Երեւանի Աւագանիի Ընտրութիւններուն Մասնակցող Քաղաքական Ուժերը Կը շարունակեն Իրենց Քարոզարշաւը


Սեպտեմբեր 10ին սկսիզբ առած Երեւանի աւագանիի արտահերթ ընտրութիւններու քարոզարշաւը պիտի շարունակուի մինչեւ Սեպտեմբեր 21:

Ընտրարշաւի ընթացքին Երեւանի աւագանիի ընտրութիւններուն մասնակից քաղաքական ուժերը երեւանցիներուն՝ հանրահաւաքներու, բակային հանդիումներու ընթացքին եւ տարբեր միջոցառումներով կը ներկայացնեն իրենց նախընտրական ծրագիրները, հանդէս կու գան Երեւանի խնդիրներուն լուծում տալու սեփական տեսլականով:

Արտահերթ ընտրութիւններուն կը մասնակցի 12 քաղաքական ուժ: «Բարգաւաճ Հայաստան», «Ժառանգութիւն», ՀՅԴ, «Հայք», «Երկիր Ծիրանի», «Ռեֆորմիստներ», «Ժողովրդավարական ուղի», «Օրինաց երկիր» կուսակցութիւնները, «Իմ քայլը», «Երեւանցիներ», «Երեւանի հանրութիւն», «Լոյս» դաշինքները:

– «Ժառանգութիւն» կուսակցութիւնը ընտրութիւններուն կը մասնակցի «Ժպտա՛» կարգախօսով։  Կուսակցութեան 49 հոգինոց ցուցակը կը գլխաւորէ Րաֆֆի Յովհաննէսեան:

– «Լոյս» դաշինքի («Լուսաւոր Հայաստան»+«Հանրապետութիւն») կարգախօսն է՝ «Երեւան՝ լոյսի քաղաք»: Դաշինքի 111 հոգինոց ցուցակը կը գլխաւորէ Արդարադատութեան նախարար Արտակ Զէյնալեանը:

– «Գալա» եւ կանաչներու կուսակցութիւններու «Երեւանի Հանրութիւն» դաշինքը աւագանիի ընտրութիւններուն կը մասնակցի 47 հոգինոց ցուցակով, զոր կը գլխաւորէ ճարտարապետ Անահիտ Թարխանեան։ Դաշինքի ընտրութեան կարգախօսն է «Ի շահ հարազատ քաղաքի»։

– «Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութեան» քաղաքապետի թեկնածուն Ազգային ժողովի պատգամաւոր Նայիրա Զոհրապեանն է, կարգախօսը՝ «Բարեկարգ, հարմարաւէտ, կանաչ Երեւանս»։

– «Երկիր Ծիրանի» կուսակցութիւնը քաղաքապետի թեկնածուն  Զարուհի Փոստանջեանն է՝ «Արդարութիւն եւ օրէնք» կարգախօսով:

 – «Ժողովրդավարական Ուղի» կուսակցութիւնը «Երեւանը ես եմ, Երեւանը դու ես, Երեւանը մենք ենք» կարգախօսով  կը յաւակնի 50+1 ձայնի: Ցուցակը կը գլխաւորէ Մանուէլ Գասպարեանը` ԱԺ նախկին պատգամաւոր Մանուկ Գասպարեանի որդին:

– «Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութիւնը կը մասնակցի աւագանիի ընտրութիւններուն «Իմ քայլը» դաշինքով: Դաշինքի մէջ «Քաղաքացիական պայմանագիր»էն բացի ընդգրկուած են նաեւ «Առաքելութիւն» կուսակցութիւնը։ 170 հոգիէ բաղկացած ցուցակը  կը գլխաւորէ դերասան Հայկ Մարութեանը՝ կարգախօսը «Քա՛յլ արա, Երեւան»։

– Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը ընտրութիւններուն կը ներկայանայ 77 հոգինոց ցանկով: Ցուցակը կը գլխաւորէ Միքայէլ Մանուկեանը։ ՀՅԴ-ն հանդէս կու գայ «Միասին` յանուն Երեւանի» կարգախօսով: 

-Ռեֆորմիստներ կուսակցութեան քաղաքապետի թեկնածուն բեմադրիչ Արտակ Աւետեանն է։ Կուսակցութեան կարգախօսն է՝ «Կանաչ Երևան»։

– «Հայոց համազգային շարժում» եւ  «Հայոց Հայրենիք» կուսակցութիւններու «Երեւանցիներ» դաշինքը ցուցակը կը գլխաւորէ Արարատ Զուրաբեանը՝ «Միասի՛ն…» կարգախօսով։

«Օրինաց Երկիր» կուսակցութեան քաղաքապետի թեկնածուն Մհեր Շահգելդեանը հանդէս կու գայ «Մենք ենք ու մեր Երեւանը» կարգախօսով:

«Հայք» («Հայկազուններ») կուսակցութեանը՝ Գէորգ Յովսէփեանը։ Կուսակցութիւնը կարգախօս ընտրած է «Երեւանը՝ մարդկութեան մայրաքաղաք»։

Նշենք, որ Երեւանի աւագանիի անդամներուն թիւը 63 է: Երեւանի աւագանիի արտահերթ ընտրութիւնները տեղի պիտի ունենան Սեպտեմբեր 23ին:

Յիշեցնենք, որ «թաւշեայ յեղափոխութենէն» ետք, օրեր շարունակ ակտիւիստներ բողոցի ցոյցեր իրականացուցին՝ պահանջելով քաղաքապետ Տարօն Մարգարեանի հրաժարականը։ Ան  քաղաքապետի պաշտօնէն հրաժարական տուաւ Յուլիս 9ին։