«Թումօ-Տուփ»՝ Նոր Նախագիծ Մարզերու Երեխաներու Ստեղծարար Ունակութիւնները Զարգացնելու Համար


Թումօ ստեղծարար արհեստագիտութիւններու կեդրոնը յայտարարած է նոր ծրագիրի մը մասին, որ կը կոչուի «Թումօ-Տուփ»։  

 «Թումօ-Տուփ» նախագիծը հնարաւորութիւն պիտի տայ առանց շինարարական մեծ ծախսերու փոքր համայնքներու պատանիներուն համար հասանելի դարձնել Թումոյի կրթական ծրագիրը` ապահովելով անոնց կրթական տարածքով: Թումօ-տուփին աջակցած է Կեդրոնական դրամատունը: Թումօ-տուփը հեշտ տեղաշարժուող, սակայն տեխնիկապէս յագեցած փոքրիկ-Թումօ է: Անիկա կրնայ տեղադրուիլ որեւէ քաղաքի կամ գիւղի մէջ, եւ ծառայել որպէս Թումոյի ինքնուսուցողական տարածք տեղի պատանիներուն համար: Անցնելով ինքնուսուցման ընթացքը իրենց տեղական Թումօ-Տուփին մէջ` ուսանողները մասնագիտացուած դասընթացներու փուլի ժամանակ կ՛ուղեւորուին մօտակայ մեծ կեդրոն` Թումօ հանգոյց: 

Առաջին Թումօ-տուփը պիտի սկսի գործելու Տաւուշի Բերդ քաղաքին մէջ՝ համագործակցութեամբ Ամունդի-ակբա ընկերութեան  եւ նուիրատուութեամբ Hayg Foundation հիմնադրամին: Բերդի եւ մօտակայ բնակավայրերու ուսանողները, իրենց գործնական դասընթացները պիտի ընեն Թումօ Դիլիջանի մէջ, որ պիտի վերածուի կրթական հանգոյցի: Թումօ-տուփը հնարաւորութիւն պիտի տայ արհեստագիտութիւններու եւ ձեւաւորման (design) ոլորտներու մէջ կրթութեամբ ապահովել տարեկան շուրջ 250 պատանիներու:

Բերդի Թումօ-տուփը պիտի սկսի գործելու 2019-ի Սեպտեմբերէն` Թումոյի ինքնակրթական փուլ հրաւիրելով առաջին 160 ուսանողները: 

 «Թումօ-տուփերը պիտի ըլլան Թումոյի արբանեակային փոքրիկ-կեդրոններ, որոնք փոխադրամիջոցով պիտի կապուին Թումօ մեծ կեդրոններու հետ: Այս համակարգը հնարաւորութիւն պիտի տայ նուազագոյն ֆինանսական միջոցներով ապահովել մարզերու պատանիները Թումոյի կրթական փորձառութեամբ: Շատ շնորհակալ ենք գործընկերներուն, որոնք տեսան նախագիծին ներուժը եւ իրականութիւն դարձուցին առաջին Թումօ-տուփը»,  նշած է Թումոյի տնօրէն Մարի Լու Փափազեան: 

 «Նոյն ձեւով կը նախատեսենք մեր ծրագիրը ընդլայնել Արցախի եւ Շիրակի մէջ նոր Տուփերու եւ Ստեփանակերտի ու Գիւմրիի կեդրոններու համագործակցութեամբ, ինչպէս նաեւ մօտ ապագային` Մասիսի եւ Կողբի մէջ բացուող Թումոները նոյնպէս պիտի վերածուին կրթական հանգոյցներու: Յուսանք, բոլոր մարզերուն մէջ կը գտնենք ղեկավարներու, գործընկերու եւ հովանաւորներու աջակցութիւնը»,  ըսած է Թումոյի նախագահը:

Իսկ Դիլիջանի Թումօ կեդրոնը վերանորոգման եւ արդիականացման աշխատանքներու շնորհիւ հնարաւորութիւն պիտի ունենայ ընդունելու աւելի մեծ թիւով Թումօ ուսանողներ, ինչպէս նաեւ պիտի յատկացուին տարածքներ խմբային եւ անհատական աշխատանքներու, հանդիպումներու եւ ձեռնարկներ կազմակերպելու համար: Շէնքին մէջ պիտի գործէ կինոթատրոն, դասընթացներու եւ ինքնազարգացման համար յարմար տարածքներ: