Թող Որ Մեր Զաւակները Պատերազմ Չտեսնեն, այլ Ապրին խաղաղ Պայմաններու Մէջ. Զոհուած Ազատամարտիկի Այրին


Սալբի Սաղտըճեան


Ապրիլեան պատերազմէն անցած է երեք ամիս։ Թէեւ կարճատեւ, բայց անոր ձգած վէրքերը շատ խոռն են ու դառն,  յատկապէս անոնց համար, որոնք կորսնցուցին իրենց ամուսինը, զաւակը, տունն ու տեղը։

Կորուստ ունեցած ընտանիքներու շարքին է նաեւ Մուրատեան ընտանիքը։ Ապրիլ 8-ին, Թալիշի ազատագրութեան կռիւներու ընթացքին, իր վիրաւոր ընկերը փրկելու  պահուն նահատակուեցաւ պայմանագրային զինծառայող Հրաչեայ Մուրատեանը։ 35-ամեայ Աննան կորսնցուց իր ամուսինը, իսկ փոքրիկներ Գահարը, Արմինէն եւ Սամուէլը դեռ կը սպասեն իրենց հօր տունդարձին։

Երբ 8-ամեայ Գոհարին կը հարցնեմ ո՞ւր է հայրիկը, ան կ՛ըսէ, «հայրիկը Թալիշում է, կռւում է թշնամու դէմ, բայց շուտով կը վերադառնայ»։ Գոհարը թէեւ գիտէ, որ հայրը զոհուած է, բայց դեռ չ՛ընկալեր, ինչ ըսել է «զոհուած»։ Վեցամեայ Արմինէն կ՛ըսէ․ «Պապաս զինուոր է, նա հերոս է դառել ու զոհուել է»։ Իսկ երկու տարեկան Սամուէլը դեռ չի խօսիր, որ արտայայտէ իր զգացումները։

Հրաչեայ Մուրատեանը եղած է ընտանիքին նուիրուած ամուսին եւ հոգատար հայր։ «Իսկական հայկական տղամարդ», այսպէս կը բնորոշէ զինք իր կինը՝ Աննան։ «Լաւ ընտանիք էինք կազմել, մեր ամուսնական կեանքի երկրորդ փուլն էինք մտնում, երեխաների դաստիարակաութեան, կրթութեան հարցերով պիտի զբաղուէինք, երբ արդէն այս դժբախութիւնը պատահեց», կ՛աւելցնէ ան։

Հրաչը, մինչեւ պայմանագրային զինծառայող արձանագրուիլը, աշխատած է տարբեր գործեր հոգալու համար ընտանիքին ծախսերը։ Մէկ տարի առաջ որոշած է անցնիլ զինծառայութեան։ Ան յաճախ նշած է, թէ տարբեր աշխատանքներ ընելէ ետք, վերջապէս գտած է իրեն հոգեհարազատ գործը՝ հայրենիքի պաշտպանութեան նուիրական գործը։

Հրաչ մեծ պատասխանատւութեամբ մօտեցած է իր աշխատանքին։ Երբ բարձրացած է Օմարի լեռներու վրայի դիրքերը, ամէն ինչ իրեն համար այլ բնոյթ ունեցած է, այնտեղ կեանքի ընկալումը ուրիշ եղած է Հրաչի համար։ «Երբ դիրքերէն վար կը նայիս մեր գիւղերու վառուող լոյսերուն, կը զգաս՝ այդ գիւղերուն ապահովութիւնը, զանոնք պաշտպանելու պարտականութիւնը քու վրադ է։ Մէջդ մեծ պատասխանատւութիւն կը զգաս Հայրենիքիդ եւ ժողովուրդիդ նկատմամբ», յաճախ ըսած է Հրաչը։

Ապրիլ 2-ին դիրքերէն պէտք էր վերադառնար տուն, բայց նոյն օրը կը զանգէ ու տեղեակ կը պահէ, որ ինք պիտի ուշանայ։ Ընտանիքը ուշանալուն պատճառը չէր գիտեր։ Յետոյ անոնք կ՛իմանան, թէ Արցախի սահմաներուն վրայ բուռն մարտեր են։

«Վերջին անգամ որ խօսեց, կարծես հրաժեշտի խօսքեր էր ասում, որ մենք մեզ լաւ նայենք, եւ այլն։ Բայց ես չէի հասկանում։ Վերջին օրը, ամսի 7-ին, մօրն էր զանգել, որով այդ օրը մայերու օր էր։ Իսկ ինձ չէր հասցրել զանգել։ Յետոյ իմացանք, որ նա մասնակցել է Թալիշի ազատագրութեան կռիւներին եւ նոյն Ապրիլ 7-ի գիշերը նահատակուել», յուզուած կը պատմէ Աննան։

Կը հարցնեմ իրեն, «կ՛ուզե՞ս տղադ ալ ծառայէ»։ «Որպէս մայր, չեմ ուզի զաւակս վտանգի ենթարկուի, բայց որպէս հայ կին, պիտի հայրենասիրական ոգով դաստիարակեմ իրանց։ Անշուշտ շատ կ՛ուզէի, որ այս պատերազմը աւարտուի։ Մեր եւ մեզնից առաջուայ սերդին պէս մեր երեխաները էլ պատերազմ չտեսնեն, ալ նահատակներ չտանք ու  մեր ազգը բազմանայ եւ բարգաւաճի», կ՛ըսէ Աննան, ընդգծելով, որ ինք իր զաւակները հայրենասիրական ոգիով պիտի դաստիարակէ, որ անոնք հպարտ ըլլան Հայրենիքին համար իր կեանքը զոհած իրենց հօրմով։ ։

Հրաչի աւագ աղջիկը, երբ մեծնայ կ՝ուզէ նոտար դառնայ, որովհետեւ իր հօր հետ այդպէս որոշած են։ «Հիմա չգիտեմ ինչ է նոտարը, բայց անպայման կ՛իմանամ։ Արմինէն ակնաբոյժ, իսկ Սամուէլիկը դատախազ է դառնալու», կ՛ըսէ ան։

Հրաչի ընտանիքը այժմ կ՝ապրի նիւթական դժուար պայմաններու մէջ։ Օգնութեան ձեռք մեկնողներ կ՛ըլլան, կ՛ըսէ Աննան ու կ՛աւելցնէ․ «Գիտեմ, որ ժամանակի ընթացքին ես իմ մէջ ուժ կը գտնեմ եւ կը յաղթահարեմ առանց Հրաչին ապրելու դժուարութիւնը, եւ կը կարենամ ոտքի կանգնել։ Թէեւ հիմա օգնողներ կան, օգնութիւն առաջարկողներ, բայց դա ժամանակաւոր է, պէտք է ես կարենամ ոտքի կանգնել ու պահել երեխաներիս»։

Հայրենիքի պաշտպանութեան մարտերուն շատ-շատերու նման ինկաւ նաեւ Հրաչը։ Մուրատեան ընտանիքը կորսնցուց իր տան սիւնը, սակայն հայրենիքը իր սահմաններու ամրութեան համար տուաւ նահատակ մը եւս։ Պատերազմը թէեւ վերջ չէ գտած, բայց Աննայի նման բոլորիս ցանկութիւնն է, որ մեր զաւակները եւ յաջորդ սերունդները ապրին խաղաղ պայմաններու մէջ, հայ ազգը այլեւս զոհեր չտայ, այլ իր հողերուն վրայ բարգաւաճի ու բազմանայ։