Էրտողանի Թիկնապահները, Ծեծելով Ցուցարարները, Ամրապնդեցին «Սարսափելի Թուրք»ի Կերպարը


Յարութ Սասունեան


Ինչպէս հայերը, այնպէս ալ այլ ազգեր վշտացած եւ վրդովուած էին` դիտելով յարձակման տեսանիւթերը տասնմէկ ցուցարարներու վրայ, որոնք վիրաւորուած էին Մայիս 16ին, Ուաշինկթընի մէջ Թուրքիոյ դեսպանատան առջեւ, նախագահ Էրտողանի անվտանգութեան աշխատակիցներու հարուածներէն, ծեծուջարդէն եւ շնչահեղձ ընելէն ետք: Ցաւօք, հազարաւոր թուրքեր անամօթաբար մեկնաբանութիւններ տեղադրած էին Twitterի մէջ` արտայայտելով իրենց հրճուանքը թուրք թիկնապահներու կողմէ հայերուն, ասորիներուն, քիւրտերուն, յոյներուն եւ եզտիներուն արիւնլուայ ընելուն համար…

Այս դաժան ծեծկռտուքը աւելի մեծ վնաս հասցուց Թուրքիոյ վարկանիշին՝ Միացեալ Նահանգներու եւ ամբողջ աշխարհի մէջ, քան միւս գազանութիւնները, որոնք վերջերս իրականացուած էին Թուրքիոյ մէջ թուրք զինուորներու, ոստիկաններու եւ անվտանգութեան աշխատակիցներու կողմէ: Թուրք ժխտողականները անընդհատ կը բողոքեն, որ Հայոց Ցեղասպանութեան հարցով հայկական «քարոզչութիւնը» կ՝արատաւորէ թուրքերուն համբաւը ամբողջ աշխարհի մէջ՝ անտեսելով այն փաստը, որ նոյնինքն թուրքերը խաթարած են իրենց սեփական կերպարը` իրականացնելով սարսափելի զանգուածային յանցագործութիւններ:

Իրականութեան մէջ, թուրք թիկնապահները՝ խաղաղ ցուցարարներու վրայ Մայիս 16ի նողկալի յարձակումով՝ շատ աւելին ըրին ամրապնդելու «սարսափելի թուրք»ի կերպարը, քան ըրած էին հայերը կամ ուրիշներ: Թրքական կառավարութիւնը ամէն տարի միլիոնաւոր տոլարներ կը ծախսէ հանրային կապերու հարցերով զբաղող ընկերութիւններուն վճարելու համար` Թուրքիան աշխարհին հնարաւորինս լաւագոյն լոյսի ներքոյ ներկայացնելու համար: Սակայն, վերջին միջադէպը, որ դատապարտեցին Քոնկրեսի բազմաթիւ անդամներ եւ լայնօրէն լուսաբանուեցաւ ամբողջ աշխարհի լրատուամիջոցներուն կողմէ, այն աստիճան սեւցուց Թուրքիոյ համբաւն ու անոր ինքնակալ նախագահ Էրտողանը, որ քարոզչութեան վրայ նոյնիսկ 100 միլիոն տոլար ծախսելով՝ հնարաւոր չէ ետ շրջել անոնց վարկանիշին հասցուած վնասը:

Ահա Քոնկրեսի անդամներու խիստ մեկնաբանութիւններէն քանի մը օրինակ.

Ծերակոյտի զինուած ուժերու հարցերով յանձնաժողովի նախագահ, ծերակուտական Ճոն ՄաքՔէյն (հանրապետական, Արիզոնա), ըսած է ABC Nightly Newsին եւ MSNBCին` «պէտք է դուրս շպրտենք (Թուրքիոյ) դեսպանը Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներէն…»:

Բացի այդ, ծերակուտական ՄաքՔէյն եւ Ծերակոյտի հետախուզութեան յանձնաժողովի դեմոկրատական կուսակցութեան ներկայացուցիչ՝ ծերակուտական Տայեան Ֆայնշթէյն (դեմոկրատ, Քալիֆորնիա), համատեղ նամակ յղած են Էրտողանին` պահանջելով ներողութիւն խնդրել:

Չորս հանրապետական ​ծերակուտականներ` Մարքօ Ռուպիօ (Ֆլորիտա), Թոմ Քոթըն (Արիզոնա), Մայք Լին (Եութա) եւ Թետ Քրուզ (Թեքսաս) հանդէս եկած են համատեղ յայտարարութեամբ` թրքական կառավարութենէն պահանջելով անյապաղ ներողութիւն խնդրել:

Դատապարտող յայտարարութիւններով հանդէս եկած են նաեւ Ծերակոյտին մէջ դեմոկրատներու ղեկավար Չաք Շումեր (դեմոկրատ, Նիւ Եորք), ծերակուտական Շելտըն Ուայթհաուս (դեմոկրատ, Ռոտ Այլընտ), ծերակուտական Ճէք Ռիտ (դեմոկրատ, Ռոտ Այլընտ), ծերակուտական Պէն Քարտին (դեմոկրատ, Մերիլենտ), ծերակուտական Փաթրիք Լիհի (դեմոկրատ, Վերմոնդ) եւ ծերակուտական Պէն Սաս (հանրապետական, Նեպրասքա):

Ներկայացուցիչներու պալատի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովի նախագահ Էտ Ռոյս նամակ յղած է պետական քարտուղար Ռէքս Թիլըրսընին եւ գլխաւոր դատախազ Ճէֆ Սեշնսին, յայտարարելով` «օտար կառավարութիւններու գործակալները պէտք չէ անձեռնմխելի ըլլան յանցաւոր գործունէութեան համար քրէօրէն հետապնդուելու հարցով»:

Ներկայացուցիչներու պալատի քանի մը անդամ եւս հանդէս եկած են թրքական յարձակումը դատապարտող յայտարարութիւններով. Տօն Պրէյըր (դեմոկրատ, Վիրճինիա), Էտըմ Շիֆ (դեմոկրատ, Քալիֆորնիա), Սթենի Հոյըր (դեմոկրատ, Մերիլէնտ), Ֆրենք Փալոուն (դեմոկրատ, Նիւ Ճըրզի), Տէյվ Թրոթ (հանրապետական, Միչիկըն), Տէյվիտ Վալատաօ (հանրապետական, Քալիֆորնիա), Պրէտ Շերմըն (դեմոկրատ, Քալիֆորնիա), Ճէյմս Մաքկովըրն (դեմոկրատ, Մասաչուսէթս), Ճիմ Գոսթա (դեմոկրատ, Քալիֆորնիա ), Զոյէ Լեֆկրին (դեմոկրատ, Քալիֆորնիա), Ռոն Տեսանդիս (հանրապետական, Ֆլորիտա), Թալսի Կապարտ (դեմոկրատ, Հաուայ), Թէտ Տոյչ (դեմոկրատ, Ֆլորիտա) եւ Գոլումպիոյ շրջանի պատուիրակ Էլիանորա Հոլմս Նորթըն:

ՄԱԿի մէջ Միացեալ Նահանգներու նախկին դեսպան Սամանթա Փաուըր Twitterի իր էջին գրած է. «Ակնյայտ է, որ Էրտողանի թիկնապահները ամբողջութեամբ կը զգան իրենց անպատժելիութիւնը` օգտագործելով բռնաճնշումներու այն գործիքները, որոնք կը կիրառեն իրենց երկրին մէջ եւ իմանալով, որ ան կանգնած է իրենց թիկունքին, անկախ անկէ, թէ ինչ ըրած են»:

Բացի այդ, ե՛ւ Ուաշինկթընի քաղաքապետը, ե՛ւ ոստիկանութեան պետը դատապարտած են երկրի մայրաքաղաքին մէջ տեղի ունեցած կատաղի յարձակումը` Սպիտակ տան մէջ նախագահ Թրամփի հետ Էրտողանի հանդիպումէն քիչ անց:

Պետական քարտուղար Ռէքս Թիլըրսըն յայտնած է FOX newsին, որ թրքական յարձակումը «պարզապէս անընդունելի է» եւ անիկա հետաքննութեան տակ է: Ուաշինկթընի մէջ Թուրքիոյ դեսպան Սերտար Քըլըչ կանչուած է Պետական քարտուղարութիւն՝ պետական քարտուղարի տեղակալ Թոմաս Շէնընի կողմէ: Պետական քարտուղարութիւնը տարածած է յայտարարութիւն`  թրքական կառավարութիւնը դատապարտելով «հնարաւոր ամենախիստ արտայայտութիւններով»: Wall Street Journalը հաղորդած է, որ Պետական քարտուղարութիւնը «ուղիներ կ՝ուսումնասիրէ արգելափակելու Էրտողանի թիկնազօրի անդամներուն մուտքը Միացեալ Նահանգներ»: Ասիկա նուազագոյնն է, որ ԱՄՆ կառավարութիւնը պէտք է ընէ… որքան ալ տարօրինակ է, բայց դեսպան Քըլըչ՝ բախումները կանխել փորձող ոստիկաններուն ըսած է. «Դուք չէք կրնար մեզի ձեռք տալ», ակնարկելով հնարաւոր դիւանագիտական ​​անձեռնմխելիութիւնը, որ տրուած է թրքական յատուկ անձնախումբի որոշ անդամներու: Անհաւատալի է, որ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը կանչած է Անգարայի մէջ ԱՄՆ դեսպանը եւ բողոքի գիր ներկայացուցած է Ուաշինկթընի մէջ ոստիկանութեան պահուածքին համար…

Այս յարձակման առաւել լուրջ կողմը «Ամերիկայի ձայն»ի (թրքական լրատուական ծառայութիւն) կողմէն Էրտողանը տեսանկարահանելու փաստն է, երբ ան  ցուցարարներու վրայ յարձակուելու հրահանգ տուած է իր անվտանգութեան յատուկ անձնախումբին, կը տեղեկացնէ «Ուաշինկթըն փոսթ»ը: Ցաւօք, ասիկա առաջին դէպքը չէ, որ Էրտողանի թիկնապահները կը ներքաշուին ծեծկռտուքի մէջ` ծեծելով կամ սպառնալով մարդոց անոր արտասահմանեան ուղեւորութիւններու ընթացքին:

2009ին, այն ժամանակ վարչապետ Էրտողանի անվտանգութեան աշխատակիցները ծեծկռտուքի մէջ ներքաշուած էին նախագահ Օպամայի գաղտնի ծառայութեան գործակալներու հետ:

2011ին, Էրտողանի թիկնապահները կոտրած էին Միաւորուած Ազգերու անվտանգութեան աշխատակիցին կողերը, Նիւ Եորքի մէջ ՄԱԿի կեդրոնական գրասենեակին մէջ յարձակման ժամանակ:

2014ին, թրքական անվտանգութեան ծառայողները Նիւ Եորքի մէջ սպառնացած եւ հրմշտկած էին լրագրողները, որոնք կ՝աշխատէին Էրտողանի հանդէպ ոչ բարեկամական թերթի մը մէջ:

2015ին, Պրիւքսէլ կատարած այցին ժամանակ, Էրտողանի թիկնապահները յարձակած էին պելճիքական կառավարութեան թիկնապահին վրայ:

Փետրուար 2016ին, Էրտողանի թիկնապահները յարձակած էին երեք կնոջ վրայ, որոնք կը բողոքէին Բարձրագոյն ուսումնասիրութիւններու ազգային ուսումնարանին մէջ անոր ունեցած ելոյթին դէմ Գիթոյի մէջ, Ուրուկուէյ: Թուրքիոյ անվտանգութեան աշխատակիցները նաեւ ջարդած էին Էքուատորի խորհրդարանի պատգամաւորի քիթը, որ փորձած էր միջամտել: Էրտողանը ամբարտաւանօրէն արդարացուցած էր յարձակումը. «Միշտ պէտք է համապատասխան արձագանգներ ըլլան անքաղաքավարի մարդոց կարգի հրաւիրելու համար»: Էքուատորի խորհրդարանի փոխխօսնակ Ռոզանա Ալվարատոն արձագանգած էր. «Մենք չենք ուզեր Էրտողանը կրկին տեսնելու մեր երկրին մէջ…»:

Մարտ 2016ին, Էրտողանի թիկնապահները յարձակած էին լրագրողներու եւ ցուցարարներու վրայ Ուաշինկթընի մէջ Պրուքինկս հաստատութենէն դուրս, ուր թուրք ղեկավարը հրաւիրուած էր ելոյթ ունենալու համար:

National Review Onlineի սիւնակագիր Թոմ Ռոկան, վերոնշեալ յարձակումներէն քանի մը հատը թուարկելէ ետք, եզրակացուցած է. «քանի որ Էրտողան կեդրոնացուցած է իշխանութիւնը եւ կը յարձակի իր ընդդիմադիրներուն վրայ, TPPDն (Թուրքիոյ  նախագահական պաշտպանութեան վարչութիւն) իրաւապահ մարմինէն կերպարանափոխուած է կատարեալ պանտիթիզմի»:

Թուրքիայէն երկար ժամանակ պիտի պահանջուի, որպէսզի վերականգնէ հարիւրաւոր ամերիկեան թերթերու, հեռուստաընկերութիւններու եւ կայքերու բացասական տեղեկատւութեան հեղեղը, ներառեալ «Ուաշինկթըն փոսթ»ի մէջ հրապարակուած ջախջախիչ խմբագրականի քննադատութիւնները: Անտըրս Քոր գրելով Forbes ամսագիրին մէջ, առաջարկած է, որ «յաջորդ անգամ, երբ Թուրքիան քաղաք գայ, զօրաշարժի ենթարկել յատուկ նշանակութեան ոստիկանութեան ուժերը` Էրտողանի պանտիթական ​​թիկնապահներուն վերահսկելու համար, եթէ անոնք չափը անցնին»: «Նիւ Եորք թայմս»ի խմբագրական մը դիպուկ նկարագրած է Մայիս 16ի յարձակումը. «Պարոն Էրտողանի այցի մնայուն պատկերը պիտի չըլլայ Սպիտակ տան արարողութիւնը, այլ անոր թիկնապահներու եւ միւս աջակիցներուն կողմէ ցուցարարներու ծեծուջարդը Թուրքիոյ դեսպանի նստավայրէն դուրս»:

Էրտողանի թիկնապահները ի ցոյց դրին իրենց բնորոշ յանցագործ վարքագիծը ամբողջ աշխարհի առջեւ: Միացեալ Նահանգներու մէջ անոնք իրենց այնպէս պահեցին, ինչպէս սովորաբար կը պահեն Թուրքիոյ մէջ…

Երկու թուրք լրագրող, որոնք կը գրեն անկախ  Al-Monitor կայքին մէջ, շատ ճիշդ բնութագրած են Էրտողանի թիկնապահներու հետ կապուած վերջին տհաճ միջադէպը. «Ուաշինկթըն կատարած այցը աւարտեցաւ Թուրքիոյ կերպարը ծաղրող տեսարաններով», գրած է Ֆեհիմ Թաշթեքինը: Փինար Թրեմպլէյը աւելցուցած է. «Էրտողանի անվտանգութեան աշխատակիցները վատ համբաւ ձեռք բերած են ամբողջ աշխարհի մէջ ցուցարարներու վրայ յարձակումներուն համար, ատով իսկ ներկայացնելով Թուրքիոյ դաժան դէմքը, որ չէր կրնար իրագործել ոչ մէկ հակաթրքական լոպպիի մէկ օրուան ընթացքին»: