Թրամփի Վարչակազմը Կ՛առաջարկէ 67 Տոկոսով Կրճատել Հայաստանի ֆինանսական Օգնութիւնը


«Փանարմինիըն»․- Թրամփի վարչակազմը ներկայացուցած է 2018ի ֆինանսական տարուան համար իր առաջարկները, որոնք կը նախատեսեն մեծապէս նուազեցնել Հայաստանին տրուող ֆինանսական աջակցութիւնը:

Հայաստանին կ՛առաջարկուի ընդամէնը $6.8 միլիոն տրամադրել: 2017ին տրամադրուած օգնութիւնը կազմած էր $20.4 միլիոն։

Այսպիսով, օգնութեան ծաւալը կ՛առաջարկուի նուազեցնել 67%ով: Վրաստանին ու Ուքրանիոյ տրամադրուող օգնութիւնը կը նուազի համապատասխանաբար 57%ով ու 70%ով, Ազրպէյճանի օգնութիւնը` 90%ով:

Եւրոպական ու եւրասիական երկիրներուն օգնութիւնը ընդհանուր առմամբ պիտի կրճատուի 60%ով:

Հայաստանին տրամադրուելիք գումարէն $4 միլիոնը կը յատկացուի տնտեսական զարգացման համար, $1.5 միլիոն` թմրամիջոցներու շրջանառութեան վերահսկման, $0.7 միլիոնը` միջուկային զէնքի չտարածման, հակաահաբեկչական պայքարի ու ականազերծման ծրագիրներուն, $06 միլիոնը` ռազմական կրթութեան: