Երեւանեան Օրագրութիւն (1)


Սօսի Միշոյեան-Տապպաղեան


Հինգշաբթի

Ժամերս լեփ-լեցուն են, բայց հոգիիս խորքը ամայութիւն է: Այն հոգիս, որ հրճուանք կ’ապրէր իւրաքանչիւր դասապահու ժամանակ, աշակերտներուս հետ կապ հաստատելով, դաս բացատրելով կամ քերականական օրէնքներու գաղտնիքներ պարզելով: Կը յիշեմ, թէ ինչպէս Պրն. Չոլաքեան, օր մը, երբ հիւրաբար ներկայ գտնուեցաւ դասապահերէս մէկուն, պահուն վերջը՝ «Սօսին իր տարերքին մէջն է», ըսաւ: Կարծես բռնի խլուեցան ինձմէ այդ բոլորը:

Ամէն առաւօտ զաւակներս դպրոց ճամբելէ ետք՝ հոգւոյս ծարաւովը կը տոչորիմ…: Պէտք է այս ամայութենէն ձերբազատիլ՝ սրտիս հաճոյ գործ ի կատար ածելով: Ուստի կ’ընդունիմ ստացած առաջարկս՝ Երեւանի մէջ գոյութիւն ունեցող ընկերային կազմակերպութենէ մը, որուն անդամները մեծաւ մասամբ Հալէպէն մեծահարուստ կիներ են: Ստանձնած գործս քարտուղարութիւն է: Հաճելի եւ դիւրին գործ ինծի համար: Օրէ օր հալէպահայերուս աճող թիւին հետ արձանագրուող կարիքաւոր ընտանիքներու թիւն ալ կ’աւելնայ:

Ըստ թղթածրարի տուեալներուն, հարցումներ կ’ուղղեմ եւ կ’արձանագրեմ էջին մէջ: Հարցումներուն մէջ չեմ գիտեր ո՞վ եւ ի՞նչ նկատառումով տեղադրած է նաեւ այս մէկը.

«Ի՞նչ նշանակութիւն ունէր քեզի համար Հալէպը պատերազմէն առաջ եւ վերջ»:

–           Հալէպը մեր հայրենիքն էր:

–           Ծննդավա՞յրը ըսել կ’ուզես, կը շեշտեմ, բացայայտելու համար արձանագրուողին միտքը:

–           Ծննդավայր է, այո՛, բայց նաեւ մենք հոն հայրենիքի զգացողութիւն ունէինք:

–           Հապա Հայաստա՞նը, կը շարունակեմ պեղումս:

–           Հայաստանը՝ երկրորդ հայրենիք:

Մտքերուս մէջ կը խորասուզուիմ: Ի՞նչ կը նշանակէ «Հայաստան՝ երկրորդ հայրենիք»: Ինչո՞ւ ունենալ այդպիսի զգացողութիւն: Օտար ծննդավայրի մը մէջ հայրենիք զգալ, իսկ հայրենիքի մէջ փնտռտուքի մէջ իյնալ՝ գտնելու համար հայրենիքդ՝ այդ միւսը՝ անբացատրելին: Բայց չէ՞որ Հալէպ եղած ատեննիս ալ հայրենիք կ’երազէինք: Երազայինի եւ իրականութեան բախո՞ւմն է սա, մտքի եւ զգացումի պայքա՞րը: Ինչպէ՞ս բացատրել այս անհասկնալի զգացողութիւնը, որ զիս ալ կը տանջէ: Ձեռքիս մէջ՝ Հայաստանի քաղաքացիութեան վկայաթուղթը, ոտքիս տակ՝ հայրենի հողը, հիմա ես ո՞վ եմ: Սփիւռքահա՞յ, թէ տեղացի: Ինչու՞ լիարժէք տեղացի չեմ զգար հոս. ի՞նչն է խանգարողը, լեզո՞ւն արդեօք: Իմս, ի՛մ լեզուս չեմ գտներ հո՛ս՝ հայրենիքիս մէջ: Ինչպէս որ օտար հողի վրայ լեզուս երկրորդական կը համարուէր, հոս՝ հայրենիքիս մէջ նոյնպէս երկրորդի դիրքէն չէ զիջած: Լուսանցքէն դուրս կը զգամ ես զիս, կեդրոնէն շա՜տ հեռու: Չէ՞ որ երկու լեզուներն ալ իրարու «ազգական» են ու՝ «մէկ ազգ պահողը, իրար միացնողը լեզուն է ու հաւատը…»: Բայց ի՞նչ ազգական, երբ տեղ չունի իր մօտ միւս ազգականը: «Խնդրում եմ հայերէն խօսա՛, հա», կ’ըսէ չհասկցող ազգակիցդ քեզի: Ազգականները օտա՞ր…:

Բախումներ… բախումներ ու անընդհատ լեզուի պայքար հայրենիքիդ մէջ: Ինչպէ՞ս չխրտչիլ, երբ համալսարանի դասախօսդ կը պնդէ, որ արեւելահայերէնն է ճիշդը եւ այժմէականը ու «քո լեզուն հին է ու՝ անհետացման եզրին: Եւ եթէ որոշել ես էստեղ ապրես՝ ապա էստեղի լեզուն պիտի սովորես ու էստեղի լեզուով գրես»: Այսինքն Սփի՞ւռք վերադառնամ՝ ունենալու համար հայրենիքիս զգացողութիւնը: Լեզո՞ւս է հայրենիքս: Բայց ո՞ր Սփիւռքը այլեւս ինծի կը շնորհէ այդ զգացողութիւնը Հալէպի այս դէպքերէն վերջ:

Նոր զգացումներ կը պարուրեն հոգիս ու կ’իյնամ ինքնութեանս փնտռտուքին մէջ: Անորոշութիւնը հեղձուցիչ կը դառնայ արդէն: Մխիթարանքս կը գտնեմ, գանատաբնակ ընկերուհիիս հետ դիմատետրի առանձնակի զրոյցին մէջ. «Դուն ալ շատ ֆանաթիք եղած ես: Մի՛ նեղուիր, հապա մենք ի՞նչ ըսենք հո՛ս՝ լրիւ օտարութեան մէջ…», կ’ըսէ ան համոզիչ շեշտով մը:

Շաբաթ

Յոգներ եմ արդէն թէ՛ հայաստանցիներէն, թէ՛ սուրիահայ փախստականներէն: Անմիջապէս որ հայաստանցիի հանդիպիս, գիտես արդէն թէ զրոյցին նիւթը ինչպէ՞ս պիտի ծաւալի. «Ինչի՞ էք եկել էստեղ, մեղք են ձեր երեխէքը, էստեղ ապագայ չկայ, գնացէք ուրիշ երկիր, հա՛մ ձեզ համար լաւ կը լինի, հա՛մ էլ երեխէքին…»: Որքան ալ ջանաս ականջներդ փակել եւ արհամարհել ըսուածը, այնուամենայնիւ ենթագիտակցութեանդ վրայ կ’իշխեն այդ յաճախ կրկնուող խօսքերը, որոնց վրայ կը բարդուի նաեւ տեղացիներուն արտագաղթի ջլատող երեւոյթը ու այս բոլորը ակամայ մտածել կու տան քեզի, թէ արդեօք սխա՞լ ընտրութիւն ըրինք մենք հոս գալով: Ինչո՞ւ Հալէպի մէջ մեզ դաստիարակեցին  վիպական չափազանցուած հայրենական շունչով, ինչո՞ւ հայրենիքը իբրեւ իտէալական երկիր պատկերեցին. ինչո՞ւ իր վատ ու լաւ կողմերով իրականութիւնը չներկայացուցին մեզի հոն, կամ ե՛ս ինչո՞ւ իմ աշակերտներուս յաճախ կրկնեցի ու կրկնել տուի. «Քանց օտար վարդ, քաղցր է հայրենեաց փուշ» Ալիշանի նշանաւոր խօսքը. արդեօք պէտք չէ՞ր կրկնէի, որպէսզի գալով երազներու երկիրս, չհիասթափէի ամէն առիթի՝ «Էս երկիրը երկիր չի» արտայայտութիւնը լսելով…:

Սուրիահայերու հետ հանդիպումն ալ անհաճոյ կը դառնայ արդէն: Յոգներ եմ լացակումած խօսքերէն. «Մեղք եղաւ մեր գաղութին, մենք այսպէ՞ս պիտ’ ըլլայինք, ափսոս եղանք, մեր հիմերը խախտեցան, ցիր ու ցան եղանք, որքան դժուար է նորից նոր սկսիլը, հոս գործ չկայ, տեղացիները իրենք կը գաղթեն…» եւ այլն:

Բայց ո՞ւր երթալ՝ գտնելու համար  վայր մը,  թէ՛ որպէս ՀԱՅ եւ թէ՛ որպէս արժանաւոր ՄԱՐԴ ապրելու…:

Կիրակի

  • Մամա՛, մարոժնի կը գնե՞ս:
  • Մարոժնի ի՞նչ է,- հարց կու տամ:
  • Պաղպաղակ է, չե՞ս գիտեր,- կը պատասխանէ վեցամեայ տղաս յանդիմանական շեշտով մը: