Թորոնթոյի Մէջ Հիմնադրամի Ճաշկերոյթը Բացառիկ Յաջողութեամբ Պսակուեցաւ. Գոյացաւ 1.302.500 Գանատական Տոլար


Հիմնադրամի վարչութեան անդամներ եւ նորընտիր գործադիր տնօրէն Հայկակ Արշամեան (կեդրոնը) ձեռնարկին ընթացքին:

Յարութիւն Դերձակեան 


  

Հայաստան Համահայկական Հիմնադրամի Թորոնթոյի տարեկան հանգանակային ճաշկերոյթը այս տարի նուիրուած էր Հայաստանի առաջին Հանրապետութեան 100ամեակին, որ տօնախմբուեցաւ 21 Հոկտեմբերի երեկոյեան, Ալեք Մանուկեան մշակութային կեդրոնի ՙՊապայեան՚ սրահը:

Երեկոյթը սկսաւ Գանատայի, Հայաստանի եւ Արցախի ազգային քայլերգներով: Ապա Հիմնադրամի Կեդրոնական Վարչութեան հոգաբարձուներու խորհուրդին առաջին օրէն անդամ նշանակուած Շարլ Ազնաւուրի յիշատակը յարգուեցաւ մէկ վայրկեան յոտնկայս լռութեամբ:

Հիւպատոս Արա Մկրտիչեան

Օրուայ հանդիսավար Վարդգէս Սիմոնեան ներկաները ողջունելէ ետք, ներկայացուց պատուոյ հիւրերը: Ներկայ էին Հայաստանի Հանրապետութեան  Գանատայի մօտ Հիւպատոս Արա Մկրտիչեան, Թորոնթոյի նախկին Պատուոյ Հիւպատոս Պերճ Սվազլեան, Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ հայ կաթողիկէ եկեղեցուոյ հովիւ Հայր Եղիա Ծ. Վարդապետ Քիրէջեան, Գանատահայոց թեմի փոխառաջնորդ, Ս․ Երրորդութիւն Հայց․ Առաք․ Եկեղեցւոյ Հովիւ Տ․ Զարեհ Ա․ Քհնյ․ Զարգարեան, շարժանկարի հանրածանօթ բեմադրիչ Ատոմ Էկոյեան, Պիզնէս Արմէնիայի Թորոնթոյի պատուոյ ներկայացուցիչ Վարուժան Լափոյեան, Պիզնէս Արմէնիայի Թորոնթոյի ներկայացուցիչ Խորէն Մարտոյեան, օրուայ պատուոյ հիւր Հիմնադրամի նորընտիր Գործադիր Տնօրէն Հայկակ Արշամեան, ինչպէս նաեւ քաղաքիս մէջ գործող քաղաքական կուսակցութիւններու, եկեղեցիներու, միութիւններու, կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ, համալսարանական աշակերտներ, հիմնադրամին սատարող բարերարներու եւ համակիրներու 350 հոգիէ բաղկացած բազմութիւն մը, որոնք եկած էին իրենց նպաստը բերելու Հիմնադրամի առաքելութեան։

Սիմոնեան համառօտ կերպով Հայաստանի պատմականը ներկայացուց։

Բեմ հրաւիրուեցաւ հիւպատոս Արա Մկրտիչեան, որ ողջունելով ներկաները դեսպանատան անունով շնորհակալութիւն յայտնեց Թորոնթոյի Հիմնադրամի տեղական կազմի վարչութեան, առաջին հանրապետութեան 100ամեակին նուիրուած հանգանակային ճաշկերոյթին համար։ 26 տարիներու ընթացքին տարուած աշխատանքները թուելով գովաբանեց բոլոր կատարուածները, երախտագիտութիւն յայտնելով նուիրատուներուն։ Հիւպատոսը ըսա․«Առաջին հանրապետութիւնը կարեւորագոյն տեղ եւ մեծ նշանակութիւն ունեցած է մեր պետականաշինութեան բազմադարեայ պատմութեան մէջ։ Մենք ամրակորով ազգ ու պետութիւն պատրաստ ենք դիմագրաւել բոլոր դժուարութիւնները ու մարտահրաւերները»։

Դաշնակահար Արթուն Միսքճեան

Գեղարուեստական բաժնին մէջ նախկին պոլսահայ տաղանդաւոր դաշնակահար Արթուն Միսքճեան հանդէս եկաւ Առնօ Պապաճանեանի  ՙԷլեկիա ՚ ստեղծագործութեամբ եւ Խաչատուր Աւետիսեանի ՙԾաղկած բալենի՚ կտորով: Յայտագրէ դուրս նուագեց նաեւ ի յիշատակ նորոգ հանգուցեալ Շարլ Ազնաւուրի ՙԼա Պոհէմ՚ կտորը, որ արժանացաւ ներկաներու բուռն ծափահարութիւններուն։

Հիմնադրամի փոխատենապետուհի Հուրի Նաճարեան յայտնեց, թէ Թորոնթոյի վարչութիւնը 12 տարիներ առաջ որոշեց գաղութիս հանգանակային աշխատանքներուն մէջ ներառել նաեւ հայ աշակերտներու մասնակցութիւնը՝ որակելով զայն ՙԹորոնթոյի հայ աշակերտը Արցախի աշակերտին՚։ ՙՓոքր տարիքէն պէտք է սերմանել պատանիներու սրտին ու մտքին մէջ նուիրաբերելու ոգին, պարտականութեան գիտակցութիւնը հանդէպ ազգին ու հայրենիքին։ Մեր նոր սերունդին հայոց լեզուն, պատմութիւնը, մշակոյթը սորվեցնելու կողքին պէտք է կարեւորութեամբ մշակել նաեւ անոնց մտքերն ու հոգիները օժանդակելու, նուիրաբերելու եւ տալու ոգիով», ըսաւ ան:

Թորոնթոյի ՀՕՄ ի ամենօրեայ վարժարանի Ս․ Երրորդութիւն եկեղեցւոյ Ս․Սահակ-Ս․Մեսրոպ շաբաթօրեայ եւ Հայ Կաթողիկէ շաբաթօրեայ վարժարաններու աշակերտներէն բարձրագոյն գումարը հաւաքող երեք աշակերտներ յատուկ նուէրներ ստացան ձեռամբ Նաճարեանի։

Հայաստանի առաջին Հանրապետութեան 100ամեակի,  ինչպէս նաեւ Հիմնադրամի 26ամեակի տօնակատարութեան առիթով ազգային բարերար Տէր եւ Տիկին Արմէն եւ Պերճուհի Նալպանտեաններու կողմէ մոմավառութիւն տեղի ունեցաւ եւ տարեդարձի կարկանդակի հատումը կատարուեցաւ։                                            

Եղիա Ծ․ Վրդ․ Քիրէջեանի եւ Տ․ Զարեհ Ա․ Քհնյ․ Զարգարեանի կողմէ միասնաբար սեղաններու օրհնութիւնը կատարուեցաւ։ Ճաշի տեւողութեան ընթացքին Հիմնադրամի տարբեր մասնաճիւղերուն 2017 տարուայ մէջ կատարած գործունէութիւնները մանրամասնօրէն պաստառի վրայ ցուցադրուեցան։

Հիմնադրամի Թորոնթոյի Ատենապետª Մկրտիչ Մկրտիչեան

Թորոնթոյի Հիմնադրամի երկարամեայ ժրաջան ու անխոնջ ատենապետ Մկրտիչ Մկրտիչեան Թորոնթոյի Հիմնադրամի մարմնի վարչութեան անունով հանդէս եկաւ, ողջունեց ներկաները, Հիմնադրամին Արցախի մէջ կատարած ու կատարուելիք շինարարական գործունէութիւններուն մասին լայն տեղեկութիւններ փոխանցեց։ Ան յատկապէս նշեց, թէ 26 տարիներէ ի վեր հիմնադրամը յաջողութեամբ հաւատարիմ կը մնայ իր առաքելութեան։ Մինչեւ անցեալ տարի աւարտին հասած են 72 ծրագիրներ, այս տարի այդ գումարին վրայ աւելցած են 6 ծրագիրներ եւս, ընդհանուր գումարը հասցնելով 78ի։ Մկրտիչեան ուրախութեամբ յայտնեց, թէ Հիմնադրամի տարիներու աշխատանքները փոխեցին հայրենի քոյր եւ եղբայրներուն կեանքի պայմանները դէպի լաւ եւ այս բոլորը կատարուեցան ամենայն թափանցիկութեամբ։ 

Մկրտիչեան իր աշխատանքին եւ յառաջիկայ ծրագիրներուն մասին տեղեկութիւն փոխանցելէ առաջ շնորհակալութեան խօսքեր ուղղեց բոլոր անոնց, որոնք առանց որեւէ ակնկալութեան սիրայօժար սատար կը հանդիսանան Հիմնադրամին։ Այս ծիրէն ներս շնորհակալութիւն յայտնեց հայ մամուլին՝ թուելով Թորոնթոյի ՙՀայ Հորիզոն՚ հեռատեսիլը, ՙԹորոնթոհայ՚ եւ ՙԼուսաբաց՚ ամսաթերթերը, Մոնրէալի ՙԱպագայ՚ եւ ՙՀորիզոն՚ շաբաթաթերթերը, ինչպէս նաեւ Պոլսոյ ՙՄարմարա՚ օրաթերթը։

Շնորհակալութիւն յայտնեց Նալպանտեան ընտանիքին, որ վերջին երկու տարիներու ընթացքին իշխանական նուիրատուութիւն կատարեց մէկ միլիոն գանատական տոլարով։ Շնորհակալութիւն յայտնեց նաեւ Պերճ Սրկ․ Լիւլէճեանին, որ նուիրեց աւելի քան 500 հազար գանատական տոլար։ Շնորհակալութեան բաժին ստացան նաեւ բարերարներ Յարութիւն Եսայեան ու անանուն երեք բարերարներ։

Անցեալ տարուայ ընթացքին Թորոնթոյի հիմնադրամը հետեւեալ ծրագիրները լրացուց եւ անոնցմէ մէկն ալ լրանալու վրայ է. Բացումը կատարուած է Իվանեան գիւղի կեանքի կեդրոնին, խնձորիստան գիւղի կեանքի կեդրոնին, բազմազաւակ ընտանիքներու համար 4 առանձնատուներ, որոնք կառուցուած են Արցախի եւ Կիւմրիի մէջ, Մարտունիի շրջանի 4 գիւղերուն ոռոգման ջուրի մատակարարում, Նալպանտեան գիւղի դպրոցի մարզադաշտի շինարարութեան աւարտ եւ Ուղտասար գիւղի դպրոցի կառուցում, որուն բացումը պիտի կատարուի յառաջիկայ ամիս։

Հիմնադրամի նորընտիր տնօրէնª Հայկակ Արշամեան

Հիմնադրամի յառաջիկայ տարուայ նոր ծրագիրը պիտի ըլլայ կրկին ՙՋուրը կեանք՚ է նշանաբանը, որ ծրագրուած է Ուղտասար գիւղի խմելիք ջուրի խնդիրը լուծել, ինչպէս նաեւ Նալպանտեան գիւղի մէջ բժշկական կեդրոն մը եւ բազմաթիւ տուներ կառուցել կարօտ ընտանիքներու համար, որոնց ծախսերը պիտի հոգացան Նալպանտեան ընտանիքը։

Ապա ան ներկայացուց Հիմնադրամի Երեւանի գործադիր վարչութեան նորընտիր Տնօրէն Հայկակ Արշամեանը, որ արտասահմանի իր անդրանիկ այցելութիւնը կու տար՝ սկսելով Թորոնթոյէն: Արշամեան Հիմնադրամին Հայաստանի եւ Արցախի մէջ կատարած գործունէութեան համար շնորհակալութեան եւ գնահատանքի ջերմ արտայայտութեամբ բարեւեց ներկաները։     

Պաստառի վրայ ցուցադրուեցաւ վերջերս Լիբանանի մէջ Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի ելոյթը հիմնադրամի գործունէութեան մասին։ Վարչապետը հաստատեց, թէ բոլոր գումարները նոյնութեամբ ապահով կը գտնուին հաշիւներու մէջ եւ խնդրեց որ փակուի անվստահութեան էջը։ ՙԲոլոր բարերարներու իրաւունքն է գիտնալ թափանցիկութեան ամենակարեւոր մասը, որ ելեկտրոնիկ ցանցերու միջոցով պիտի ներկայացուի բոլորին, որպէսզի ամէն անձ կարենայ տեղեկանալ կատարուած աշխատանքներուն։ Վարչապետ Փաշինեան աւելցուց. ՙՎստահութեան զգացումը շատ աւելի կարեւոր է քան դրամը՚։

Ապա Արշամեան ներկայացուց Փաշինեանի գանատահայոց ուղղուած ուղերձը, որ ծափողջոյններով դիմաւորուեցաւ։ Մկրտիչեանի շնորհակալութեան խօսքերէն ետք տեղի ունեցաւ նուիրահաւաք։ Մկրտիչեանի կողմէ տրամադրուեցաւ 1993ին Ազնաւուրի Թորոնթոյի մէջ Լայզա Մինելլիի հետ ունեցած երգահանդէսին յայտագիրը, որ Ազնաւուրի կողմէ մակագրուած էր եւ որ աճուրդի միջոցաւ 1500 տոլարի ծախուեցաւ։ Երեկոյթի վերջաւորութեան գոյացաւ 1․302․500 միլիոն գանատական տոլարի գումար մը։