Էլթոն Ճոն Իր Հիմնադրամի Երեկոյթին Պիտի Ներկայացնէ Ցեղասպանութեան Մասին Պատմող The Promise Ֆիլմը


«Արմենփրես»․- Աշխարհահռչակ երգիչ Էլթոն Ճոն իր հիմնադրամի երեկոյթին պիտի ներկայացնէ Հայոց Ցեղասպանութեան մասին պատմող The Promise ֆիլմը, կը հաղորդէ Էլթոն Ճոնի հիմնադրամը։

Փետրուար 26­ին պիտի կայանայ երեկոյթը, որուն պիտի մասնակցի նաեւ  հիմնադրամի նախագահ Տէյվիտ Ֆուրնիշը:

«Մեզի համար բաւական է միայն տեսնել ՄԻԱՒ/Ձիահ­ի (AIDS) համաճարակի տարածման ընթացքը 1990ականներու կէսերուն Ռուանտայի ցեղասպանութենէն ետք, որպէսզի հասկնանք մարդու իրաւունքներու կոպիտ խախտումներուն եւ վայրագութիւններու ու հանրային առողջութեան ճգնաժամին կապը: Մանուկեաններու ընտանիքի եւ արտադրող Էրիք Էսրայէլեանի հետ ընկերութեան իբրեւ արդիւնք ես եւ Տէյվիտը աւելի շատ տեղեկացած են Հայոց Ցեղասպանութեան եւ այսօր հասարակական կեանքի վրայ անոնց ազդեցութեան մասին»,­ ըսած է Էլթոն Ճոն:

Ան աւելցուցած է, որ The Promise ֆիլմը կ՝արտացոլէ, թէ ինչպէս կարելի է յիշել անցեալի վայրագութիւնները եւ սորվիլ սխալներու վրայ: «Մենք լի ենք վճռականութեամբ այս հրաշալի ֆիլմին մասին տեղեկատուութիւն տարածելու հարցով, որպէսզի ստիպենք մարդոց անմիջապէս գործելու: Մենք պատիւ ունինք մեր երեկոյին ընթացքին ձեզի ներկայացնելու The Promise ֆիլմը», ըսած է երգիչը:

Էլթոն Ճոնի հիմնադրամի նախագահ Տէյվիտ Ֆուրնիշ, իր հերթին, ընդգծած է, որ իրենց համար մեծ պատիւ է հիմնադրամի շարժանկարի ակադեմիայի մրցանակաբաշխութեան ծիրէն ներս ներկայացնել մեծ բարերար Քըրք Քըրքորեանի միջոցներով նկարահանուած ֆիլմը: