Էրտողանի Ամբաստանուած Թիկնապահները Կրնան 15 Տարուան Բանտարկութեան Դատապարտուիլ


“Ասպարէզ”.- Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ Օգոստոս 29ին, մայրաքաղաք Ուաշինկթընի մէկ ատեանը, ատելութեան հիման վրայ ոճրագործութեամբ ամբաստանեց 19 հոգի, ներառեալ՝ Թուրքիոյ նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողանի 15 թիկնապահները, որոնք Մայիս 16ին խաղաղ ցուցարարներու դէմ բռնարարքներ գործեցին։

Ատելութեան հողի վրայ յարձակում իրականացնելու յանցանքով, ամբաստանեալները կրնան մինչեւ 15 տարուան բանտարկութեան դատապարտուիլ:

Դատախազը յայտարարեց, որ նշեալ 19էն 16ը արդէն իսկ ամբաստանուած էին անցեալ Յունիսին, իսկ Օգոստոս 29ին անոնց թիւը երեքով աւելցաւ, երբ աւելցան Էրտողանի երեք այլ թիկնապահներու անունները։

Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի հաղորդակցութեան վարիչ Էլիզապէթ Ջուլճեան յայտարարած է, որ նոր ամբաստանութիւններուն առաջադրումը կարեւոր քայլ մըն է արդարութեան հաստատման ճամբուն վրայ։

«Արդէն ժամանակն է պահանջելու, որ Էրտողանի թիկնապահները անյապաղ արտայանձնուին եւ Թուրքիոյ հանրապետութիւնը փոխհատուցում վճարէ այս սարսափելի յանցագործութենէն տուժածներուն», աւելցուցած է Ջուլճեան։ Ան շեշտած է նաեւ, որ եթէ Էրտողան չկատարէ արդարութեան հաստատման ուղղութեամբ այս քայլերը, ապա ամերիկեան իշխանութիւնները պէտք է արտաքսեն Միացեալ Նահանգներու մօտ Թուրքիոյ դեսպանը եւ այլ պատժամիջոցներ որդեգրեն:

Ցարդ ձերբակալուած են մեղադրեալներէն միայն երկուքը, որոնց դէմ բացուած դատին առաջին նիստերը տեղի պիտի ունենան Սեպտեմբեր 7ին:

Յիշեցնենք, որ Յունիս 6ին, Ներկայացուցիչներու տունը դատապարտեց թրքական այս բռնարարքը, իսկ Յուլիս 14ին վաւերացուց քոնկրեսական Տէյվ Թրաթի առաջադրած՝ Էրտողանի թիկնապահներուն արդիական զէնքեր ծախելու ծրագիրը կասեցնելու մասին յաւելուածը:

Յուլիս 19ին, թրքական այդ վայրագութիւնն ու ազատ արտայայտուելու իրաւունքին կարեւորութիւնը լուսարձակի տակ առնելու նպատակով Հայ Դատին կազմակերպած հաւաքին, որ կը կրէր «Նեցո՛ւկ կանգնէ ազատ արտայայտուելու իրաւունքին» խորագիրը, մասնակցած էին շարք մը քոնկրեսականներ, ներառեալ՝ Տանա Ռորպախըր, Թետ Փօ, Թամ Լանթոս, Ճիմ ՄըքԿաւըրն, Ճիմ Քոսթա եւ Ճան Սարպէյնզ, ինչպէս նաեւ՝ քրտական, հայկական, եզիտի, ասորական եւ քրիստոնէական շարք մը կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ: Ընթացքին, քոնկրեսականները շեշտած էին, թէ Էրտողան պէտք է պաշտօնապէս ներողութիւն խնդրէ այս բռնարարքներուն համար, միաժամանակ պահանջած էին, որ Թուրքիա անյապա՛ղ ամերիկեան իշխանութիւններուն յանձնէ ամերիկացի քաղաքացիներուն վրայ յարձակած թիկնապահները:

Նոր ամբաստանութեան մասին «Էն.Պի.Սի.» կայանին հետ Էլիզապէթ Ջուլճեանի զրոյցը կարելի է դիտել https://youtu.be/AW6w04mD_AM կայքէջին վրայ։