Թուրքիա Կը Պարսպապատէ Քեսապի Մօտ Սահմանը


 

Ամիսներ առաջ թրքական կառավարութիւնը սկսած էր Սուրիոյ հետ սահմանին վրայ երկարող պատ մը կառուցելու: Պատը կը սկսի Քեսապ աւանի Գարատուրան (Սամրա) գիւղի սահմանային անցքէն` հասնելով մինչեւ Աթայրա գիւղաւանը:

Թրծաշաղախուած պատին երկարութիւնը կը հասնի 12 քիլոմեթրի, իսկ բարձրութիւնը` 3 մեթրի. անոր վրայ տեղադրուած են նաեւ 2 մեթր բարձրութեամբ փշաթելեր:

Թրքական իշխանութիւնները յայտնած են, որ այս պատը պիտի հասնի մինչեւ սուրիական Գամիշլի քաղաքը, իսկ կառուցման աշխատանքները պիտի տեւեն առաւելագոյնը եօթը ամիս:

Սուրիոյ ազգային պաշտպանութեան ուժերուն պատրաստած մէկ տեսանիւթը կը հաստատէ պարսպապատման աշխատանքները Քեսապի մօտ:

Թրքական իշխանութիւնները կը պնդեն, որ պարսպապատման այս ծրագիրին նպատակն է դիւրացնել սահմանային վերահսկողութիւնը, մինչ սուրիական կողմը զայն կը տեսնէ իբրեւ խախտում` երկու կողմերուն միջեւ ստորագրուած համաձայնութիւններուն: