Զարեհ Սինանեան Հայաստանի Կառավարութեան Մէջ Պաշտօն Ստանձնելու Համար Կը Հրաժարի Կլենտէյլի Քաղաքապետական Խորհուրդէն


ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Կլենտէյլի քաղաքապետարանը կը տեղեկացնէ, թէ Ուրբաթ, Յունիս 7-ին, Կլենտէյլի քաղաքապետական խորհուրդի անդամ Զարեհ Սինանեան հրաժարական տուաւ իր պաշտօնէն, որպէսզի կարենայ Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան մէջ բարձրաստիճան պաշտօն մը ստանձնել։

Կլենտէյլի քաղաքապետ Արա Նաճարեան շնորհակալութիւն յայտնեց Սինանեանին՝ Կլենտէյլին մատուցած անոր ծառայութիւններուն համար՝ աւելցնելով, որ այժմ կը քննուին անոր թափուր ձգած աթոռը լեցնելու կարելիութիւնները։

Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի Կլենտէյլի մասնաճիւղի ատենապետ Ռանի Ղարիպեան այս առթիւ յայտնեց, որ յանձնախումբը հաճոյքով աշխատած է քաղաքապետական խորհուրդի անդամ Զարեհ Սինանեանի հետ եւ անոր ընտրութեան առաջին օրէն մինչեւ կառուցողական եւ ջերմ յարաբերութիւններ ունեցած անոր հետ: Հայ Դատի յանձնախումբը նաեւ հպարտ է, որ առաջին ընտրապայքարի օրերէն սկսեալ կանգնած եղած է Սինանեանի կողքին:

«Մենք շնորհակալութիւն կը յայտնենք պարոն Սինանեանին իր նուիրեալ ծառայութեանց համար եւ յաջողութիւն կը մաղթենք անոր նոր պատասխանատուութեանց մէջ: Մենք վստահ ենք, որ մեր հայրենիքին ծառայելու իր նոր առաքելութեան ճամբուն վրայ մեր սերտ յարաբերութիւնները պիտի շարունակուին: Մենք նաեւ պատրաստակամութիւն կը յայտնենք՝ համագործակցելու Կլենտէյլի քաղաքապետական խորհուրդի ամբողջ կազմին, ինչպէս նաեւ Սինանեանը փոխարինող անձին հետ», ըսաւ Ղարիպեան:

Զարեհ Սինանեան առաջին անգամ 2013-ին ընտրուած էր Կլենտէյլի քաղաքապետական խորհուրդի անդամ եւ վերընտրուած էր 2017-ին։ Ան երկու առիթներով ստանձնած է քաղաքապետի պաշտօնը՝ 2014-2015-ին եւ 2018-2019 տարեշրջաններուն։ Ան ներկայիս նաեւ նախագահն է Հոլիվուտ-Պըրպենք օդակայանի տնօրէնութեան։

Մամուլին մէջ հրապարակուած են Սինանեանի՝ Հայաստանի կառավարութեան մէջ պաշտօնավարման մասին լուրեր, ըստ որոնց, ան նկատի առնուած է՝ վարելու Սփիւռքի յանձնակատարի պարտականութիւնը: