Թալիշի Մէջ Նահատակուած Կարէնին Մայրը Երկուորեակ Որդիներ Ունեցած է


2017 թուականի Յունուար 17ին սարատակցի Դանիէլեաններու ընտանիքը բանակ ճանապարհեց իր միակ որդին` Կարէնը: Ամիսներ անց` Մայիս 20ին, Կարէնը նահատակուեցաւ Թալիշի մէջ` հակառակորդին արձակած գնդակէն:

Որդիին զոհուելէն 40 օր անց մայրը երազին մէջ տեսաւ զայն: Կարէնը իրմէ խնդրած է երկու հագուստ ուղարկել, որ վերադառնայ տուն: Թինա Թորոսեան այդ օրուընէ որոշած է` երկու որդի պիտի ունենայ: Շուտով իմացած է, որ յղի է, ու ի սկզբանէ վստահ եղած է` զոյգ տղայ լոյս աշխարհ պիտի բերէ:

Այդպէս ալ եղաւ: Որդիին բանակ երթալէն երկու տարի անց նոյն օրը` Յունուար 17ին` առաւօտեան ժամը 9:30ին ծնաւ Կարէնը, 9:40ին` Նարեկը:

Արթիկի ծննդատան մանկաբարձ Նարինէ Խաչատրեան, որ ընդունած է Նարեկին ծնունդը, ըսած է, որ երեխաները լոյս աշխարհ եկած են բնական ճանապարհով, սակայն ժամանակէն շուտ` յղիութեան 35րդ շաբաթը:

«Կարէնը ծնած է 2 քկ․ 100 կրամ, իսկ Նարեկը` 1 քկ․ 750 կրամ: Անոնց վիճակը բաւարար է, բայց քանի որ կանխահաս ծնունդ են, այժմ կը պահուին յատուկ պայմաններու մէջ: Մայրն ալ լաւ է, շատ երջանիկ», ըսած է մանկաբարձը:

Այժմ Թինա Թորոսեանը երեք զաւակ ունի` մէկ դուստր, երկու որդի: Ընտանիքը կ՛ապրի Շիրակի մարզի Սարատակ գիւղին մէջ: