Երգ Հայաստանի


Աշոտ Ղազարեան եւ Րաֆֆայէլ Գաբրիէլեան, “Երգ Հայաստանի”

Ար­շօ Զա­քա­րեան


Հա­մազ­գա­յի­նի Գլա­ձոր մաս­նա­ճիւ­ղի ՙԴէմ Դի­մակ՚ թատ­րո­նը հրա­ւի­րած էր կա­տա­կեր­գակ, Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան վաս­տա­կա­ւոր դե­րա­սան Ա­շոտ Ղա­զա­րեա­նը, երգ­չու­հի եւ դե­րա­սա­նու­հի Ար­փի Գաբ­րիէ­լեա­նը եւ սի­րո­ւած դե­րա­սան Րա­ֆա­յէլ Գաբ­րիէ­լեա­նը՝ ներ­կա­յաց­նե­լու ՙԵրգ Հա­յաս­տա­նի՚ եր­գա­խառն զա­ւեշ­տու­թիւ­նը։

Ար­դէն այս հայ­րե­նի ա­րո­ւես­տա­գէտ­նե­րու գոր­ծե­րուն քա­ջա­ծա­նօթ են ներ­կայ ե­ղող եր­կու սե­րունդ­նե­րը։ Եր­կու ժամ ա­նընդ­հատ հան­դի­սա­տես­նե­րը խնդա­ցին ու զո­ւար­ճա­ցան նաև հե­տե­ւե­ցան քննա­դա­տու­թիւն­նե­րուն եւ ակ­նար­կու­թիւն­նե­րուն ըլ­լայ այդ սփիւռք Հա­յաս­տան հասկ­ցո­ղու­թեան մէջ, կամ ըն­կե­րա­յին հար­ցե­րու կծիկ­նե­րուն մէջ։

Բո­լոր ժա­մա­նակ­նե­րու եւ սե­րունդ­նե­րու կող­մէ սի­րո­ւած եր­գե­րը եւ պա­րե­րը հնա­րա­միտ եւ հա­ճե­լի կեր­պով ներ­կա­յա­ցու­ցին այս ե­րե­քը« տա­նե­լով ներ­կա­նե­րը սո­վո­րա­կան աշ­խար­հէն դուրս։ Գնա­հա­տե­լի էր նաեւ զա­նա­զան զա­վեշ­տա­կան մա­սե­հո, իսկ եր­գե­րը ի­րար յա­ջո­դե­ցին սա­հու­նու­թեամբ։

400է ա­ւե­լի հան­դի­սա­տես­նե­րը մեկ­նե­ցան լաւ տրա­մադ­րու­թեամբ եւ բա­ւա­կան նիւ­թե­րով մտա­ծե­լու ու խորհր­դա­ծե­լու հա­մար։