Ըմբիշ Մաքսիմ Մանուկեան Պուլկարիոյ Ախոյեանութեան Ոսկէ Մետալ Նուաճեց


 «Արմենփրես»,- Յունահռոմէական ոճի ըմբշամատի Հայաստանի հաւաքականի անդամ, աշխարհի եւ Եւրոպայի ախոյեան Մաքսիմ Մանուկեան յաղթեց Պուլկարիոյ միջազգային ախոյեանութեան:

Պուլկարիոյ Ռուսէ քաղաքին մէջ ընթացող Տան Քոլովի եւ Նիքոլայ Փեթրովի յուշամրցաշարքին 87 քկ․ դասակարգի եզրափակիչ փուլին միայն 50 երկվայրկեանին մէջ 8:0 հաշիւով յաղթեց Ճափոնի մարզիկին: Մաքսիմին այս տարուան  առաջին մետալն է ասիկա:

Աւելի առաջ` Հայաստանի մէկ այլ մարզիկ` Սարգիս Քոչարեան 82 քկ․ դասակարգին դարձաւ պրոնզէ մետալակիր: