Էրտողան Իր Ինքնաշարժէն Հետեւած է Խաղաղ Ցուցարարներուն Վրայ Յարձակումին (տեսանիւթ)


Համացանցին մէջ յայտնուած է նոր տեսանիւթ մը, ուր կ՛երեւի, թէ ինչպէս Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան կը հետեւի Ուաշինկթընի մէջ խաղաղ ցուցարարներուն վրայ յարձակումին: Դէպքը տեսագրուած է «Ամերիկայի ձայն»ին կողմէ:

Տեսանիւթին մէջ պարզ կ՛երեւի, որ Էրտողան նախ որոշ ժամանակ իր ծառայողական ինքնաշարժին մէջէն կը հետեւի խաղաղ ցուցարարներուն դէմ կազմակերպուած յարձակումին, ապա դուրս կու գայ ինքնաշարժէն եւ կը շարունակէ դիտել բախումը: Այնուհետեւ ան կը մտնէ Թուրքիոյ դեսպանատուն, որուն մօտ տեղի կ՛ունենար ցոյցը:

Յիշեցնենք, որ Մայիս  16ին  Միացեալ Նահանգներու հայ, քիւրտ, ասորի եւ եզիտի համայնքներու ներկայացուցիչները ցոյց կազմակերպած էին Ուաշինկթընի մէջ`  բողոքելով Էրտողանի Միացեալ Նահանգներ այցի եւ նախագահ Տանըլտ Թրամփի հետ հանդիպման դէմ: Էրտողանի թիկնապահները յարձակած են խաղաղ ցուցարարներուն վրայ եւ դաժանօրէն ծեծի ենթարկած, որուն հետեւանքով վիրաւորուած է 9 ցուցարար:

Միացեալ Նահանգներու ներկայացուցիչներու պալատի անդամ Էտ Ռոյս պահանջած է պատասխանատուութեան ենթարկել բախումը հրահրած Թուրքիոյ նախագահին թիկնապահները: Անհանդուրժողականութեան դրսեւորում հանդիսացող այս դէպքը դատապարտուած է նաեւ շարք մը այլ Միացեալ Նահանգներու բարձրաստիճան պաշտօնեաներու կողմէ: