Երեւանի Գլխաւոր Ճարտարապետ Նշանակուած Է Արթուր Մեսչեանը


“Թերթ”,- Հոկտեմբեր 21ին Երեւանի գլխաւոր ճարտարապետ  նշանակուած է  երգիչ, երգահան,  ճարտարապետ Արթուր Մեսչեան:

Այն հարցումին, թէ իրեն առաջարկած են Երեւանի գլխաւոր ճարտարապետի պաշտօնը, ան ըսած է. «Ինծի ոչ միայն առաջարկուած է, այլեւ ես վաղուընէ պիտի անցնիմ աշխատանքի: Ինծի նշանակելու մասին հրամանը կը հրապարակուի վաղը»:

Արթուր Մեսչեան 1996ին ՀՀ կառավարութենէն հրաւէր ստացած էր զբաղեցնելու Երեւանի գլխաւոր ճարտարապետի պաշտօնը: Միացեալ Նահանգներ բնակող Մեսչեան վերադառնալով Հայաստան կը  սկսի  իր գործունէութիւնը` որպէս գլխաւոր ճարտարապետ, սակայն 1997ի Փետրուարին կը հրաժարի իր պաշտօնէն եւ կը վերադառնայ  Պոսթըն:

Արթուր Մեսչեան Մատենադարանի նոր մասնաշէնքի, Կոմիտասի անուան զբօսայգիի պանթէոնին մէջ բացուած Կոմիտասի թանգարան-հիմնարկի ճարտարապետն է:

 2013ի Օգոստոս 8էն Երեւան քաղաքի գլխաւոր ճարտարապետն է Տիգրան Բարսեղեան: