Թորոնթոյի Մէջ Հաստատուած Ազգային Քարէն Եփփէ Ճեմարանականներուն Մտերմիկ Հանդիպումը


12 Յունուար 2020-ին Թորոնթոյի մէջ համախմբուած Հալէպի Ազգային Քարէն Եփփէ Ճեմարանի Յանձնախումբն ու Ճեմարանականները

Տիրուկ Մարգարեան Կարապետեան

Յիշողութիւնը մարդուն առիթ կու տայ անգամ մը եւս քաղցր յուշերու գիրքը թերթատելու։ Այդ գիրքին գեղեցկագոյն էջերը մանկութեան ու պատանեկութեան վառ գոյներով ներկուածներն են, որոնց մասին ըսուելիք խօսքեր չկան, ուղղակի ապրիլ է պէտք եւ զգալ անոնց պարգեւած հաճոյքը։

12 Յունուար 2020-ին, Նոր Տարուան եւ Սուրբ Ծնունդի առթիւ, Թորոնթոյի մէջ համախմբուեցան Հալէպի Ազգային Քարէն Եփփէ Ճեմարանի տարբեր սերունդներու ներկայացուցիչները եւ հիւրասիրութեան ճոխ սեղանին շուրջ գինիի բաժակները զնգացնելով բարի տարիներ մաղթեցին իրարու։ Տարիներ առաջ, միեւնոյն հայաբոյր օճախին մէջ ուսանած ճեմարանականներուն աչքերը հարազատ աչքերու կարօտին միանալով ջերմացան եւ անոնք սկսան թերթատել դպրոցական յուշերու մեծածաւալ հատորը։

Յանձնաժողովին անունով խօսք առաւ Խոնարհ Հալլաճեան։ Ան շնորհաւորեց ներկաներուն Նոր Տարին եւ Սուրբ Ծնունդը ու յիշեց, թէ ինչպէս տարիներ առաջ, 4 Յունիս 2014-ին քով-քովի եկող ճեմարանականներու մտայղացումով ճեմարանականներէն՝ Արշօ Նահապետեան Աստուրեան, Շողիկ Սարգիսեան եւ ինք՝ Խոնարհ Հալլաճեան, յանձնախումբ մը կազմած եւ իրենց շուրջ համախմբած էին մօտաւորապէս  70 ճեմարանականներ, որոնք ուզած էին անպայման, հերթականօրէն տեսնուիլ իրարու հետ եւ իրենց անցեալի օրերը յիշել։ Շրջան մը ետք յանձնախումբին միացան Զեփիւռ Յովհաննէսեան Ապէճեանը եւ Ալինա Սարգիսեանը, իսկ ճեմարանականներուն թիւը հասաւ մօտաւորապէս 200-ի։ Սուրիայէն Գանատա ժամանած սուրիահայութեան մեծ հոսքի ընթացքին հարիւրաւոր ճեմարանականներ եւս հասան  ու հաստատուեցան Թորոնթօ եւ անոնցմէ Պէթթի Տողրամաճեան Փօլատեան, Լիզա Շիշոյեան, Սեւան Տիշոյեան եւ Քրիստ Արապեան, սիրայօժար, միացան այդ յանձնախումբին, որ տարին անգամ մը՝ Ծաղկազարդի առիթով, ճաշկերոյթ մը կը կազմակերպէր։

Տարին անգամ մը, Ծաղկազարդի առիթով, համախմբուող ճեմարանականներուն միտումը իրենց դպրոցական օրերը վերյիշելէ անդին կարեւոր նպատակի մը կը ծառայէր։ Սուրիոյ պատերազմին պատճառով տուժած եւ իրենց մանկութեան ու պատանեկութեան օրրանը հանդիսացող՝ Ազգային Քարէն Եփփէ Ճեմարանին եւ ծանր պայմաններու ենթարկուող աշակերտութեան բարոյական եւ նիւթական օժանդակութիւն յատկացնելն էր։ Յանձնախումբին ու ճեմարանականաններուն բարի կամեցողութիւնը միշտ տեղ հասած եւ գոհացուցած էր ծննդավայրին մէջ դժուար առօրեայ ունեցող ճեմարանին ու պատերազմի դաժանութեան հետեւանքով նօսրացած հայ աշակերտութեան։ Արշօ Աստուրեան կը յիշէր, թէ ինչպէս երեք տարիներ առաջ, ճաշկերոյթին, ուղիղ եթերով կապուեցան Հալէպ եւ իրենց սիրելի ճեմարանի տնօրէն պարոն Յակոբ Քիլէճեանին սրտի խօսքն ու յայտնած երախտագիտութիւնը յուզեց զիրենք եւ հոգիի թռիչք տալով բոլորը փոխադրեց ծննդավայր եւ, յատկապէս, Ազգային Քարէն Եփփէ Ճեմարան՝ փայփայելու իրենց պատանեկութեան յուշերը։

Խոնարհ Հալլաճեան, Նոր Տարուան եւ Սուրբ Ծնունդի առիթով իրականացած այդ օրուան համախմբումին նպատակներէն կարեւորագոյնը նշելով՝ ըսաւ. «Շատ ուրախ եւ շնորհակալ ենք, որ այսօր մեր մէջ ունինք մեծ թիւով երիտասարդներ, որոնք մեր քաջալերանքով կը հաւաքուին հոս ու կը խոստանան մեզի միանալ եւ կամաւոր աշխատանք տանիլ։ Մենք, բնականաբար, նոր սերունդին առիթ եւ հնարաւորութիւն  կու տանք, որպէսզի անոնք ալ իրենց կարգին իրենց առաջարկներով եւ ժրաջան աշխատանքով յառաջ տանին եւ յաջողցնեն մեր յանձնախումբին ծրագիրները։ Սիրելինե՛ր, այսօր ունինք 300-է աւելի ճեմարանականներ ու ես վստահ եմ, որ եթէ քիչ մը աւելի ջանք թափենք եւ լուրջ աշխտանք տանինք այդ թիւը կը հասնի 600-ի։ Վստահ, որ անոնք ալ կը փափաքին համխմբուիլ մեզի հետ ու իրենց անցեալի յիշատակները վերակենդանացնել։ Սիրելի՛ ճեմարանականներ, մենք այսօր երախտապարտ ենք ձեզմով, որովհետեւ յաճախ քաջալեր կը հանդիսանաք մեզի։ Ազգային Քարէն Եփփէ Ճեմարանի շրջանավարտից Միութեան անունով կ՛ուզեմ ըսել, որ իրենք այսօր ամէն օրուընէ աւելի ձեր կարիքը ունին։ Պատերազմի պատճառաւ Հալէպի մէջ գոյացած տնտեսական տխուր պայմանները բոլորիս ալ ծանօթ են… ներկայիս Ճեմարանի աշակերտութեան թիւը 350-ի կը հասնի, իսկ պաշտօնէութեանը՝ 57-էն 60-ի։ Սրտի ցաւով կ՛ըսեմ, որ աշակերտներուն մեծամասնութիւնը դժուարութիւն ունի կրթաթոշակ վճարելու։ Բոլորս ալ քաջատեղեակ ենք, որ Հալէպը այն հազուագիւտ գաղութներէն է, ուր հայ աշակերտին հայկական դպրոց յաճախելը  պարտաւորութիւն է։  Երանի այդ երեւոյթը վարակիչ ըլլար այլ գաղութներու մէջ եւս: Ուստի, տնտեսական այս ծանր իրավիճակին, հայ աշակերտը հայկական դպրոցին մէջ պահելու համար մեր կատարած իւրաքանչիւր նուիրաբերութիւն տեղ կը հասնի ու կը ծառայէ այդ վեհ գաղափարին»։

Ներկաներէն առաջարկներ հնչեցին: Բէկի Աւընեան շնորհակալութիւն յայտնելով սկսած իր խօսքին մէջ ըսաւ. «Զաւակներս, ինչպէս նաեւ մեծամասնութեանդ զաւակները,  պատերազմի պատճառով առիթը չունեցան Ազգային Քարէն Եփփէ Ճեմարան յաճախելու քաղցրութիւնը վայելելու եւ անոր շնորհած հայկական պատուաբեր դրոշմը կրելու։ Ընենք այսպիսի յաճախակի հանդիպումներ, ուր մեր զաւակները, թէկուզ հեռուէն, զգան ճեմարանին հայակերտ շունչին ջերմութիւնը»։ Գօգօ Պաղտասարեան առաջարկեց ցանկեր պատրաստել եւ ըստ այնմ աշխատիլ, որպէսզի գիտնանք թէ որքան մարդուժ ունինք հոս. «Վստահ եմ, որ յետագային մէկ ձեռնարկէ աւելի կրնանք կազմակերպել եւ շատ ծրագիրներ իրականացնել», աւելցուց ան։ Մանօ Հալլաճեան, տարեկան ձեռնարկի կապակցաբար, նորութիւններ մէջբերելու եւ ճեմարանի ուսուցիչներուն, հանդէսներուն, աշակերտութեան եւ քաղցր յուշերով լի տեսերիզներ ցուցադրուելու փափաքը յայտնեց։ Յանձնախումբի անդամները խոստացան նկատի առնել այդ առաջարկները ու ջանք չխնայել յառաջիկային աւելի մեծ թիւով ճեմարանականներու ներկայութիւնը ապահովելու համար եւ յաջորդ օրն իսկ «Karen Jeppe Jemaran Canada»   դիմատետրի էջէն հաւանութիւն ստանալու հրաւէրներ սկսած էին ղրկուիլ Գանատայի տարածքին գտնուող ճեմարանականներուն։

12 Յունուար 2020-ի այդ Կիրակին, համախմբումի վայր հանդիսացող հայաբնակ շրջանի մը շէնքերէն մէկուն ներքնասրահին պատերը իրենց ականջները լայն բացած մտիկ կ’ընէին տարիներ ետք իրարու հանդիպող դասընկեր-դասընկերուհիներուն զրոյցները, ականատես կ’ըլլային անոնց եռանդին, նոր ու խաղաղ կեանքի մը խոստմնալից ներկայով եւ լուսաւոր ապագայի արձագանգներով կը ջերմացնէին ծննդավայրի յուշերով ողողուն պատումները։

Ծաղկազարդին դարձեալ հանդիպելու խոստումներով ցտեսութիւն ըսող թորոնթոբնակ ճեմարանականները անհամբեր պիտի սպասեն այդ օրուան, երբ դարձեալ քով-քովի գալով ու նուիրաբերելիք լումաներով իրենց հոգու պարտքը պիտի կատարեն՝ իրենց հոգին կերտող,  էութիւնը հայկական դրոշմով մկրտող ու միտքի թռիչք տուող Ազգային Քարէն Եփփէ Ճեմարանին։