Զբօսաշրջութեան Համաշխարհային Կազմակերպութիւնը Հայաստանը Ներառած է Աշխարհի Ճամբորդութեան Համար Լաւագոյն 20 Վայրերու Ցանկին Մէջ


«Travel and Leisure»․- Զբօսաշրջութեան համաշխարհային կազմակերպութիւնը (UNWTO) հրապարակած է աշխարհի ճամբորդութեան համար լաւագոյն 20 վայրերու ցանկը: Հայաստան ներառուած է այս ցանկին մէջ: 

Կազմակերպութիւնը կ՛ուսումնասիրէ միջազգային այցելուները եւ կը ներկայացնէ տեղեկութիւն, թէ որ պետութիւնները կը հետաքրքրեն կը ներկայացնեն զբօսաշրջիկներու համար: Անցեալ տարի զբօսաշրջիկներու մեծ հոսք նկատուած է նաեւ դէպի Հայաստան:

«Իր  երկարամեայ պատմութեան ընթացքին (աւելի քան 3000 տարի) Հայաստան կը տառապի  հակամարտութեան  պատճառով: Սակայն  իրավիճակը կայունացած է, անցեալ տարի զբօսաշրջութեան ոլորտի մէջ 18 տոկոսով աճ արձանագրուած է:  Ան աշխարհի մէջ առաջին քրիստոնէական պետութիւնն է, եւ զբօսաշրջիկներուն ամենաշատը կը գրաւեն այնտեղի հազարամեակներու պատմութիւն ունեցող վանքերը», գրած է աղբիւրը:

Նաեւ կը նշուի, որ հակառակ երկարատեւ հակամարտութիւններուն, Միջին Արեւելքի պետութիւններուն մէջ` Եգիպտոս, Թունիս,  նոյնպէս զբօսաշրջիկներու մեծ հոսք կայ: