Թորոնթոյի “Նայիրի” եւ Հայ Պատանեկան “Նուռ” Երգչախումբերու Ելոյթը “2018 Միասին Երգենք” փառատօնին


Թո­րոն­թո­յի “Նա­յի­րի” երգչախումբը

Մա­յիս 5ի ե­րե­կո­յեան, ժա­մը 7:00ին, Թո­րոն­թո­յի Քո­րէա­կան ՙFull Of Joy՚ ­կե­ղեց­ւոյ մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ մի­ջազ­գա­յին ե­րաժշ­տա­կան ե­րե­կոյթ, բաղ­կա­ցած եօ­թը երգ­չա­խում­բե­րէ, ո­րոնք ներ­կա­յա­ցու­ցին վեց ազ­գու­թիւն­ներ: Այս ե­լոյ­թին ի­րենց մաս­նակ­ցու­թիւ­նը բե­րին նաեւ Թո­րոն­թո­յի “Նա­յի­րի” եւ Հայ պա­տա­նե­կան  “Նուռ” երգ­չա­խում­բե­րը: Ա­նոնք միաս­նա­բար եր­գե­լով տօ­նախմ­բե­ցին զա­նա­զան մշա­կոյթ­նե­րու ազ­գա­յին եր­գե­րու նմոյշ­ներ՝ ի­րա­կա­նաց­նե­լով ՙՄիա­սին Եր­գե­լու՚ նշա­նա­բա­նը:

Քսա­նե­րեք տա­րո­ւան կեանք ու­նե­ցող այս կազ­մա­կեր­պու­թեան նպա­տա­կը ե­ղած է եր­գով ծա­նօ­թաց­նել տար­բեր մշա­կոյթ­նե­րու ե­րաժշ­տու­թիւ­նը: Ա­հա այդ նպա­տա­կով՝ Թո­րոն­թո­յի քսա­նա­մեայ ՙՆա­յի­րի՚ երգ­չա­խում­բը իր մաս­նակ­ցու­թիւ­նը բե­րաւ այս տա­րի եւս ՙՄիա­սին Եր­գենք՚ ծրա­գի­րին:

Այս երգ­չա­խում­բը քսան տա­րի­նե­րու ըն­թաց­քին ե­ղած է գոր­ծու­նեայ Թո­րոն­թո­յի հայ հա­մայն­քէն ներս: Ե­լոյթ ու­նե­ցած է Թո­րոն­թո­յի բազ­մամ­շա­կու­թա­յին տա­րե­կան հա­մերգ ու փա­ռա­տօ­նե­րուն:

Եր­գա­հան­դէ­սի յայ­տագ­րի բաց­ման տու­տու­կա­հար Վա­հան Ու­րու­թեան նո­ւա­գեց ՙԵ­րա­նի Թէ՚ եր­գի ե­րա­ժեշ­տու­թիւ­նը: Ա­պա՝ Թո­րոն­թո­յի ՙՆա­յի­րի՚ երգ­չա­խում­բը խմբա­վա­րու­թեամբ Սօ­նա Յով­սէ­փեա­նի՝ դաշ­նա­կի ըն­կե­րակ­ցու­թեամբ Թա­լին Քէ­լէ­պօ­զեա­նի՝ ներ­կա­յա­ցուց ե­րեք հա­յե­րէն եր­գեր՝ Թա­թուլ Ալ­թու­նեա­նի ՙՀոյ Նար՚, Գու­սան Շա­հէ­նի ՙԶէ­փիւ­ռի Նման՚« եւ Առ­նօ Պա­պա­ճա­նեա­նի ՙԱզգ Փա­ռա­պանց՚ եր­գե­րը:

Ազ­գա­յին ժո­ղովր­դա­կան եր­գե­րու մէջ որ­պէս մե­նա­կա­տար­ներ հան­դէս ե­կան Մով­սէս Հա­յի­թեան, Ա­րա Տէր Յա­րու­թու­նեան եւ Ա­լե­նուշ Պա­ղու­մեան, ո­րոնք ի­րենց գե­ղե­ցիկ ձայ­նե­րով ա­ւել­ցու­ցին հա­մեր­գին փայ­լը:

Սիւն եր­գե­րը նո­ւի­րո­ւե­ցան գե­ղա­րո­ւես­տա­կան ղե­կա­վար եւ խմբա­վար՝ ող­բա­ցեալ Սար­գիս Համ­պո­յեա­նի յի­շա­տա­կին, որ 2002էն մին­չեւ իր մա­հը իր ժրա­ջան ու նո­ւի­րեալ աշ­խատն­քով շա­րու­նա­կեց իր ներդ­րու­մը բե­րել ՙՆա­յի­րի՚ երգ­չա­խում­բի յա­ռաջ­դի­մու­թեան ու վե­րել­քին:

Այս ա­ռի­թով, պէտք է անդ­րա­դառ­նալ երգ­չա­խում­բի հիմ­նա­դիր ու կազ­մա­կեր­պիչ Մա­րի­նա Տոր­նա­յին, որ քսան տա­րի­ներ ա­ռաջ կեան­քի կո­չեց այս երգ­չա­խում­բը եւ իր կո­րովն ու ժա­մա­նա­կը ան­սա­կար­կօ­րէն նո­ւի­րեց ՙՆա­յի­րի՚ երգ­չա­խում­բի գո­յու­թեան եւ կեն­սու­նա­կու­թեան:

Պատանեկան “Նուռ” երգչախումբը

Եր­գա­հան­դէ­սին ի­րենց մաս­նակ­ցու­թիւ­նը բե­րաւ նաեւ Հայ Պա­տա­նե­կան ՙՆուռ՚ երգ­չա­խում­բը, ո­ր ծնունդ ա­ռած է 2012ին ՙՕք­վիլ՚ի հայ շա­բա­թօ­րեայ վար­ժա­րա­նէն ներս: Ֆրանք Փէ­թի­զեա­նի խմբա­վա­րու­թեամբ պա­տա­նե­կան այս երգ­չա­խում­բը վեր­ջին չորս տա­րի­նե­րուն ծաղ­կե­ցաւ, հա­սա­րա­կու­թեան հրամց­նե­լով հայ եր­գը, յա­ճախ ժա­մա­նա­կա­կից ո­ճով՝ ըն­կե­րակ­ցու­թեամբ տար­բեր ե­րաժշ­տա­կան գոր­ծիք­նե­րու:

Տասն­հինգ հո­գի­նոց երգ­չա­խում­բը ներ­դաշ­նակ կեր­պով ներ­կա­յա­ցուց Նո­ւայր Պէյ­լէ­րեա­նի ՙԱ­րի Մեր Տուն՚, ՙԷշ­լի­կին Եր­գը՚, Սիլ­վա Յա­րու­թու­նեա­նի ՙԹրթուր եւ Թի­թեռ­նիկ՚, Ճօն Լէ­նօն եւ Փոլ Մա­քարթ­նի ՙAll Together Now՚ եր­գե­րը:

Նո­ւա­գա­խում­բին կ­՛ըն­կե­րակ­ցէր կի­թա­ռի վրայ Ա­լէք Փէ­թի­զեան եւ Հրակ Համ­պո­յեան, Պու­զու­քի Պաս՝ Ռոպ Փէ­թի­զեան, Թմբու­կի վրայ՝ Սօ­ֆի Համ­պո­յեան:

Յայ­տագ­րին վեր­ջին բա­ժի­նը բո­լոր երգ­չա­խում­բե­րը միաս­նա­բար ներ­կա­յա­ցու­ցին եր­կու խմբա­յին եր­գեր՝ հա­րիւ­րէ ա­ւե­լի ձայ­նե­րով ու եր­կու տար­բեր խմբա­վար­նե­րով:

Սի­րոյ, հա­մե­րաշ­խու­թեան եւ լա­ւա­տե­սու­թեան խօս­քե­րով վերջ գտաւ ե­րե­կոյ­թը: