Ես Իսլամացած Հայու Քրիստոնեայ Զաւակ Եմ. Կարօտ Սասունեան


Նանէ Հայրապետեան

Ծնունդով Սասունէն, այժմ Տիարպեքիր բնակող Կարօտ Սասունեանին մանուկ տարիքին մայրը կ՛ուղարկէր մզկիթ, որպէսզի արաբական տառերը սորվի, մտածելով, որ եթէ երեխան մեծնայ որպէս մահմետական, ապա ատելութեան ու վրէժխնդրութեան զգացում չ՛ունենար:

«Երբ կ՛անցնէինք մզկիթի մօտէն, ինծի կը ծաղրէին՝ ըսելով, որ Կարպիսի տղան պէտք է դառնայ իմամ, ու մենք ալ անոր առջեւ նամազ ընենք: Ես անընդհատ կը հարցնէի պապիկիս, թէ ով է Կարպիսը, բայց ան չէր ըսեր: Օր մը տեղի տուաւ ու ըսաւ, որ Կարպիսը իմ պապն էր՝ ազգութեամբ հայ: Թէեւ ինծմէ ամէն ձեւով կը փորձէին թաքցնել իմ արմատներս, սակայն չէին կրնար, քանի որ շրջապատը կը յիշեցնէր այդ մասին: Յետոյ մէջս հարց յառաջացաւ, թէ այդ պարագային ի՞նչ կապ ունինք Հուսէյնի հետ, եթէ պապս Կարպիսն է. Մահմետականութիւնս այդտեղ վերջ գտաւ: Ես իսլամացած հայու քրիստոնեայ զաւակ եմ», պատմեց Սասունեան:

Կարօտ Սասունեան կ՛ապրի Տիարպեք, լրագրող է, կը զբաղի լուսանկարչութեամբ: Քիւրտ-թրքական բախումներու հետեւանքով, Տիարպեքիրի Սուր թաղամասը հսկայական վնասներ կրած էր: Անմասն չէր մնացած նաեւ հայկական Սուրբ Կիրակոս եկեղեցին, որու զանգը այդ ժամանակ ինկաւ ու լռեց մինչեւ այսօր:

«Նախքան բախումը եկեղեցին նորոգուած էր եւ 2011ին վերաբացուած, բայց ոչ թէ որպէս եկեղեցի, այլ ուղղակի այցելելու համար: 2012ին՝ 97 տարուան ընդմիջումէ ետք Սուրբ Կիրակոսի մէջ կատարուած էր առաջին եկեղեցական արարողութիւնը: Տարին մէկ անգամ՝ Սուրբ Զատիկի օրը, մեզի կը թոյլատրէին այնտեղ պատարագ մատուցել: Ան կարծես տեղի ու յարակից շրջաններու հայերու հաւաքատեղին ըլլար: 2015ին, Սուրբ Զատիկին 1200 հաւկիթ ներկած էինք, որ յետոյ տեսանք քիչ էր: Բազմաթիւ հիւրեր ունեցանք: Իսկ հիմա բոլորը իրենց վախէն տունէն դուրս չեն ելլեր», ըսաւ լուսանկարիչը:

Սասունեան պատմեց, որ այժմ եկեղեցին անմխիթար վիճակի մէջ է, խորանը աւերուած, գմբէթը չկայ: Արդէն երեք տարիէ արգիլուած է մտնել այդ թաղամաս:

Պետութիւնը այնտեղ գտնուող ամէն ինչ հողին հաւասարեցուցած է՝ հայկական տուները նոյնպէս: Սուրբ Թէոտորոս եկեղեցին, որ նոյնպէս այդտեղ կը գտնուի, վերածուեցաւ մզկիթի:

Սասունեանի խօսքով, եթէ քիւրտերը Տիարպեքիրի մէջ կը համարուին տուշման՝ թշնամի, ապա հայերը կ՛անուանեն «տուշմանլարըն տուշմանը»՝ թշնամիներու թշնամին: Այդ իսկ պատճառով հայերը եկեղեցւոյ վերակառուցման համար որեւէ պահանջ չեն կրնար ներկայացնել:

Սասունեանը որպէսզի արդարացնէ իրենց վերագրուող ծուռ սասունցի ասոյթը, որոշած է այցելել եւ թաքուն լուսանկարել սուրբ Կիրակոս եկեղեցին:

«Պարծենալու համար չեմ ըրած, գիտեմ որ կարօտ էք, նոյնիսկ լուսանկարները շատ մեծ արժէք ունին ձեզի համար», ըսաւ Սասունեան:

Կարօտ Սասունեան Հայաստան կը գտնուի Արեւմտահայոց հարցերու ուսումնասիրութեան կեդրոնի հրաւէրով:

«10 տարիէ կը զբաղինք իսլամացած հայերու հարցերով: Պէտք է յստակ զանազանել. կան իսլամացած ու ծպտեալ հայեր: Ծպտեալ հայերը կը պահպանեն ազգային դիմագիծը, նոյնիսկ ստեղծած են յատուկ ցանց ու գիտեն, որ հարեւան գիւղէն, որ ընտանքը հայ է ու կ՛ամուսնանան միայն հայերու հետ: Այս ամէնը բնականաբար գաղտնի կը պահուի: Իսկ իսլամացած հայերը շատ յաճախ տեղեակ ալ չեն ըլլար, որ հայ են, այս տեսակը վտանգաւոր է», նշեց կեդրոնի տնօրէն Հայկազուն Ալվրցեան:

Յիշեցնենք, որ Սուրբ Կիրակոս հայկական եկեղեցին կը թուագրուի 5րդ դարու: 2011ին վերակառուցուած էր եկեղեցւոյ զանգակատունը, որ վնասուած էր 1915ին՝ ռմբակոծութենէ: Եկեղեցւոյ գմբէթը ամենաբարձրն էր քաղաքին մէջ, եւ մզկիթներու մինարեթներէն բարձր չըլլալու համար մահմետականները աւերած էին զայն: