Թորոնթոհայերը 530 Հազար ԱՄՆ Տոլար Հանգանակեցին «Հայաստան» Հանահայկական Հիմնադրամին


Նոյեմբեր 12ին Թորոնթոյի մէջ կայացած «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի Թորոնթոյի մասնաճիւղին կողմէ կազմակերպուած հանդիսաւոր ճաշկերոյթին, աւելի քան 400 գանատահայեր իրենց մասնակցութիւնը բերին եւ հանգանակեցին 530 հազար ԱՄՆ տոլար։ Ճաշկերոյթին ընթացքին տեղի ունեցաւ նաեւաճուրդ, ուր Ֆութպոլիստ Հենրիխ Մխիթարեանի շապիկը վաճառուեցաւ 20 հազար ԱՄՆ տոլարով։

Գանատայի 150ամեակին եւ Թորոնթոյի «Հայաստան» հիմնադրամի 25ամեակին Նուիրուած հանդիսութեան ընթացքին հանդէս եկաւ նաեւ Գանատայի մէջ Հայաստանի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Լեւոն Մարտիրոսեան, որ յատկապէս շեշտեց Հիմնադրամի դերը անկախ Հայաստանի եւ Արցախի զարգացման ծիրէն ներս։

Թորոնթոյի «Հայաստան» հիմնադրամի ատենապետ Մկրտիչ Մկրտչեան մանրամասնօրէն ներկայացուց Թորոնթոյի կողմէ իրականացուած վերջին 12 ծրագիրները, նշելով, որ 25 տարիներու ընթացքին ընդհանուր 72 ծրագիր կեանքի կոչուած է թորոնթոհայերու հանգանակութիւններով։ Վերջին նախաձեռնութիւներն են՝ Ուխտասար գիւղի դպրոցի կառուցումը, շտապ օգնութեան մեքենայի նուիրաբերումը, Դադիվանք համայնքին ջրամատակարարման ապահովումը, բնակարաններու կառուցում Ուխտաձորի, Կուսապատի եւ Լուսաձորի մէջ, արտաքնոցներու կառուցում Շուշիի, Ամարասի եւ Դադիվանքի վանական համալիրներուն կից, բացօթեայ մարզահրապարակի կառուցում Նալբանդեան համայնքի դպրոցին համար, որ վերանորոգուցած եւ մասնակիօրէն վերակառուցուած է թորոնթոհայ բարերարներ Պերճուհի եւ Արմէն Նալպանտեաններու հովանավորութեամբ 2016 թուականին։

Գանատահայերու հաւաքագրած 530 հազար ԱՄՆ տոլարը պիտի նուիրաբերուի Նոյեմբեր 23ին կայանալիք Հեռուստամարաթոնին։ «Բերքառատ Արցախ» խորագիրը կրող Մարաթոնի թեման Արցախի ոռոգման համակարգի կառուցումն է և արևային ուժով կայաններու տեղադրումը։