային այս հարցին հանգուցալուծում չեմ տեսներ: Այն երկիրները, որոնք ունին ներքին խնդիրներ, արտաքին խնդիրներ կը հրահրեն, որպէսզի իրենց ներքին խնդիրները «ջուրի երես» դուրս չգան:

Ռազմավարական նմանատիպ քաղաքականութիւն վարող երկիրները, որպէս կանոն, ցոյց կու տան, որ իրենց մօտ ժողովրդավարութիւն կը տիրէ, միշտ այնպիսի պատրուակներ առաջ կը քաշեն, որ իբր հարեւան պետութիւնները կը ցանկան գրաւել իրենց տարածքները` այդ միջոցով շեղելով մարդոց ուշադրութիւնը:

Այդպէս է, օրինակ, 2016 թուականի ամառը Թուրքիոյ նախագահ Ռեճէպ Թայիպ Էրտողանի կողմէ կազմակերպուած «Ռազմական յեղափոխութիւնը», որ բեմադրութիւն եւ բացայայտ կեղծիք էր:

Աւելորդ է խօսիլ Ազրպէյճանի` Հայաստանի հանդէպ վարած թշնամական քաղաքանութեան, նախագահ Ալիեւի` իր կնոջն Ազրպէյճանի փոխնախագահ նշանակելու զաւեշտին մասին, որ պարզապէս ծիծաղելի է եւ զուրկ ժողովրդավարութենէ: Այս քայլը յարիր է միայն մենատիրակալ կարգի բռնապետերուն:

Յուսանք, որ Ազրպէյճան այլեւս կը հրաժարի պատերազմական գործողութիւններէն, եւ Արցախի ժողովուրդը խաղաղ երկնքի տակ կ’ապրի: