Թորոնթոհայութեան ու Արցախի Կառավարութեան Համաֆինանսաւորմամբ Շուշիի Մէջ Բացուեցաւ Մշակոյթի Եւ Երիտասարդութեան Կեդրոն


«Արցախփրես»․- «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի Թորոնթոյի տեղական մարմնի եւ Արցախի Հանարպետութեան կառավարութեան համաֆինասաւորմամբ, Մայիս 22ին, տեղի ունեցաւ Շուշիի մշակոյթի եւ երիտասարդութեան կեդրոնի բացման արարողութիւնը:

Բացման հանդիսութեան Արցախի մշակոյթի եւ երիտասարդութեան նախարար Նարինէ Աղաբալեան, իր խօսքին նշեց, որ 1992էն ի վեր Շուշին դարձած է, ոչ միայն արցախցիներու, այլեւ համայն հայութեան յաղթանակի եւ հպարտութեան խորհրդանիշը:

«Մեր կատարածը լիարժէք չէր ըլլար, եթէ մենք Շուշիին չվերադարձնէինք իր ազգային դիմագիծը: Շուշին նորէն վերածնաւ ու վերստին դարձաւ հոգեւոր ու գիտամշակութային կեդրոն: 25 տարիներէ ի վեր իւրաքանչիւր հայ այս գիտակցումով կը մօտենայ Շուշիի վերականգնման հարցին. աւերուած Շուշիի մէջ կառուցել մշակոյթի կեդրոններ, կրթական հաստատութիւններ եւ այլն»,-ըսած է ան եւ աւելցուցած- այսօր մենք արդէն ունինք Շուշիի գեղեցիկ մշակոյթի եւ երիտասարդութեան կեդրոն»:

«Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի Թորոնթոյի տեղական յանձնախումբի ատենապետ Մկրտիչ Մկրտչեան ըսած է. «Ինծի համար մեծ պատիւ է ըլլալ Շուշի: Այս կեդրոնի բացման առիթը մեզի եւս մեծ ուրախութիւն պատճառած է. չէ որ այդ գործին մէջ մենք եւս մեր ներդրումը ունինք: Կ՛երազեմ, որ Շուշին օրէ օր աւելի ծաղկի ու բարգաւաճի»:

«Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի գործադիր տնօրէն Արա Վարդանեան ըսած է, որ «Շուշի» խորագիրով դրամահաւաքի արդիւնքով այստեղ իրականացուած են 4 փողոցներու ասֆալտապատում, շուրջ 12 բնակելի շէնքերու տանիքներու վերանորոգում, ազգային գրադարանի եւ Եզնիկ Մոզեան արհեստագործական ուսումնարանի կառուցում:

«Մենք պիտի փորձենք դահլիճի սարքաւորումներով եւս օգնել: Մեր հիմնադրամը Արցախի մէջ եւ, մասնաւորապէս, Շուշիի  մէջ իրկանացուող ծրագիրներուն միշտ պիտի սատարենք»,-ըսած է Ա. Վարդանեան:

Շուշիի մշակոյթի եւ երիտասարդութեան կեդրոնի բացման պատիւը տրուած է Նարինէ Աղաբալեանին եւ Մկրտիչ Մկրտչեանին: Նոր դահլիճին մէջ համերգային ծրագիրով ելոյթ ունեցած է «Մռակած» պետական կամերային երգչախումբը: