Թորոնթոյի Միջ-Յարանուանական Մարմնի Հայաստանի Երկրաշարժի 30ամեակին Նուիրուած Հանդիսութիւն


Օրուան բանախօսներ՝ Զարեհ Աւագ քհնյ․Զարգարեան, Եղիա Ծ․ Վրդ․ Քիրէջեան, Տոքթ․ Անի Հասըրճեան, Գեղարդ Ծ․ Վրդ․ Քիւսպէքեան եւ Յակոբ Ճամպազեան։

Մա­տաթ Բ․ Մա­մու­րեան


Հա­յաս­տա­նի ա­ւե­րիչ երկ­րա­շար­ժի զո­հե­րու 30ա­մեա­կին նո­ւի­րո­ւած յուշ-ե­րե­կոյ եւ հա­ւա­քա­կան ա­ղօթ­քը կազ­մա­կեր­պու­թեամբ Թո­րոն­թո­յի Միջ-Յա­րա­նո­ւա­նա­կան մարմ­նի եւ մաս­նակ­ցու­թեամբ Օն­թա­րիո­յի Գա­նա­տա­հայ Բժշկա­կան Ըն­կե­րակ­ցու­թեան եւ հայ­կա­կան ա­մէ­նօ­րեայ եւ շա­բա­թօ­րեայ վար­ժա­րան­նե­րու երգ­չա­խում­բե­րուն տե­ղի ու­նե­ցաւ Ուր­բաթ՝ Դեկ­տեմ­բեր 7 2018ին, ե­րե­կո­յեան ժա­մը 7։30ին Ս․ Եր­րոր­դու­թիւն Հայց․ Ա­ռաք․ Ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ:

Հան­դի­սու­թեան ներ­կայ էին Ե­ղիա Ծ․ Վրդ․ Քի­րէ­ջեան՝ հո­վիւ Ս․ Գրի­գոր Լու­սա­ւո­րիչ Հայ Կա­թո­ղի­կէ Ե­կե­ղեց­ւոյ, Արժ․ Տ․ Զա­րեհ Ա­ւագ Քհնյ, Զար­գա­րեան, Գա­նա­տա­հա­յոց Թե­մի Փոխառաջ­նորդ եւ հո­վիւ Ս․ Եր­րոր­դու­թիւն Հայց․ Ա­ռաք․ Ե­կե­ղեց­ւոյ, Հոգ․ Տ․ Գե­ղարդ Ծ․ Վրդ․ Քիւս­պէ­կեան, Գա­նա­տա­յի հա­յոց Փոխա­ռաջ­նորդ եւ հո­վիւ Ս․ Աս­տո­ւա­ծա­ծին Հայց․Ա­ռաք․ Ե­կե­ղեց­ւոյ հո­վիւ, Վեր․ Ե­սա­յի Սար­մա­ղեան՝ Հայ Ա­ւե­տա­րա­նա­կան ե­կե­ղե­ցի, Բրշ․ Նուր­հան Սրկ․ Ի­փէք­ճեան, Տիար Յա­կոբ Ճան­պա­զեան՝ Ա­տե­նա­պետ ՄիջՅա­րա­նո­ւա­նա­կան մարմ­նի, ինչ­պէս նաեւ հոծ թի­ւով հա­ւա­տա­ցեալ­ներ, ո­րոնք ե­կած էին յար­գե­լու յի­շա­տա­կը երկ­րա­շար­ժի զո­հե­րուն:

Յա­նուն Միջ-Յա­րա­նո­ւա­նա­կան մարմ­նի, բաց­ման խօս­քով հան­դէս ե­կաւ Զա­րեհ Ա­ւագ Քհնյ․ Զար­գա­րեան, բա­րի գա­լուստ մաղ­թեց ներ­կա­նե­րուն եւ ակ­նարկ մը նե­տեց 30 տա­րի­ներ ա­ռաջ պա­տա­հած ա­ւե­րիչ երկ­րա­շար­ժին:

Մաս­նակ­ցու­թեամբ ներ­կայ հո­գե­ւո­րա­կան­նե­րու տե­ղի ու­նե­ցաւ հո­գե­հանգս­տեան ա­րա­րո­ղու­թիւն եւ հա­ւա­քա­կան ա­ղօթք, եր­գե­ցո­ղու­թիւ­նը ներ­դաշ­նակ կեր­պով կա­տա­րո­ւե­ցաւ Ս․ Ե․ Հ․ Ա․ ե­կե­ղեց­ւոյ դպրաց դա­սի կող­մէ՝ ղե­կա­վա­րու­թեամբ դպրա­պետ Շա­հէ Ալ­թու­նեա­նի, եր­գե­հո­նի ըն­կե­րակ­ցու­թեամբ Սօ­նա Ար­թի­նեա­նի:

Օն­թա­րիո­յի Գա­նա­տա­հայ Բժշկա­կան Ըն­կե­րակ­ցու­թեան խօս­քը փո­խան­ցեց Ա­տե­նա­պե­տու­հի Տոքթ․ Ա­նի Հա­սըր­ճեան։ Իր խօս­քե­րուն մէջ ան ը­սաւ, «7 Դեկ­տեմ­բեր 1988ի ա­ռա­ւօ­տեան ժա­մը 11:41 անց, 2 ի­րե­րա­յա­ջորդ ցնցում­նե­րով, Հա­յաս­տանի մէջ Սպի­տա­կի երկ­րա­շար­ժը 6։9 Ռիշ­թըր չա­փա­նի­շի ուժգ­նու­թեամբ, քա­նի մը երկ­վայր­կեա­նի մէջ 700,000է ա­ւե­լի ժո­ղո­վուր­դի բնա­կա­վայ­րե­րը ա­ղէ­տի գօ­տիի վե­րա­ծեց, 25,000 ա­ւե­լի ան­ձեր մա­հա­ցան, վի­րա­ւո­րո­ւե­ցան շուրջ 31,000 հա­յեր եւ ան­տուն մնա­ցորդ­նե­րուն թի­ւը 514,000ը կ’անց­նէր:

30 տա­րի­ներ ա­ռաջ, հա­կա­ռակ ա­նոր որ ար­դի tecknologyն չ­կար, լու­րե­րը այ­սօ­րո­ւայ նման երկ­վայր­կեա­նին ստա­նա­լու, սա­կայն կար­ծէք Սպի­տա­կի Երկ­րա­շար­ժի գոյ­ժը կայ­ծա­կի ա­րա­գու­թեամբ հա­ղոր­դո­ւե­ցաւ հա­մայն աշ­խար­հի տա­րած­քին եւ ֆի­զի­քա­պէս ցնցո­ւած Հայ­րե­նի­քի դղրդիւ­նը պատ­ճառ հան­դի­սա­ցաւ Սփիւռ­քի Հայ ժո­ղո­վուր­դի Հայ­րե­նիքն օ­ժան­դա­կե­լու միաս­նա­կան զգաս­տու­թեան:

Այս հի­ման վրայ երկ­րա­շար­ժի յա­ջորդ օրն իսկ, խումբ մը նո­ւի­րեալ բժիշկ­ներ, ա­տամ­նա­բոյժ­ներ, հի­ւան­դա­պա­հու­հի­ներ, դե­ղա­գործ­ներ եւ ա­ռող­ջա­պա­հու­թեան ո­լոր­տին մէջ ե­ղող մաս­նա­գէտ­ներ, Թո­րոն­թո­յի բո­լոր Հայ Ե­կե­ղե­ցի­նե­րու եւ գոր­ծօն Միու­թիւն­նե­րու կող­քին հրա­ւի­րո­ւե­ցան Թո­րոն­թո­յի Հայ Կեդ­րո­նի ղե­կա­վա­րու­թեան կող­մէ եւ կազ­մա­կեր­պե­ցին դե­ղո­րայ­քի եւ շտապ օգ­նու­թեան ա­ռող­ջա­պա­հա­կան կա­րիք­նե­րու գոր­ծըն­թա­ցը: Այս օ­րը կը զու­գա­դի­պի մեր Բժշկա­կան Ըն­կե­րակ­ցու­թեան 30ա­մեա­կին հետ: Այդ կա­պակ­ցու­թեամբ 2 շա­բաթ ա­ռաջ մենք շարք մը ձեռ­նարկ­ներ ու­նե­ցանք ար­դէն: Սա­կայն այս ո­գե­կոչ­ման յա­տուկ հա­ւա­քով, մաս­նա­ւո­րա­բար կազ­մա­կեր­պո­ւած Թո­րոն­թո­յի Հայ­կա­կան Ե­կե­ղե­ցի­նե­րու Միջ-Յա­րա­նո­ւա­նա­կան Մարմ­նի կող­մէ, կը փա­փա­քինք թո­րոն­թո­հա­յու­թեան հետ նշել մեր Ըն­կե­րակ­ցու­թեան ծնունդ տո­ւող դէպ­քը՝ Երկ­րա­շար­ժը, ա­ղօթ­քով, խորհր­դա­ծու­թեամբ եւ նոր յանձ­նա­րա­րու­թեամբ Հայ­րե­նի­քին ու Ար­ցա­խին օ­ժան­դա­կե­լու եւ լու­սա­շող ա­պա­գա­յի ա­ռաջ­նոր­դե­լու վառ յոյ­սե­րով»:

Ան իր խօս­քը ա­ւար­տեց ա­ւելց­նե­լով, «Անձ­նո­ւէր ո­գիով ծա­ռա­յե­լու վեհ ար­ժէք­նե­րը պա­հե­լով, գի­տակ­ցինք, թէ Հա­յաս­տան եւ Սփիւռք զի­րար ամ­բող­ջաց­նող միա­ւոր­ներ են եւ միաս­նա­կան ո­գին միայն մեզ կը զօ­րաց­նէ: Տէ­րը օրհ­նէ մեր Հայ­րե­նի­քը եւ մեր ժո­ղո­վուր­դը ա­մէ­նու­րեք»:

Հայ Կա­թո­ղի­կէ Ս․ Գրի­գոր Լու­սա­ւո­րիչ Շա­բա­թօ­րեայ վար­ժա­րա­նի ա­շա­կերտ­նե­րը ղե­կա­վա­րու­թեամբ Հռիփ­սի­մէ Թով­մա­սեա­նի,  դաշ­նա­կի ըն­կե­րակ­ցու­թեամբ Վա­նիկ Յով­հան­նի­սեա­նի, եւ ՀՕ­Մի Գո­լո­լեան վար­ժա­րա­նի ա­շա­կերտ­նե­րը, ղե­կա­վա­րու­թեամբ Սօ­նա Յով­սէ­փեա­նի խմբեր­գե­ցին հայ­րե­նա­սի­րա­կան եւ ազ­գա­յին եր­գեր՝ ար­ժա­նա­նա­լով ներ­կա­նե­րու գնա­հա­տան­քին:

Փակ­ման խօս­քով հան­դէս ե­կաւ Գե­ղարդ Ծ․ Վրդ․ Քիւս­պէ­կեան, որ նախ շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նեց հիւ­րըն­կալ Ս․ Եր­րոր­դու­թիւն Հայց․ Ա­ռաք․ Ե­կե­ղեց­ւոյ Հո­վի­ւին, Ծխա­կան Խոր­հուր­դին, շնոր­հա­ւո­րեց Միջ-Յա­րա­նո­ւա­նա­կան Մարմ­նի եւ Օն­թա­րիո­յի Գա­նա­տա­հայ Բժշկա­կան Ըն­կե­րակ­ցու­թեան (ո­րոնց հիմ­նադ­րու­թեան 30ա­մեակն ալ կը զու­գա­դի­պէր այս տա­րի) հա­մե­րաշխ գոր­ծակ­ցու­թիւ­նը, ինչ­պէս նաեւ Տօքթ․ Հա­սըր­ճեա­նի խո­րի­մաստ խօս­քե­րուն հա­մար եւ յայ­տագ­րի մաս կազ­մող հայ­կա­կան ա­մէ­նօ­րեայ եւ շա­բա­թօ­րեայ վար­ժա­րա­նի տնօ­րէ­նու­թեան« ու­սուց­չա­կան կազ­մին եւ ա­շա­կերտ­նե­րուն:

Ե­ղիա Ծ․ Վրդ․ Քի­րէ­ջեա­նի պահ­պա­նի­չով ձեռ­նար­կը իր ա­ւար­տին հա­սաւ, որ­մէ ետք տե­ղի ու­նե­ցաւ հիւ­րա­սի­րու­թիւն Ե­կե­ղեց­ւոյ Տիկ­նանց Միու­թեան կող­մէ:

Հայկական ամէնօրեայ եւ շաբաթօրեայ վարժարաններու աշակերտներ ելոյթի պահուն։