Երեւանը Արժանացած է Financial Timesի «Պատմամշակութային Ժառանգութեան Քաղաք» Անուանակարգի Մրցանակին


Յայտնի Financial Times պարբերականի fDi Intelligence ծառայութեան կողմէն Երեւանը արժանացած է «էֆտիայ Ապագայի զբօսաշրջային ուղութիւններ 2017/18 – «Խմբագիրի ընտրութիւն»» մրցանակին (fDi Tourism Locations of the Future 2017/18 – Editor’s Choice Awards)` «Պատմամշակութային ժառանգութեան քաղաք» անուանակարգին մէջ:

«Քաղաքին մէջ պատմամշակութային զբօսաշրջութեան եւ հանգիստի ենթակառուցուածքներու ներդրողներուն համար կան բազմաթիւ հնարաւորութիւններ: «Էրեբունի» պատմահնագիտական արգելոցի թանգարանի վերականգնումը այդ հնարաւորութիւններէն մէկն է», նշած է պարբերականը:

Երեւանը բարձր գնահատուած է նաեւ Միջազգային համագործակցութեան անուանակարգին մէջ մրցանակի շնորհման քննարկումներուն ժամանակ` շնորհիւ օտարերկրացի ներդրողներու համար աշխարհի քարտէզին մէջ պատշաճ տեղ գրաւելուն ուղղուած ջանքերուն: Երեւանը կը համագործակցի աշխարհի աւելի քան 50 քաղաքներու հետ եւ կը հանդիսանայ ութ միջազգային կազմակերպութիւններու անդամ: Ներկայիս աշխատանքներ կը տարուին քոյր քաղաքներու եւ գործընկեր քաղաքներու հետ համագործակցութեան ընդլայնման ուղղութեամբ», եզրափակած է պարբերականը: