Թուրքիոյ Կողմէ Բռնագրաւումը Կը Յանգեցնէ Անմեղներու Մահուան. Գանատայի Հայ Դատի Յանձնախում


Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբը, Փետրուար 7ին, նամակ յղած է Գանատայի արտաքին գործոց նախարար Քրիստիա Ֆրիլանտին` տեղեկացնելով, որ Աֆրինի նկատմամբ թրքական բանակին կողմէ  կիրարկուող զինուած գործողութիւնները անօրինական են:

«Ներկայ իրավիճակը լուրջ սպառնալիք է Սուրիոյ քաղաքացիական պատերազմի խաղաղ լուծման», ըսուած է նամակին մէջ:

Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբը յայտարարած է, որ Թուրքիոյ  կողմէ բռնագրաւումը կը յանգեցնէ անմեղ կիներու եւ երեխաներու  մահուան:

Ընդգծելով, որ Աֆրինը Սուրիոյ խաղաղ եւ անվտանգ շրջաններէն է, նամակը կը յիշեցնէ, որ անիկա սուրիացի ներգաղթեալներու համար ապաստան կը  հանդիսանայ: Նամակին մէջ նաեւ նշուած է. «Այսօր Աֆրինը շրջապատուած է ուժերով, որոնք չեն ուզեր այս շրջանի զարգացումը»:

«Մենք վստահ ենք, որ Գանատան եւ միջազգային հանրութիւնը քիւրտ ժողովուրդին աջակցութիւն ցուցաբերելու բարոյական պարտականութիւն կը կրեն», կոչ ուղղած է Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբը: Յանձնախումբը խստօրէն դատապարտած է յարձակումը, խնդրած, որ արտաքին գործոց նախարարը օգնէ կասեցնելու Թուրքիոյ ապօրինի գործողութիւններն ու վերջինիս զինուած ուժերը անյապաղ դուրս բերելու պահանջ ներկայացնէ: