Երեւանի Մէջ Բացուեցաւ Հայ Անուանի Երգչուհի Լուսինէ Զաքարեանի Տուն-Թանգարանը


Երեւանի Եզնիկ Կողբացի 42/3 հասցէին մէջ բացուեցաւ հայ երաժշտութեան զարգացման եւ պահպանման նուիրեալ, սոփրանօ Լուսինէ Զաքարեանի տուն-թանգարանը, ուր ներկայացուած են Զաքարեանի եւ անոր ամուսինին` բանասէր, շարականագէտ, մանկավարժ, ծիսագէտ եւ երգիչ Խորէն Պալեանի անձնական իրերը, փաստաթուղթերն ու նոթաները, նամակներ, գրադարանը եւ այլ ցուցանմուշներ:  Տուն-թանգարանի բացման հանդիսաւոր արարողութիւնը տեղի ունեցաւ երգչուհիին ծննդեան օրը` Յունիս 1-ին:

«1965 թուականին Պալեան հրաժարեցաւ հոգեւոր գործունէութենէն եւ անցաւ աշխարհիկ կեանք: Ան սկսաւ աշխատելու Երեւանի Պետական Համալսարանին մէջ։ Ես ալ համալսարանին մէջ կ՛աշխատէի: Այդ ժամանակներէն սկսած նուագակցած եմ անոր, ինչպէս նաեւ` Լուսինէ Զաքարեանին», կը պատմէ Զաքարեան ընտանիքի բարեկամ եւ թանգարանի տնօրէն Սուսաննա Դաւթեան: Ան կը շեշտէ, որ առ այսօր չի պատկերացներ Երեւանը առանց Լուսինէի եւ Խորէնի:  «Անոնք մեր բեմի զարդն էին ու նպաստեցին հայ հոգեւոր զարթօնքին»,  կ՛ընդգծէ Դաւթեան:

Խորէն Պալեանի եղբօրորդին՝  Րաֆֆի Պալեանի խօսքով՝ մեծ ջանքեր գործադրած են թանգարանը բանալու համար: «Ասիկա մեծ իրադարձութիւն է ոչ միայն Պալեան ընտանիքի, այլեւ հայ ժողովուրդի համար: Հպարտութեամբ հանրութեան կը յանձնենք մշակոյթի այս կեդրոնը, որ պէտք է ծառայէ հոգեւոր երաժշտութեան: Այստեղ պէտք է հնչեն Զաքարեանի եւ Պալեանի անզուգական ձայները` մարդոց, որոնք կրցան հայ հոգեւոր, տոհմիկ, միջնադարեան երաժշտութիւնը հասցնել բարձր մակարդակի», կ՛եզրափակէ ան:

Լուսինէ Զաքարեանի քոյրը` Լիւտմիլա Զաքարեանը կը փաստէ, որ բազմաթիւ երիտասարդներ այսօր չեն ճանչնար մեծ սոփրանոն: Ան յոյս կը յայտնէ՝ տուն-թանգարանը կրնայ նպաստել իր քրոջ թողած ժառանգութեան ճանաչման:

Այն բնակարանը, ուր արուեստագէտները ապրած են 1968-2007 թուականներուն տուն-թանգարանի վերածելու Խորէն Պալեանի ցանկութիւնը, իրագործած է անոր եղբօրորդին, բժիշկ Րաֆֆի Պալեանը, որուն ֆինանսաւորումով 2018-ին իրականացուած են վերանորոգման աշխատանքները: 2019-ին Գարեգին Բ․ կաթողիկոսի ֆինանսական աջակցութեամբ սկսած են տուն-թանգարանի ցուցադրական աշխատանքները: Հիւրասենեակը վերստեղծուած է այնպէս, ինչպէս անոնց կենդանութեան օրօք էր: Թանգարանիհաւաքածուի համալրման եւ այլ աշխատանքներուն աջակցած են Կոմիտասի թանգարան-հիմնարկը, Չարենցի անուան գրականութեան եւ արուեստի, Հայաստանի պատմութեան թանգարանները, Հայաստանի ազգային արխիւը, Հայաստանի հանրային հեռուստատեսութիւնը եւ ճարտարապետութեան ու շինարարութեան Հայաստանի ազգային համալսարանը: