Թորոնթոյի Մէջ Տեղի Ունեցաւ Հայաստանի Ա․ Հանրապետութեան 100ամեակին Նուիրուած Տօնակատարութիւն


Մայիս 18ին, Թորոնթոյի մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստանի Ա․Հանրապետութեան եւ Մայիսեան հերոսամարտերու հարիւրամեակին նուիրուած տօնակատարութիւն՝ կազմակերպութեամբ հայ քաղաքական երեք կուսակցութիւններուն։

Ձեռնարկը կը հովանաւորէր Գանատայի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան Արտակարգ եւ Լիազօր Դեսպան Պրն. Լեւոն Մարտիրոսեան։

Ձեռնարկի գլխաւոր բանախօսն էր՝ Հայաստանի Ազգային Ակադեմիայի պատմութեան հիմնարկի տնօրէն, Փրոֆ.Աշոտ Մելքոնեան։

Ձեռնարկի աւարտին խօսք առին դեսպան մարտիրոսեան եւ Առաջնորդ Բաբգէն Արքեպիսկոպոս  Չարեան։