Թորոնթոյի Սահմռկեցուցիչ Արարքին Եւ Յունաստանի Հրդեհներու Զոհերու Հոգեհանգստեան Պաշտօն Թորոնթոյի Մէջ


Յարութիւն Դերձակեան


 Թորոնթոյի նշանաւոր յունական թաղամասը ( Greektown ), որ կը գտնուի Տէնֆորթ պողոտայի շարունակութեան վրա,« ուր կը ծածանին յունական դրօշակներ, յունական տառերով գրուած փողոցներու ու խանութներու անուններ, իսկ պողոտայի վրայ քով քովի շարուած են բազմաթիւ ճաշարաններ ու ծաղարաններ: Այս թաղամասը գրեթէ ամէն եղանակին շատ բանուկ եւ եռուզեռ ունեցող թաղամաս մըն է:

22 Յուլիսին, օգտուելով գեղեցիկ օդէն, ժողովուրդը լեցուցած էր տեղւոյն ճաշարաններու բացօթեայ եւ ներքին սրահները: Գիշերը ժամը 22.00ի շուրջ, անծանօթ մը անակնկալօրէն եկաւ այդ ճաշարաններէն մեկուն առջեւ ու փողոցէն դէպի ներս սկսաւ կրակել, հոն, ուր որ երիտասարդ աղջիկներ ուրախութեամբ ու մեծ ոգեւորութեամբ կը տօնէին իրենց ընկերուհիին տարեդարձը: Այս վայրագ արարքի հետեւանքով մահացան 18 եւ 10 տարեկան երկու աղջիկներ, իսկ վիրաւորուեցան 13 զանազան տարիքէ անձեր, որոնք փոխադրուեցան մօտակայ հիւանդանոց:

Այս սարսափելի արարքին հեղինակը` 29 տարեկան Ֆայսալ Հիւսէյն, ոստիկաններուն կրակ բանալէ ետք անձնասպան եղաւ ու տեղւոյն վրայ մահացաւ: Ծանր վիրաւորեալներուն մէջ կը գտնուէր նախկին Պոլսահայ ընտանիքի մը 18ամեայ զաւակը՝ Մելիսան, որ երկու բարդ ու յաջող գործողութիւններու ենթարկուեցաւ։ Մելիսան ներկայիս խտացեալ դարմանումի բաժնէն ելած է եւ կեանքի վտանքը անցուցած է։

29 Յուլիսին Թորոնթոյի Ս․ Երրորդութիւն Հայց․ Առաքելական եկեղեցւոյ մէջ յընթացս Ս․ պատարագի Գանատահայոց փոխառաջնորդ եւ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Զարեհ Ա․ Քհնյ․ Զարգարեանի առաջնորդութեամբ եւ ներկայ հաւատացեալներու մասնակցութեամբ, ՙՍասուն՚ պարախումբի պարուհիներէն Մելիսայի ապաքինման համար մասնաւոր ՙԲժշկութեան աղօթք՚ կատարուեցաւ, ապա Տէր Հայրը այս առիթով իր պատգամը փոխանցեց։

Յաւարտ Ս․ Պատարագի մասնաւոր հոգեհանգստեան պաշտօն կատարուեցաւ, Յունաստանի հրդեհներու պատճառով զոհուածներու, ինչպէս նաեւ Թորոնթոյի մէջ տեղի ունեցող արարքի զոհերուն ի հանգիստ, որոնց յուղարկաւորութիւնը տեղի ունեցաւ յաջորդ օրը։