Թորոնթոյի Մէջ ՀՄԸՄի 23 Սկաուտներ Ստացան «Ս. Ղեւոնդ Երէց» Շքանշանը


«Ս. Ղեւոնդ Երէց» կրօնական շքանշան ստացած ՀՄԸՄի սկաուտները

Հովանաւորութեամբ եւ տնօրինումով Գանատայի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Տ. Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեանի, Գանատայի Հայոց Թեմի Ազգային Առաջնորդարանը, համախորհուրդ ՀՄԸՄի Գանատայի Շրջանային Վարչութեան հետ, 2019-ին հաստատեց «Ս. Ղեւոնդ Երէց» կրօնական շքանշանը, որպէս խթան հայեցի ու քրիստոնէական կազմաւորման վսեմ առաքելութեան։

Այս առթիւ, Ազգ․ Առաջնորդարանը պատրաստեց ու հրատարակեց գրքոյկ մը, որ կը բովանդակէր քրիստոնէական, կրօնաեկեղեցական, աստուածաշնչային, պատմական եւ ազգային նիւթեր: Նշենք, որ գրքոյկի օրհնութեան իր խօսքին մէջ Առաջնորդ Սրբազան Հայրը կը շեշտէր. «Այսօր, առաւել եւս կարեւոր է, որ հայ եկեղեցւոյ զաւակ մը հարստանայ ու զինուի կրօնական ու ազգային գիտելիքներով եւ յաղթահարէ ամէն տեսակի մարտահրաւէրներ, որոնք կը խաթարեն մեր ազգային արժէքները»:

«Ս. Ղեւոնդ Երէց» կրօնական շքանշանի առաջին դասընթացքը տեղի ունեցաւ 27 Ապրիլ 2019-ին, Մոնթրէալի ու Լաւալի սկաուտներուն համար, իսկ երկրորդը՝ 16 Յունիս 2019-ին, Թորոնթոյի եւ Գէմպրիճի սկաուտներուն համար: Մասնակից էին մօտաւորապէս 100 սկաուտներ:

Դասընթացքներն ու դասախօսական նիւթերը բովանդակալից ու հմուտ կերպով ներկայացուց Տ. Տաթեւ Աւագ Քահանայ Միքայէլեան:

Արդարեւ, Կիրակի՝ 2 Փետրուար 2020-ին, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը հանդիսապետեց Թորոնթոյի Ս. Աստուածածին Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ Ս. Պատարագին, որուն ընթացքին, ան օրհնեց թեկնածուները եւ «Ս. Ղեւոնդ Երէց» շքանշան շնորհեց անոնց։

Իր պատգամին մէջ, ան առաջին հերթին գնահատեց ՀՄԸՄի մեծ ընտանիքն ու շքանշանի արժանացած սկաուտները, ընդգծելով, որ ՀՄԸՄը այն միութիւնն է, որ «Բարձրացի՛ր, Բարձրացո՛ւր» եւ «Առողջ միտք՝ առողջ մարմնի մէջ» կարգախօսերուն կողքին, իր սկաուտական շարքերուն կը սորվեցնէ կարգապահութիւն, հնազանդութիւն եւ մանաւանդ հաւատարմութիւն՝ Աստուծոյ, հայրենիքին ու ազգին: Ան գնահատեց ՀՄԸՄի շրջանային վարչութիւնը, որ պատրաստակամութիւն յայտնեց քաջալերելու իր սկաուտները մասնակցելու այս դասընթացքին եւ արժանանալու «Ս. Ղեւոնդ Երէց» կրօնական շքանշանին, ապա, աղօթք բարձրացուց առ Աստուած, որ անխափան ու անվտանգ պահէ ՀՄԸՄի առաքելութիւնն ու հայակերտումի գործը, եւ Իր Ս. Աջը հովանի պահէ այս միութեան վրայ: «ՀՄԸՄի դրօշը միշտ բարձր մնայ մեր Հայրենիքին ու արտերկրի օճախներուն վերեւ ու մեր քայլերը առաջնորդուին դէպի մեր հայրենական ու ազգային տենչերու իրականացումը», եզրափակեց Առաջնորդ Սրբազանը:

Նշենք, որ Փետրուար 9-ին՝ Մոնթրէալի Ս. Յակոբ Առաջնորդանիստ Մայր Եկեղեցւոյ մէջ, իսկ Փետրուար 16-ին՝ Լաւալի Ս. Գէորգ Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ մէջ, ՀՄԸՄ-ի թեկնածու սկաուտներուն եւս պիտի շնորհուի «Ս. Ղեւոնդ Երէց» շքանշանը:

 Շքանշան ստացած սկաուտները եւ Առաջնորդ Սրբազան Հայրը ելոյթի ընթացքին