Էրտողան Կը Խոստովանի, Որ Թուրքիան… Օսմանեան Կայսրութեան «Շարունակութիւն»ն է


Յարութ Սասունեան


Տասնամեակներ շարունակ թուրք պաշտօնեաները հերքած են Հայոց Ցեղասպանութեան իրողութիւնը: Սակայն, վերջին տարիներուն որոշ թուրքեր կ՛արդարանային, որ այսօրուան Թուրքիոյ Հանրապետութիւնը պատասխանատու չէ Հայոց Ցեղասպանութեան համար, քանի որ անիկա իրականացուած է այժմ գոյութիւն չունեցող Օսմանեան կայսրութեան կողմէ:

Հարցը այս պատճառաբանութեամբ այլեւս չի դրուիր, թէ ցեղասպանութիւն իրականացուած է, թէ ոչ, այլ թէ ո՛վ է պատասխանատու ատոր համար: Անոնք, որոնք կ՛օգտագործեն այս հիմնաւորումը, կը պնդեն, որ Թուրքիոյ Հանրապետութիւնը  Օսմանեան կայսրութեան ոչ իրաւայաջորդն է, ոչ ալ շարունակութիւնը, այլ նոր եւ անջատ պետութիւն մը…

Այս փաստարկը աստիճանաբար թուլացաւ, երբ նախագահ Էրտողան սկսաւ խօսելու եւ գործելու իբրեւ օսմանեան սուլթան… Երկու շաբաթ առաջ Թուրքիոյ ղեկավարը աւելի բարդացուց իրավիճակը իր երկրի համար, երբ, ըստ լոնտոնեան «Թայմս» թերթին, պնդեց, որ «ժամանակակից Թուրքիան Օսմանեան կայսրութեան «շարունակութիւն»ն է` ուղղակի հակասելով Աթաթուրքի գաղափարախօսութեան, որ մերժած էր կայսերական դարաշրջանը իբրեւ յետամնաց, հինցած, որ պէտք է անտեսուի ու մոռցուի, այլ ոչ թէ փառաբանուի»:

Յայտարարելով, որ Թուրքիան Օսմանեան կայսրութեան «շարունակութիւն»ն է, Էրտողան փաստօրէն կ՛ընդունի, որ Թուրքիան պատասխանատու է Օսմանեան կայսրութեան գործողութիւններուն համար: Այլ կերպով ըսած, Թուրքիոյ Հանրապետութիւնը, որ ժառանգած է Օսմանեան կայսրութեան ունեցուածքը, ժառանգած է նաեւ անոր պարտաւորութիւնները…

Օսմանեան կայսրութեան նկատմամբ իր հաւատարմութիւնը հաստատելու համար այս ամսուան սկիզբը Էրտողան մասնակցած է սուլթան Ապտուլ Համիդ 2-րդի (յայտնի «Կարմիր սուլթան» մականունով) մահուան հարիւրամեակի արարողութեան, զոր ներկայ կառավարութիւնը վերականգնած է: Էրտողան անտեսած է այն փաստը, որ Կարմիր սուլթանը 1894-1896 թուականներուն հրամայած էր 300 հազար հայերու սպանդը` յայտնի որպէս Համիտեան ջարդեր: Ինչպէս կը հաղորդէ «Թայմս» թերթը` «վերջին օսմանեան սուլթաններէն մէկու ժառանգներուն պէտք է տրուի Թուրքիոյ քաղաքացիութիւն, վերջ դնելով անոնց գրեթէ հարիւրամեայ վտարանդիութեանն ու արտաքսումին»:

 Ըստ «Թայմս» թերթի` Ապտուլ Համիդ 2-րդը ղեկավարած է 1876-էն մինչեւ 1909 թուականը, եւ շատ պախարակուած է Քեմալ Աթաթուրքի ժամանակակից թրքական հանրապետութեան մէջ` իր բռնատիրութեան, հակաարեւմտականութեան եւ մամուլի վրայ ճնշումներուն համար: Սակայն, նախագահ Էրտողանի իշխանութեան օրօք զայն վերականգնած են: Ապտուլ Համիտի կեանքը նկարագրող Payitaht հեռուստատեսային շարքը, որ Ապտուլ Համիտի կեանքը կը ներկայացնէ շատ վառ գոյներով, բարձր գնահատականի արժանացած է Էրտողանի կողմէ, զայն համարելով որպէս անհրաժեշտ դիտում երիտասարդութեան համար` իրենց երկրի պատմութիւնը ճանչնալու նպատակով…. «Մենք սուլթան Ապտուլ Համիտ 2-րդը կը համարենք ամենակարեւոր, ամենահեռատես եւ ռազմավարական մտածողութիւն ունեցող մէկը այն անձնաւորութիւններէն, որոնք իրենց դրոշմը ձգած են մեր պետութեան վերջին 150 տարիներու վրայ»: Էրտողան ըսած է. «Մենք պէտք է դադրինք դիտարկելէ Օսմանեան կայսրութիւնը ու Հանրապետութիւնը որպէս զիրար հակասող երկու դարաշրջաններ: Ապտուլ Համիտը մահացած է 1918 թուականին, եւ այս շաբաթ անոր մահուան հարիւրամեակի արարողութեան Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու ըսած է, որ ինք անձամբ կը զբաղուի անոր ընտանիքի անդամներուն քաղաքացիութիւն շնորհելու հարցով»:

