Երբեք Երկմտանք Պիտի Չունենամ Անհրաժեշտութեան Պարագային «Իսքանտեր»ի Համազարկի Հրաման Արձակելու․Սերժ Սարգսեան


Աշխատանքային այցելութեամբ Արցախի Հանրապետութիւն մեկնած Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան Մարտ 25ին հայկական երկու հանրապետութիւններու փոխադարձ գործակցութեան շրջագիծին մէջ Արցախի նախագահ Բակօ Սահակեանի, Հայաստանի եւ Արցախի զոյգ հանրապետութիւններու պաշտպանութեան նախարարներու եւ բարձրաստիճան զինուորականներու ընկերակցութեամբ գտնուած է պաշտպանութեան բանակի զօրամասերէն մէկուն մէջ, ծանօթացած զինուած ուժերու մարտական պատրաստականութեան եւ ունկնդրած զօրամասի զինուորներուն համար կազմակերպուած համերգը:

Համերգային ծրագիրի աւարտին նախագահ Սարգսեան հայրենիքի սահմանները պաշտպանելու ընթացքին ցուցաբերած արիութեան եւ խիզախութեան համար պետական բարձր պարգեւներով` Մարտական ծառայութեան մետալով պարգեւատրած է մարտական հերթապահութեան կատարած շարք մը զինուորներ:

Հանրապետութեան նախագահը շնորհակալութիւն յայտնած է հայրենիքի զինուորներուն եւ անոնց ընտանիքներուն: Ան իր խօսքը ուղղելով զինուորներուն եւ անոնց ընտանիքներուն ըսած է.

«Անցած Ապրիլին մենք ետ շպրտեցինք միջազգային պայմանաւորուածութիւնները դրժած հակառակորդը բոլոր ուղղութիւններով, մենք տապալեցինք անոնց ծրագիրները, մենք կատարելապէս ջախջախեցինք զանոնք` այդ օրերու  տեղեկատուական պատերազմին մէջ, մենք մէկ տարուան ընթացքին այնքան ամրացուցինք սահմանն ու զինեցինք զօրքը, որ այսօր մեր առաջնագիծը անճանաչելի դարձած է: Այսօր մեր տղաները կը հետեւին հակառակորդին տեղաշարժին` արդէն անոր տարածքին խորքը: Այսօր պատերազմատենչ դրացիի տարածքին բոլոր ուղղութիւններով, նոյնիսկ մինչեւ ամէնէն կարեւոր ենթակառուցուածքները, գերժամանակակից հզօր հարուածային ուժ ուղղուած է: Եւ այսօր Հայաստանի զինուժի գերագոյն գլխաւոր հրամանատարը երբեք երկմտանք պիտի չունենայ անհրաժեշտութեան պարագային «Իսքանտեր»ի համազարկի հրաման արձակելու: Եւ ատիկա  դրացի երկիրը շատ լաւ գիտէ: Մենք այլեւս երբեք միլիոնաւոր նահատակներու սրբադասում պիտի չընենք: Հաստա՛տ պիտի չընենք»: