Եւրոմիութիւնը Պատրաստ է Ստորագրելու Հայաստանի Հետ Նոր Համապարփակ եւ Ընդլայնուած Գործընկերութեան Համաձայնագիրը. Եոհաննէս Հան


Այս տարին կարեւոր տարի է Եւրոմիութիւն-Հայաստան յարաբերութիւններուն համար, եւ Եւրոմիութիւնը պատրաստ է ստորագրելու Հայաստանի հետ նոր Համապարփակ եւ ընդլայնուած գործընկերութեան համաձայնագիրը, յայտարարած է Եւրոպական հարեւանութեան քաղաքականութեան եւ ընդլայնման բանակցութիւններու հարցերով յանձնակատար Եոհաննէս Հան Հայաստան իր այցին ընդառաջ:

«Սա շատ կարեւոր տարի է Եւրոմիութիւն-Հայաստան յարաբերութիւններուն համար, քանի որ մենք կ՛ընդլայնենք եւ կը խորացնենք մեր համագործակցութիւնը փոխադարձ շահերու հիման վրայ: Եւրոպական Միութիւնը պատրաստ է ստորագրելու Հայաստանի հետ նոր Համապարփակ եւ ընդլայնուած գործընկերութեան համաձայնագիրը, որ պիտի ձեւաւորէ մեր համագործակցութիւնը, որու ծիրէն ներս կը պատրաստուինք ներդրում կատարելու, ի թիւս այլ ոլորտներու, կրթութեան եւ նորարարութեան ոլորտին մէջ, քանի որ հմտութիւններու զարգացումը առանցքային պիտի ըլլայ Հայաստանի ապագայի համար: Իմ այցը նաեւ նախապատրաստութիւն պիտի ըլլայ Արեւելեան գործընկերութեան յաջորդ գագաթնաժողովի համար` Հայաստանի քաղաքացիներու առօրեայ կեանքին մէջ շօշափելի օգուտներ բերելու նպատակ ունեցող «2020 թուականի 20 արդիւնքներ»ու ուղղութեամբ մեր համատեղ յառաջընթացի մասին քննարկումներուն միջոցով» ըսած է Հան: