Թել Ապիատէն Հալէպ Տեղափոխուած Հայ Ընտանիքները Ապահով Պայմաններու Մէջ Են


Զարեհ Սինանեան

«Արմենփրես»,-  Սփիւռքի գործերու գլխաւոր յանձնակատար Զարեհ Սինանեան Հոկտեմբեր 11-ին հեռախօսով կապուած է Հալէպի մէջ ՀՀ գլխաւոր հիւպատոս Արմէն Սարգսեանի հետ: Ըստ վերջին տեղեկութիւններու` Գամիշլիի մէջ այս պահի դրութեամբ բուռն ռազմական գործողութիւններ տեղի չեն ունենար, շուկաներն ու խանութները կը գործեն, սակայն անվտանգութեան նպատակով` դպրոցները տակաւին փակ են:

«Գամիշլիի մեր հայրենակիցները դեռ անհրաժեշտութիւն չեն տեսներ լքելու իրենց բնակավայրը, սակայն եթէ ըլլան մարդիկ, որոնք որոշեն գալ Հայաստան, պետութիւնը պատրաստ է զանոնք գրկաբաց ընդունելու: Թել Ապիատէն Հալէպ տեղափոխուած հայ ընտանիքները ապահով պայմաններու մէջ են: Անոնք այսօր հիւպատոսին հետ հանդիպում պիտի ունենան, որու ընթացքին հաւանական է՝  անոնց հետ հեռախօսակապ հաստատէ նաեւ Գլխաւոր յանձնակատար Զարեհ Սինանեան», կը նշեն յանձնակատարի գրասենեակէն: