Թորոնթոյի Հայ Գաղութի Նորագոյն Կորուստը՝ Նատիա Ինճէեան-Թաթիկեան


Նատիա Ինճէեան-Թաթիկեան իր ամուսինին` Զոհրապ Թաթիկեանի հետ:

Հոկտեմբեր 19ին Թորոնթոյի մէջ կեանքէ հեռացաւ գաղութի նուիրուեալ անդամներէն Նատիա Ինճէեան-Թաթիկեանը:

Ան ծնած է Թորոնթօ, Գանատա, 13 Դեկտեմբեր 1961ին:  Զաւակն է Ժիրայր եւ Էվլին Ինճէեանի: Ունի մէկ եղբայր՝ Կարօ Ինճէեան: 

Նատիան յաճախած է Թորոնթոյի Vradenburg նախակրթարանը եւ Sir John A. Macdonald երկրորդական վարժարանը: 19861ին կը վկայուի Waterloo համալսարանէն իբր ակնաբուժ: 3 Օգոստոս 1986ին, կ’ամուսնանայ Զօհրապ Թաթիկեանի հետ: Կ’ունենան երկու զաւակներ, Գառնին՝ 1990ին եւ Կասիան՝ 1999ին:

1987ին կը բանայ իր անձնական ակնաբուժարանը, ուր կ’աշխատի 30 տարի: 2009ին, իր գործընկերոջ հետ, Երեւանի մէջ կը հիմնէ «Optomed Canada» բարեսիրական բուժարանը:

Նատիան շատ կը սիրէր գիրք կարդալ, եւ նկարչութեան ու գրելու տաղանդ ունէր: Մանկութեան մեծ մասը կ’անցընէ ընտանեկան ամառանոցը, ուր կ’աճի բնութեան հանդէպ իր սէրն ու յարգանքը: Կ’ուզէր աշխարhը պտտիլ, եւ ամէն առիթով կը ճամբորդէր: 2012ին, Գառնիին հետ կը միանայ խումբ մը կիներու, եւ միասին կը մագլցին Արարատ լեռը:

Նատիան Հայ Գաղութին նուիրեալ անդամն էր: Եղած է ՀՄԸՄի սկաուտ, ԳԵՄ-ական, ՀՕՄ-ուհի, եւ Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետուհի: Վերջին տարիներուն, աշխատած է ՀՕՄի ամէնօրեայ վարժարանի կրթական մարմինին մէջ, ըստ իրեն ան էր գաղութի պահպանման ու աճի ամենակարեւոր դարբնոցը:

Փետրուար 2015ին, Նատիան կ’ախտաճանաչուի ձուարանային քաղցկեղով (ovarian cancer): Սակայն, յաջորդ չորս տարիներու ընթացքին ան կը ցուցաբերէ անկոտրում կամք եւ լաւատեսութիւն: Ինչպէս ան կը բացատրէր, իր փորձառութիւնները իրեն սորվեցուցին «անձրեւին տակ պարել»:

19 Հոկտեմբեր 2018ին, անդուլ եւ բուռն պայքար մղելէ ետք քաղցկեղին դէմ, Նատիան յաւիտեան կը փակէ իր աչքերը, խոր կսկիծ թողելով իր ընտանիքին եւ գանատահայ գաղութի սրտերուն մէջ: