Երեսփոխան Դոկտ. Նորա Արիսեան Կը Պահանջէ Հայոց Ցեղասպանութեան Թեման Ներառուի Սուրիոյ Բարձրագոյն Կրթութեան Ծրագրին Մէջ


ՍՈՒՐԻԱ․ «Բերիոյ նիուզ»․- Փետրուար 21ին, Սուրիոյ խորհդրարանի գումարած նիստին, որուն ներկայ եղաւ Սուրիոյ բարձրագոյն կրթութեան նախարար Աթեֆ Նատտաֆի՝ երեսփոխան դոկտ. Նորա Արիսեան ելոյթ ունենալով նշած է, որ Սուրիոյ համալսարանական բարձրագոյն կրթութեան հանգրուանին «Սուրիոյ պատմութեան» եւ «Օսմանեան կայսրութեան» առարկաները չեն ներառռեր պատմական իրողութեան համապատասխանող դէպքեր, որոնք տեղի ունեցած են սուրիական հողերու վրայ եւ մաս կը կազմեն Սուրիոյ պատմութեան, ինչպէս՝ հայերու դէմ իրականացուած ցեղասպանութիւնը եւ ասորիներու «Սէյֆօ»ն, հետեւաբար դոկտ. Արիսեան պահանջած է, որ պատմական դէպքերու թեման գիտական եւ պատմական ձեւով ներառուի այդ ժամանակահատուածին մէջ:

Դոկտ. Արիսեան, նախարարին ուշադրութեան հրաւիրեց նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան հետ ստորագրուած գիտական եւ բարձրագոյն կրթութեան բնագաւառին համագործակցութեան համաձայնագրին, որ տարիներէ ի վեր չէ վերաշխուժացած: Ան հաստատած է, որ «պայմանագիրը մեծ առիթ է սուրիացի ուսանողներուն, այնքան ատեն, որ Հայաստանը տարբեր մասնագիտութիւններու 30 բուհական թոշակ կը տրամադրէր»: