Թիլըրսըն Պիտի Ջանայ Արցախի Տագնապին Երկարատեւ Լուծում Գտնել


Թիլըրսըն Պիտի Ջանայ Արցախի Տագնապին Երկարատեւ Լուծում ԳտնելԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնին թեկնածու Ռեքս Թիլըրսըն, այդ պաշտօնը ստանձնելու պարագային պիտի ջանայ երկարատեւ լուծում մը գտնել Արցախի հակամարտութեան. այս մասին յայտարարած է ան, Ծերակոյտի Արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբին մէջ վկայութիւն տալու ընթացքին։

Ըստ Ամերիկայի Հայկական համագումարի մամլոյ ծառայութեան, պատասխանելով դեմոկրատ ծերակուտական Էտուըրտ Մարքիի հարցումին՝ Թիլըրսըն ըսած է. «Պիտի աշխատիմ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի կառավարութիւններուն հետ, խաղաղ, երկարատեւ լուծում մը գտնելու համար, ինչ որ կայունութիւն ու բարգաւաճում պիտի հաստատէ տարածաշրջանին մէջ: Այս գործընթացին մէջ առաջին քայլը պէտք է ըլլայ վստահութեան հաստատումը, որպէսզի յարգուին կողմերուն միջեւ համաձայնութիւնները»:

Մեսեչուսեցէն ընտրուած Մարքի յստակացում խնդրած է նաեւ հայ-թրքական յարաբերութիւններուն վերաբերեալ, մասնաւորապէս ուշադրութիւն հրաւիրելով Թուրքիոյ կողմէ Հայաստանի շրջափակման վերջ տալու հարցին վրայ։

«Պիտի աջակցիմ Հայաստանի ու Թուրքիոյ միջեւ դիւանագիտական, տնտեսական եւ քաղաքացիական գետնի վրայ յարաբերութիւններու կարգաւորման: Տարածաշրջանին մէջ ամերիկեան առաջնորդութիւնը եւ յանձնառութիւնը պիտի նպաստեն անհրաժեշտ վստահութեան հաստատման եւ Հայաստանի ու Թուրքիոյ միջեւ յարաբերութիւններու բարելաւման», պնդած է Թիլըրսըն, միաժամանակ խոստանալով երաշխաւորել կրօնական փոքրամասնութիւններուն, ներառեալ՝ Թուրքիոյ հայկական համայնքին, եւ անոնց սեփականութեանց իրաւունքներուն պաշտպանութիւնը: