Երիտասարդական Համերգ՝ Ի Նպաստ Արցախի Եւ Հայաստանի Կարիքաւոր Ընտանիքներուն


«Մենք Ենք Մեր Սարերը» ձեռնարկի մասնակից երիտասարդները խմբավար Հռիփսիմէ Թովմասեանի հետ, Դեկտեմբեր 8, Թորոնթօ:

«Թորոնթոհայ»,– Դետկեմբեր 8ին, երաժշտական անզուգական համերգ մը տեղի ունեցաւ, Հայ Երիտասարդական Կեդրոնի «Համազգային» թատերասրահին մէջ՝ հարիւրաւոր թորոնթոհայերու ներկայութեան:

Արդարեւ, բացառապէս թորոնթոհայ երաժշտասէր երիտասարդներէ կազմուած խմբակ մը հանդէս եկաւ հայկական ազգային, հայրենասիրական եւ ժողովրդական երգերու գեղեցիկ ծաղկաքաղով մը, որ սքանչացուց հանդիսատեսները, իսկ ձեռնարկէն ետք՝ խօսիլ տուաւ իր մասին: Աւելի գեղեցիկ էր նպատակը. ձեռնարկին հասոյթը ամբողջութեամբ փոխանցուեցաւ Թուֆէնքեան Հիմնադրամին՝ Արցախի մէջ զինուորներու բնակարանային կարիքներ հոգալու եւ Հայաստանի անապահով երեխաներուն օգնելու նպատակին:

Ձեռնարկին գաղափարը, ըստ կազմակերպողներուն, ծագած էր քանի մը ամիս առաջ, երբ Թորոնթոյէն խումբ մը հայ երիտասարդներ Հայաստան այցելութեան ընթացքին որոշած էին մեկնիլ Արցախ եւ ծանօթանալ ազատագրուած Քաշաթաղի գիւղերուն եւ բնակիչներուն իրավիճակին, ազատագրուած հողերու բնակիչներու առօրեային եւ ընդհանրապէս արցախցիներուն մասին:

Արցախ այցելողներու շարքին էր Մինէ Ծատուրեան, որ իր ընկերներուն հետ ծանօթացաւ սահմանները պաշտպանող զինուորներու, ազատագրուած հողերու վրայ ապրող գիւղացիներու, Քաշաթաղի Իշխանաձոր գիւղը հաստատուած սուրիահայերու:

Ներշնչուած այս բոլորէն՝ Թորոնթօ վերադառնալէ ետք, Մինէն եւ այլ երիտասարդ տաղանդներ՝ Լեւոն Քարակիւլեան, Նուէր Ղազարեան, Սեւակ Յարութիւնեան, Սէյրան Ղազարեան, Թորոս Մայտոսեան ու Դուին Գաթրճեան եւ պարուհի Անի Գրիգորեան քով-քովի եկան համոյթի մը համար՝ խմբավար Հռիփսիմէ Թովմասեանի ղեկավարութեամբ:

Կատարման օրը, «Մենք Ենք Մեր Սարերը» վերտառութեամբ ձեռնարկին ընթացքին երիտասարդ մեներգողները երգերը կատարեցին մեծ հաւատքով եւ խանդավառութեամբ՝ հայրենական ոգիով՝ պարուրելով Համազգայինի սրահը եւ պահ մը Հայրենիք փոխադրելով հանդիսատեսը:

Համերգին բացման խօսքով հանդէս եկան եւ համերգին ներշնչման եւ նպատակին մասին խօսեցան Թորոս Մայտոսեան եւ Լոռի Պէրպէրեան: Անոնք ներկայացուցին ձեռնարկին մասնակից երիտասարդները, որոնք միացնող ուժը հայ երգի հանդէպ սէրն ու Հայրենիքի ձեռք երկարելն էր:

Բեմին պատին՝ պաստառին վրայ արտասփռուող եւ երգերուն հետ համընկնող պատկերները յաւելեալ գոյն եւ կենդանութիւն տուին երիտասարդներուն հմայող ձայներով մատուցուած երգերուն: Անոնք միասնաբար կատարեցին ազգային հայրենասիրական 20 երգեր, որոնց շարքին էին «Կռունկ», «Հորովել», «Աղբերս ու Ես», «Սիրեմ Քեզ, Լիանամ» եւ մանաւանդ՝ Շարլ Ազնաւուրի անմահ երգերէն՝ «Քեզի Համար Հայաստան»:

15ամեայ Պէրպէրեան մէջընդմէջ բանաստեղծական իմաստային ներդաշնակ կտորներով շնորհալիօրէն ներկայացուց մատուցուող երգերը:

Համոյթին գեղագիտական գագաթնակէտը խմբային կատարումն էր՝ «Հայաստան Իմ Չքնաղ» եւ «Երեւանը Մենք Ենք» երգերուն, որոնք ընդելուզուած էին Անի Գրիգորեան պարային նազանքներով: Այս երկու երգերը հանդիսատեսին ներգրաւուածութիւնը խորացնելով՝ մղեցին ծափերով եւ երգելով միանալու երգիչներուն: Այսպիսով, անոնք յաջողեցան կտոր մը հայրենիք ստեղծել Թորոնթոյի թատերասրահին մէջ:  

Աւարտին՝ Թուֆէնքեան Հիմնադրամին գործադիր տնօրէն Ռաֆֆի Տուտագլեան հակիրճ կերպով ներկայացուց Հիմնադրամին գործունէութիւնը Արցախի ազատագրուած տարածքներուն մէջ եւ իր անձնական դիպուկ փորձառութիւնները՝ վիրաւոր կամ զոհուած զինուորներուն ընտանիքներուն հետ: Ապա դրուատեց եւ օրինակելի գտաւ երիտասարդներու այս ձեռնարկը, որուն հասոյթը մեծ օգնութիւն է Արցախի զինուորներուն եւ Հայաստանի մանուկներուն համար:

Իւրայատուկ նախաձեռնութիւն մըն էր ասիկա. հայ երիտասարդներու երգի շուրջ համախմբուիլը, իսկ ձեռնարկին հասոյթը (շուրջ 5000 տոլար) հայրենիքի մէջ կարիքաւորներուն եւ Արցախի զինուորներուն ընտանիքներուն նուիրելը գնահատանքի արժանի է:

Կ՛ապրինք մեր հայրենակիցներու առօրեայէն հազարաւոր մղոններ հեռու, յաճախ անտեղեակ՝ անոնց մտահոգութիւններէն եւ կարիքներէն: Նման նախաձեռնութիւններ մեզ քայլ մը աւելի կը մօտեցնեն մեր հայրենի գոյավիճակին եւ հաղորդակից կը դարձնեն անոր այսօրուան իրականութեան:

Մինէ Ծատուրեան ելոյթի պահուն։

Հանդիսավարներ՝ Թորոս Մայտոսեան եւ Լոռի Պէրպէրեան:

Անի Գրիգորեան հեզաճկուն շարժումներով կ՛ընկերակցի երգերուն: