Թորոնթոյի ՀՕՄի Լաբոյեան Երկրորդական Վարժարանը Տուաւ 24 Շրջանաւարտ


ՀՕՄի Լաբոյեան Երկրորդական վարժարանի 14րդ հունձքի աւարտական հադէսը տեղի ունեցաւ Յունիս, 15ին, երեկոյեան ժամը 7ին, Թորոնթոյի Հայ Երիտասարդական Կեդրոնի «Համազգային» թատերասրահին մէջ: Ներկայ էին Տէր Գեղարդ Ծայրագոյն Վարդապետ Քիւսպէկեան, Տէր Կոմիտաս Աւագ Քահանայ Փանոսեան, Աւետարանական եկեղեցւոյ ներկայացուցիչներ, Վարժարանի Կրթական մարմնի ներկայացուցիչներ՝ ատենապետ Սեւակ Քիւփէլեանի գլխաւորութեամբ, տնօրէնութիւն, ուսուցչական կազմ, բարերարներ, ծնողներ, հարազատներ:

Արարողութիւնը բացուեցաւ 24 շրջանաւարտներու հանդիսաւոր մուտքով: Անոնք բեմ բարձրացան եւ Գանատայի ու Հայաստանի Հանրապետութեան օրհներգներէն ետք գրաւեցին իրենց տեղերը:

Հանդիսավարները հրաւիրեցին երեք աշակերտներ ընթերցելու հրաժեշտի եւ երախտիքի իրենց խօսքը: Մարալ Տէր Օհան՝ հայերէն լեզուով, Բալիկ Քէօհնէլեան՝ անգլերէն լեզուով եւ Արշակ Պետրոսեան՝ ֆրանսերէն լեզուով շնորհակալութիւն յայտնեցին ծնողներուն, ուսուցիչներուն, տնօրէնութեան եւ բոլոր անոնց, որոնք օգնած են իրենց հասնելու կեանքի այդ կարեւոր հանգրուանին: Մարալ Տէր Օհան իր ուղերձին մէջ ըսաւ. «Այս չորս պատերէն ներս, սորված ենք գրել, կարդալ եւ լաւ հայ ըլլալու իմաստը։ Այս վարժարանը տուած է մեզի հայեցի կրթութիւն»։

Ապա բեմ հրաւիրուեցաւ վարժարանի տնօրէն Րաֆֆի Սարգիսեան: Ան շնորհաւորեց շրջանաւարտներուն, իր խօսքին մէջ շեշտեց․ «Սիրելի շրջանաւարտներ՝ դուք այս տարի սերտեցիք Անդրանիկ Ծառուկեանի «Մանկութիւն Չունեցող Մարդիկ»ը: Սորվեցաք, թէ ինչ տառապանքներով մէջտեղ եկաւ Ցեղասպանութենէն վերապրած սերունդը: Դուք ձեր բառերով պատկերացուցիք իրենց «Կարծր սրտերն ու խանցուած հոգիները» Թող որ այդ սերունդի վարքն ու հոգին դառնայ ձեզի ներշնչարան: Մեր վերապրողներուն նման փարատեցէք յուսահատութիւնը ձեր հոգիներէն եւ անվարան ողջունեցէք պայքարի անպարտ ոգին:»

Վարժարանի Կրթական Մարմնի կողմէ խօսքառաւ Թալին Մուշեան: Ան ամփոփ ձեւով ներկայացուց 2017-2018 ուսումնական տարեշրջանին Կրթական Մարմնի արձանագրած յաջողութիւնները։

Ապա Տնօրէնի հրաւէրով բեմ բարձրացան Կրթական Մարմնի ատենապետ Սեւակ Քիւփէլեան, փոխտնօրինուհի տիկին Արփի Փանոսեան եւ բոլոր ուսուցիչները: Կատարուեցաւ վկայականներու եւ մրցանակներու բաշխման արարողութիւն:

Հանդիսութեան աւարտին բեմ հրաւիրուեցաւ Տէր Գեղարդ Քիւսպէկեան, որ շնորհաւորեց բոլորը եւ իր հայրական օրհնութիւնը տուաւ շրջանաւարտներուն։

(Լուսանկարը՝ Իշխան Ղազարեանի)