Թորոնթոյի “Հայաստան” Հիմնադրամին Կողմէ Կը Կառուցուի Արցախի Շօշ Գիւղի Մանկապարտէզը


“Արցախփրես”,- “Հայաստան” Համահայկական հիմնադրամի ծրագիրներու համակարգող Վարդան Փարթամեան կը յայտնէ, թէ Թորոնթոյի “Հայաստան” հիմնադրամին հերթական ծրագիրով ներկայիս կը կառուցուի Արցախի Շօշ գիւղի մանկապարտէզը:

«Մինչեւ հիմա, Շօշ գիւղին մէջ՝ հիմնադրամի կողմէ, կառուցուած է համայնքային կեդրոն եւ հանդիսութիւններու սրահ, ինչպէս նաեւ դպրոցի շէնքը: Հիմա այստեղ կը կառուցուի մինչեւ 90 երեխայի համար նախատեսուած մանկապարտէզ, որպէսզի կրթական մասով ամբողջականացուի համայնքին մէջ իրականացուող ծրագիրները», ըսաւ Փարթամեան:

Մանկապարտէզի կառուցման աշխատանքները բաւական արագ կ՛ընթանան, եւ կը նախատեսուի յառաջիկայ տարուան Մայիսին մանկապարտէզը յանձնել շահագործման:

Ինչ կը վերաբերի արժանթինահայ բարերարներուն, ապա Փարթամեանի խօսքով՝ “Հայաստան” Համահայկական հիմնադրամը իր արժանթինահայ բարերար Տեւեճեան, Էքզերճեան եւ Շիմշիրօղլու ընտանիքներուն նուիրատուութիւններով, Քարին Տակ գիւղին մէջ նաեւ կառուցուած է մանկապարտէզ մը եւ համայնքային կեդրոն:

«Քարին Տակ համայնքին մէջ “Հայաստան” Համահայկական հիմնադրամը բազմաթիւ ներդրումներ կը կատարէ: Մենք սկսանք խմելու ջուրէն, որ իրապէս համահայկական ծրագիր դարձաւ՝ համախմբելով հայեր՝ մօտաւորապէս 9 երկիրներէ: Ատկէ ետք, դպրոցին մէջ տեղադրուեցաւ ջեռուցման համակարգ, կառուցուեցաւ նոր մարզադահլիճ, համայնքային կեդրոն, իսկ անցեալ տարի՝ նաեւ մանկապարտէզ»,ճ մանրամասնեց Փարթամեան՝ նշելով, որ բարերարները պիտի այցելեն Քարին Տակ համայնքը, տեղւոյն վրայ շօշափելու նախապէս կատարուած ծրագիրներուն արդիւնքները:

Բարերար Գրիգոր Շիմշիրօղլու, որ ծնունդով պոլսահայ է, շատ կարեւոր կը համարէ նախադպրոցական հաստատութիւններու առկայութիւնը գիւղերու մէջ. «Ասիկա արդէն մեր հինգերորդ կամ վեցերորդ այցելութիւնն է Արցախ: Կը Փորձենք միշտ Արցախի կողքին ըլլալ եւ ըստ մեր հնարաւորութեան՝ աջակցիլ: Ուրախութեամբ կը տեսնենք, որ այստեղ կեանքը կ՛աշխուժանայ եւ ատիկա մեզի նոր ուժ կը հաղորդէ՝ նոր նախաձեռնութիւններով հանդէս գալու համար»,- ըսաւ Շիմշիրօղլու: