Թուրքերը Կը Հերքեն Ցեղասպանութեան Մասին Բոլոր Ապացոյցները, Իսկ Ազրպէյճանցիները` Կաշառքի Հետ Առնչուածները


Յարութ Սասունեան

Հակառակ ներկայացուած բոլոր տեսակի ապացոյցներուն, աւելի քան դարէ մը ի վեր թրքական կառավարութիւնը կը շարունակէ հերքել Հայոց ցեղասպանութիւնը գործադրած ըլլալու իր յանցանքը` մնայուն կերպով պնդելով, որ այդ բոլորը կեղծիք են:

Նոյն ձեւով, եւ հակառակ Ազրպէյճանի ղեկավարութեան ներկայացուած բոլոր ապացոյցներուն` կաշառատւութեան եւ փտածութեան գործունէութեան մէջ իր միլիառաւոր տոլարներու չարաշահման գծով, ազրպէյճանական կառավարութիւնը միշտ կը հերքէ փաստերը եւ կը մեղադրէ` «այլ երկիրներ», հայերն ու որոշ անհատներ, զորս կը նկատէ իրեն դէմ եղողներ…

Անցեալ շաբաթը բացառութիւն չէր: «Կարտիըն»ը եւ աշխարհի քանի մը տասնեակ այլ թերթեր հաղորդեցին, որ Ազրպէյճանի կառավարութիւնը 2012-2014 աւելի քան 3 միլիառ տոլարի կաշառք տուած է բազմաթիւ անհատներու եւ հաստատութիւններու` ամբողջ Եւրոպայի մէջ: Ըստ «Կարտիըն»-ի, աւելի քան 16 հազար նման գործարքներ կատարուած են: Այս մեծ գայթակղութեան մէջ կաշառելու համար մեղաւոր է ոչ միայն Ազրպէյճանի կառավարութիւնը, այլ նաեւ` եւրոպացի այն բոլոր պաշտօնեաները, որոնք կաշառք վերցուցած են Ալիեւի վարչակարգին ապօրինի ծառայութիւններ մատուցելու համար…

Այն, ինչը «Կարտիըն»ը կը նկարագրէ իբրեւ «ազրպէյճանական լուացքատուն», կը ներառէ «խիստ ազդեցութեան ծրագիր մը, վարձավճարներ` լոպիիստներուն, պաշտպաններուն եւ եւրոպացի քաղաքական գործիչներուն` կանխիկ գումար «լուալ»-ու համար, (որ) կու գայ Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ կապուած ընկերութիւններէ, պետական նախարարութիւններէ եւ երկրի մեծագոյն` Ազրպէյճանի Միջազգային դրամատունէն, որ վերջերս սնանկութեան դիմում ներկայացուցած էր: Կանխիկ գումարը փոխանցուած է ստուերային կառավարում ունեցող բրիտանական չորս ընկերութիւններէ եւ այնտեղէն ծախսուած է  տարբեր երկիրներու մէջ, որոնց շարքին` Գերմանիոյ, Մեծն Բրիտանիոյ, Ֆրանսայի, Թուրքիոյ, Իրանի եւ Ղազախստանի մէջ»: «Կարտիըն» մոռցած է աւելցնել Պելճիքան եւ Իտալիան…

Ազրպէյճանական ապօրինի դրամները բրիտանական ընկերութիւններ ուղղուած են Դանիոյ ամէնէն մեծ դրամատան` «Տանսքէ»ի էսթոնական մասնաճիւղին միջոցով: Այս ստուերային ընդյատակեայ ընկերութիւններէն երկուքը եղած են սկովտիական սահմանափակ ընկերութիւններ` «Հայլիւքս Սերվիսըս եւ Փոլիւքս Մէնէյճմընթ», որոնք կը վերահսկուին գործակատարներու կողմէ, բրիտանական Վըրճինեան կղզիներուն մէջ:

Ճանչնանք այս ապօրինի փոխանցուած ֆոնտերու շահառուներէն քանի մը հոգին: Ըստ «Կարտիըն»ի, «անոնցմէ մէկը Լուքա Վոլոնթէն է, Եւրոպայի Ժողովրդական կուսակցութեան աջ-կեդրոն խումբի նախկին իտալացի նախագահը` Եւրոպական խորհուրդի խորհրդարանական վեհաժողովին մէջ (ԵԽԽՎ): Վոլոնթէ շարքին էր ԵԽԽՎ-ի այն պատուիրակներուն, որոնք տարօրինակ կերպով դէմ քուէարկեցին Ազրպէյճանի մէջ մարդկային իրաւունքներու խախտումները քննադատող 2013-ի զեկոյցին: Ըստ բացայայտուած տուեալներու, ան ստացած է աւելի քան երկու միլիոն տոլար: Իտալիոյ մէջ անոր առաջադրուած է մեղադրանք` դրամի լուացման եւ կաշառակերութեան համար, կապուած` «Խաւիարային դիւանագիտութիւն» անունը ստացած հետաքննութեան: Ան կը հերքէ բոլոր անօրինութիւնները»:

«Կարտիըն»ի համաձայն, մէկ այլ բարձրաստիճան շահառու է «Գերմանիոյ խորհրդարանի նախկին պատգամաւոր Էտուըրտ Լինթնըրը` Քրիստոնէական սոցիալական միութենէն… 2012-2014, երբ ան այլեւս պատգամաւոր չէր, անոր հիմնադրամը ստացած է 819 հազար եւրօ: Լինթնըր 61 հազար եւրոյի կանխիկ գումար ստացած է` որպէս ընտրութիւններու դիտորդ, Ազրպէյճան այցելելէն երկու շաբաթ ետք: Ան բարձրօրէն գնահատած է քուէարկութիւնը եւ որակած` մինչեւ իսկ «գերմանական չափանիշներուն» համապատասխանող: Ան ըսած է, որ վճարումները եղած են օրինական աշխատանքի համար, եւ ինք անձամբ չէ օգտուած այդ գումարէն կամ ծանօթ չէ այդ դրամական միջոցներու սկզբնաղբիւրին»:

Ըստ «Կարտիըն»ի, «Կանխիկ գումար ուղարկուած է նաեւ Պուլկարիա եւ Զուիցերիա` Քալին Միթրեւի պատկանող դրամատնային հաշիւներուն, որ ժամանակին եղած է յատուկ խորհրդատու, իսկ այժմ կ՛աշխատի Լոնտոնի Վերակառուցման եւ զարգացման եւրոպական դրամատան համար: Միթրեւ կը յայտնէ, որ գումարը եղած է մասնաւոր եկամուտ` օրինական խորհրդատուական աշխատանքներէ, եւ ինք ծանօթ չէ դրամական միջոցներու սկզբնաղբիւրին: Ան կը հերքէ, թէ որեւէ անօրինութիւն կատարած է»:

Կան նաեւ քանի մը բարձրաստիճան ազրպէյճանցի պաշտօնեաներ, որոնք օգտուած են այդ հիմնադրամներէն: Ազրպէյճանական ընկերութիւն մը` «Պաքթելեքոմ Էմ.Էմ.Սի.», աւելի քան 1,4 միլիառ տոլար փոխանցած է ստուերային դրամատնային հաշիւներու:

Հետաքրքրական է այն, որ հունգարական թերթը եւս բացայայտած է, որ այն պահուն, երբ Հունգարիա կ՛արտայանձնէր Ռամիլ Սաֆարովը` 2004ին Պուտափեշտի մէջ ՕԹԱՆի զօրավարժութիւններուն ընթացքին հայ սպան կացինահարած ազրպէյճանցի մարդասպանը, Ազրպէյճան քանի մը դրամատնային փոխանցումներ կատարած է հունգարական «Էմ. Քէյ. Պի.» դրամատան, ընդհանուր` 7 միլիոն տոլար գումարի չափով: Սա եւս մէկ օրինակ է Ազրպէյճանի գաղտնի դրամատուներու կաշառակերութեան օգտագործման` Եւրոպայի մէջ եւ այլուր,  իր շահերուն հետապնդման համար:

Ազրպէյճանցիները ի հարկէ չեն ընդունիր իրենց անօրինութիւնները եւ կը մեղադրեն բոլորը` հայերէն սկսեալ մինչեւ միլիառատէր Ճորճ Սորոսը եւ միջազգային լրատուական միջոցները:  «Ազրպէյճանի նախագահի օգնական Ալի Հասանով «Կարտիըն»ի եւ այլ լրատուական միջոցներու յօդուածները որակած է «զրպարտութիւն»… Հասանով ըսած է, որ Ալիեւի վարչակարգը դարձած է բրիտանական հետախուզութեան, հայկական սփիւռքի եւ Միացեալ Նահանգներու կողմէ կազմակերպուած «գայթակղեցուցիչ» արշաւի զոհը», կը տեղեկացնէ «Կարտիըն»: Հասանով մեղադրած է որոշ հակաազրպէյճանական շրջանակներ, որոնք` «Արեւմուտքի եւ մասնաւորապէս Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ կը վերահսկուին հայկական սփիւռքի միջոցներուն շնորհիւ»: Բացի ասկէ, Ազրպէյճանի կառավարութիւնը արգելափակած է հասանելիութիւնը Կազմակերպուած յանցաւորութեան եւ կաշառակերութեան լուսաբանման նախագիծի կայքին (The Organized Crime and Corruption Reporting Project), որ հրապարակած էր «ազրպէյճանական լուացքատան» մանրամասնութիւնները` դանիական «Պերլինկսք» թերթին մէջ յայտնուած տուեալներու արտահոսքէն ետք:

Անցեալ շաբաթ Մեծն Բրիտանիոյ վարչապետ Թերեզա Մէյ յայտարարեց, որ Յանցագործութիւններու ազգային գործակալութիւնը կը հետաքննէ Ազրպէյճանի կապուած` բրիտանական չորս ընկերութիւններու կաշառակերութեան գործունէութիւնը: Միաժամանակ, Եւրոպական խորհուրդի խորհրդարանական վեհաժողովի քանի մը անդամներ մտադիր են ընդլայնելու Ազրպէյճանի` կաշառելու մնայուն ծրագիրներու գոյութիւն ունեցող ընթացիկ հետաքննութիւնը: