Թարգմանական Աշխատանքը Մեր Գրականութեան Մէջ


Ռուբէն Ճանպազեան եւ Վարագ Պապեան

Թ․ Տօնապետեան

Երբ մեր գրականութեան էջերը թերթենք, յատկապէս երբ դասական գրողներու կենսագրութիւնները կարդանք, հոն անպայման կը հանդիպինք հետեւեալ տողերուն, – Իր գործերը թարգմանուած են․․․ լեզուներու․ կամ՝ թարգմանութիւններ կատարած է․․․ լեզուներէ։ Սովորաբար, այս տողերուն վրայէն արագ կ’անցնինք, մեր մտքերուն մէջ տեղաւորելէ ետք այն համոզումը, որ խնդրոյ առարկայ գրողը պէտք է մէկէ աւելի լեզուներու տիրապետած ըլլայ, կամ՝ այնքան լայն ճանաչում գտած ըլլան իր գործերը, որոնք արժանացած ըլլան թարգմանութեան։

Պարզ տեղեկատուական գրութիւն մը թարգմանելը ինքնին արուեստ է․ «Այդ գրած է, բայց ի՞նչ ըսել կ’ուզէ»ներու մէջ կը մտնենք եւ արդէն կը բարդանայ հարցը։   Ստեղծագործական կտոր մը թարգմանելը, բազում անգամ աւելի բարդ է․ ինչպէ՞ս փոխանցել գրողին յոյզերը, տրամադրութիւնը, շունչը, հոգին․․․ ինչպէ՞ս հարազատ մնալ գրողին։ Աւելորդ է ըսել, որ թարգմանութիւնը արուեստ է, որուն մէջ քիչեր կը յաջողին։

Չորս տարի առաջ էր, երբ թղթածրար մը հասաւ ինծի․ մէջը ընդգրկուածը Ուիլիըմ Սարոյեանի պատմուածքներէն երկուքին հայերէն թարգմանութիւնն էր՝ Ռուբէն Ճանպազեանի կողմէ։ Կը յիշեմ հպարտութեան զգացումը, զոր ապրեցայ․ «Ապրիս Ռուբէ՜ն» թռաւ բերնէս։ Նոյն ժամանակներուն էր՝ «Թորոնթոհայ» ամսաթերթին մէջ սկսայ նկատել մէկ, երկու, հինգ, տասը․․․ դասական  բանաստեղծներէ եւ արձակագիրներէ ընտիր գործերու թարգմանութիւններ՝ Վարագ Պապեանի կողմէ։ Ծանօթ ըլլալով բնագիրներուն, «ապրիս»ները այս պարագային եւս շարունակուեցան։ Հետեւաբար, Համազգայինի «Գլաձոր» մասնաճիւղի Գրական յանձնախումբի տարուան ծրագրին մէջ, թարգմանական աշխատանքը իր կարեւոր տեղը պիտի գրաւէր անկասկած։

Օրը՝ Կիրակի, 29 Սեպտեմբեր 2019-ն է․ Համազգայինի «Յ․ Մանուկեան» գրադարանէն ներս, սեղանի ետին նստած են Թորոնթօ ծնած, ՀՕՄի Ամէնօրեայ վարժարանը յաճախած, հայաշունչ ընտանիքի մէջ հասակ առած, հայրենիքով սնանող ընկերներ, Համազգայինի Գրասէրներու խմբակի հաւատաւոր անդամներ Վարագ Պապեանն ու Ռուբէն Ճանպազեանը։

Խօսք կ’առնէ Խմբակի անդամներէն Արմինէ Թորիկեանը․ ան սեղմ տողերու մէջ հպանցիկ ակնարկ մը կը նետէ թարգմանական աշխատանքի պատմութեան, կարեւորութեան եւ թարգմանիչի դերին մասին, անդրադառնալով այն տեսակէտին, որ թարգմանիչի դերը յաճախ կը համեմատուի արուեստագէտի դերին հետ։ Ի հարկէ, մեզի համար թարգմանիչի դերը ալ աւելի շօշափելի կը դառնայ, երբ թարգմանիչը դէմդ նստած երիտասարդն է։

Վարագ կը նկարագրէ իր լուսահոգի հօր՝ արուեստագէտ Գալուստ Պապեանի գրասեղանին մօտ, պատէն կախուած «Եթէ» բանաստեղծութեան ու իր միջեւ ստեղծուած հոգեկան կապը։  Քիփլինկի հռչակաւոր «Եթէ»ին մասին է խօսքը, թարգմանութիւնը՝ Մուշեղ Իշխանի։ Հօրը գործին բերումով, յաճախ թարգմանութիւններ ըրած է․ ի վերջոյ՝ իր հետաքրքրութիւնը սկսած է տունէն։ Վարագ Պապեանի ընտրութիւնները մեր դասական բանաստեղծութեան մէջ իրենց յաւերժ դրոշմը դրած Տէրեանն ու Թէքէեանն են, Զարիֆեանն ու Շիրազը, Դուրեանը․․․։ Վարագ իբր թարգմանող իր տեսակէտը կը բաժնէ․ «Կատարածդ պիտի ըլլայ ճշգրիտ ու հարազատ, ոչ արուեստական»․ ապա, հատուածներ կ’ընթերցէ Տէրեանէն, Շիրազէն, Զարիֆեանէն, իւրաքանչիւրէն ետք անգլերէն թարգմանութիւնը տալով։ Առիթը կ’ունենանք հայերէն բնագիրէն ետք անգլերէն թարգմանութիւնը ապրիլ․ կը զգանք յանգերուն կշռոյթը, բառերուն ընտրութիւնները եւ այն ընդհանուր զգացումը, որ կը ձգէ մեր վրայ գործին թարգմանութիւնը։ Գրաքննադատութենէ հեռու ենք, սակայն իբր ընթերցասէր, տպաւորուած ենք։ Վարագ նաեւ Արամ Հայկազի սիրահարներէն է․ «Երջանկութիւն»ը ամբողջովին թարգմանելու աշխատանքը արդէն իսկ ծաղկունքի մէջ է․ անհամբեր կը սպասենք պտուղին։

Ռուբէն Ճանպազեանն է յաջորդ ներկայացնողը։ Ռուբէն համոզուած է, որ թարգմանութիւնը իր բազմաթիւ առաւելութիւններուն առընթեր, միջոց մըն է նաեւ հայերէն չխօսող երիտասարդը մեր գրականութեան մօտեցնելու։ Իբր Թորոնթօ ծնած երիտասարդ, Ռուբէն անկեղծ է իր տեսակէտին մէջ․ «Ոուզենք կամ չուզենք անգլերէն կը մտածենք, անգլերէնէ հայերէն կը թարգմանենք մենք, ամէն օր։ Թագմանութիւնը մեր սերունդին համար ձուլումի մէկ հետեւանքն է, սակայն նաեւ ձուլումի դէմ պայքարելու ձեւ մը»:  Խորքին մէջ, Ռուբէնի եւ Վարագի նման երիտասարդները խստապահանջ են իրենց անձին նկատմամբ․ բծախնդիր են եւ միշտ լաւագոյնին ձգտող, հայերէնը ճիշդ խօսելու, ճիշդ գրելու եւ ոչ միայն խօսելու կամ գրելու․․․։ 

Ռուբէն կ’ընթերցէ իր նախընտրածներէն՝ Անդրանիկ Ծառուկեանի «Ուխտ Արարատին» քերթուածին անգլերէն թարգմանութիւնը, որ կատարած է 2014 թուականին՝ A Vow to Ararat․ Թարգմանութեան մէջ կը զգանք Ծառուկեանի խրոխտ կամքը, ոգին։ Ռուբէն մեզի հետ կը բաժնէ թարգմանող Թաթուլ Սոնենցի հետ ունեցած իր զրոյցէն մասեր։ Թաթուլ Սոնենց ամէն ազգի համար կենսական կը համարէ թարգմանութիւնը․ «Վերջ ի վերջոյ քաղաքակրթութիւնը մարդկային քաղաքակրթութիւն է եւ ոչ մէկ ազգ կրնայ իւրացնել մարդկային քաղաքակրթութիւնը։ Թարգմանութիւնը խիստ կարեւոր է համաշխարհային իմաստով, ազգերը իրարու մօտեցնելու․ համաշխարհային ազգի ենք վերածուած․ զանազան լեզուներով կը գրենք կը ստեղծագործենք․․․ անկարելի է զիրար հասկնալ առանց թարգմանութեան»:  Հաճոյքով կը լսենք Ռուբէնի կողմէ թարգմանուած Ուիլիըմ Սարոյեանի գործերէն հատուածներ։ Իսկ Թաթուլ Սոնենցի հետ կատարած «Թուղթ առ Երեւան»ի թարգմանութիւնը մեծ խանդավառութեամբ ընկալուած էր արդէն 2018-ին։

Ահաւասիկ նոր էջ մը Համազգայինի Գրասէրներու Խմբակի հաւաքներու շարքին, որուն գրողները մեր երիտասարդներն են, Ռուբէնն ու Վարագը։ Բախտաւոր է այն համայնքը, որ ունի յանձնառու, շնորհալի երիտասարդութիւն։