Թուրքիոյ Մէջ Կը Բացուի Հայկական Առաջին Հեռատեսիլի Կայանը


“Էրմէնիհապեր”,- Հանրապետական Թուրքիոյ պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով պիտի սկսի գործելու հայկական հեռատեսիլի կայան, որ պիտի ըլլայ «Լոյս» թերթի համանուն կայանը: 

«Լոյս TVն առաջին ուղիղ եթերը հեռարձակած է Յունուար 6ին Պոլսոյ Սբ. Վարդանանց եւ Գում Գափուի Սբ. Մարիամ եկեղեցիներէն, երբ Հայ առաքելական Սբ. Եկեղեցին կը տօնէր Քրիստոսի ծնունդը:

«Լոյս TV»ի եւ «Լոյս» լրատուական խորհուրդի անդամ Յարութիւն Քուրալ ըսած է. «Ծննդեան տօնին հետ միասին ծնաւ նաեւ «Լոյս TV»ն»:

Հեռատեսիլի կայանը պաշտօնապէս պիտի սկսի հեռարձակուելու մէկ ամսուան ընթացքին:

Քուրալի խօսքով` 15 օրը անգամ մը հրատարկուող «Լոյս» թերթէն ետք «Լոյս TV»ն հանրապետական Թուրքիոյ պատմութեան մէջ  հայկական առաջին հեռատեսիլի կայանն է: Ան ընդգծած է, որ  կայանը հայերէն եւ թրքերէն բարձր որակի (HD) հեռարձակումներ պիտի ապահովէ: 

«Սա հօրս` 35 տարուան լրագրող Արամ Քուրալի նախագիծն էր: Անոր կարծիքով`  հայկական կայանը անհրաժեշտ է հայ համայնքին համար եւ մենք այս երազանքը իրագործեցինք», նշած է ան:  

Քուրալ տեղեկացուցած է, որ կայանը օրը 3 անգամ հայերէն եւ թրքերէն լուրեր պիտի հեռարձակէ ժամը 08:00ին, 12:00ին եւ 19:00ին, որոնց կարելի պիտի ըլլայ հետեւիլ նաեւ բջիջային հեռախօսներու եւ պլանշեթներու միջոցով:  

Ընդհանուր լուրերէն բացի պիտի ըլլան նաեւ հայ համայնքին հետաքրքրող լուրեր, ինչպէս նաեւ արուեստին, մշակոյթին, մարմնամարզութեան, առողջապահութեան, տնտեսութեան ու քաղաքականութեան վերաբերող հաղորդումներ: Կը նախատեսուին ուղիղ միացումով բանավէճային ծրագիրներ, ինրպէս նաեւ հայ համայնքին համար կարեւոր եւ տօնական օրերուն յատուկ եթերներ։