 Այնուհետեւ Էրտողան մեծամտօրէն զգուշացուցած է, որ ամերիկեան զինուորները Հիւսիսային Սուրիոյ մէջ շուտով «Օսմանեան ապտակ» պիտի ստանան, կը հաղորդէ «Ռոյթըրս» գործակալութիւնը: Ան «կ՛ակնարկէր կիսաառասպելական թրքական մարտական շարժումը, որ կը ներկայացնէ լայն բացուած ափով հզօր հարուած, որ կրնայ գետնին տապալել կամ նոյնիսկ գանգ կոտրել ու սպաննել»: Թրքական կառավարամէտ լրատուամիջոցներէն մէկու հրապարակած ծաղրանկարին մէջ պատկերուած է Տանըլտ Թրամփը, որուն «օսմանեան ապտակ» կը հասցնէ Էրտողանը: Բացի այդ, «Ռոյթըրս» մէջբերած է Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Չաւուշօղլուի այն յայտարարութիւնը, թէ Ուաշինկթըն կ՛աջակցէր YPG-ին (քրտական ուժերը Սուրիոյ մէջ), քանի որ վերջինս կը դաւանի նոյն «մարքսիստական, համայնավար, անաստուածութեան» գաղափարախօսութիւնը…

Վերադառնալով այն հարցին, թէ արդեօք Թուրքիոյ Հանրապետութիւնը բոլորովին նոր եւ Օսմանեան կայսրութենէն անջատ պետութիւն է, միջազգային իրաւունքի փրոֆէսօր Ալֆրետ տէ Զայասը կը բացատրէ` «Հայերու դէմ 1915-1923  թուականներուն ցեղասպանութիւնը եւ համապատասխանութիւնը 1948-ի Ցեղասպանութեան համաձայնագիրին» խորագիրը կրող գրութեան մէջ, որ «իրաւայաջորդ պետութիւնը» պատասխանատւութիւն կը կրէ նախորդ վարչակարգին կատարած յանցագործութիւններուն համար: Թերեւս, այն պետութիւնը, որ նախորդի «շարունակութիւնն» է նոյնիսկ աւելի շատ պատասխանատւութիւն կը կրէ, քանի որ անոնց միջեւ տարբերութիւն չկայ, ինչպէս խոստովանած է Էրտողան երկու շաբաթ առաջ:

 Բացի այդ, Ալֆրետ տէ Զայասն իր ուսումնասիրութեան մէջ մէջբերած է փրոֆէսօր Մ. Շէրիֆ Պասիունին, նշելով, որ «Միջազգային իրաւունքին մէջ, պետութեան պատասխանատւութեան իրաւական շարունակականութեան եւ սկզբունքներու գաղափարխօսութիւնը, «իրաւայաջորդ կառավարութեան» պատասխանատու կը դարձնէ նախկին իշխանութիւններու խախտումներէն բխած պահանջներու առնչութեամբ»: Փրոֆ. Զայասը եզրակացուցած է, որ «հայերու պահանջները իրենց ապօրինի բռնագրաւուած ունեցուածքի համար չեն անհետանար սուլթանութենէն Մուսթաֆա Քեմալի վարչակարգին անցնելուն հետ»:

 Ի վերջոյ, փրոֆ. Զայաս հաստատեց, որ «իրաւայաջորդ պետութիւններու պատասխանատւութեան սկզբունքը պահպանուած է, նոյնիսկ այն պարագային, երբ այն սխալները, որոնք գործած են պետութիւնը եւ կառավարութիւնը, «իրաւայաջորդ պետութեան» չեն պատկանիր»: Այս սկզբունքը ձեւաւորուած է, մասնաւորապէս, Մշտական իրաւարարական դատարանի կողմէ` «Փարոս» իրաւարարական գործով (Ֆրանսայի եւ Յունաստանի միջեւ, 1934 ):

 Կրնանք եզրակացնել, որ Էրտողան, հաստատելով, որ այժմ Թուրքիոյ Հանրապետութիւնը Օսմանեան կայսրութեան շարունակութիւնն է, անզգուշօրէն խոստովանած է, որ Թուրքիան պատասխանատու է Օսմանեան կայսրութեան կողմէ հայ ժողովուրդին հասցուած ցեղասպանական, տարածքային եւ տնտեսական վնասներուի համար: Էրտողանի խոստովանութիւնը պէտք է ներկայացուի իբրեւ ապացոյց, երբ հայերու` Ցեղասպանութենէն յառաջացած պահանջները ներկայացուին Արդարադատութեան միջազգային դատարան: