Ինծի Համար Մեծ Պատիւ է Կրկին Արցախ Այցելելը. Փաթրիկ Ֆիորի


Փաթրիկ Ֆիորի համերգի ժամանակ, Շուշի,  28 Յունիս 2019.

«Արցախփրես»,- Յունիս 28-ին, «Ծագումով Հայեր» նախագիծի նախաձեռնութեամբ եւ Արցախի մշակոյթի նախարարութեան աջակցութեամբ Շուշիի մէջ տեղի ունեցաւ Հայ առաքելական եկեղեցւոյ Արցախի թեմի վերակազմաւորման 30-ամեակին նուիրուած համերգ, որուն  յատուկ հիւրն էր ֆրանսահայ նշանաւոր երգիչ Փաթրիկ Ֆիորին (Փաթրիկ Ժան-ֆրանսուա Շուշայեան):

Նշենք, որ ան վերջին անգամ Արցախ այցելած է չորս տարի առաջ:

«Ինծի համար մեծ պատիւ է կրկին Արցախ ըլլալը, որուն համար կան բազմաթիւ պատճառներ», համերգի ժամանակ ըսած է ֆրանսահայ երգիչը։ Ան նշած է, որ ինք Արցախը շատ կը սիրէ․ «Առաջինն այն է, որ ես կը գտնուիմ իմ նախնիներու հողին վրայ: Կը ցանկամ, որ այս հողին վրայ երեխաները կարենան անհոգ մեծնան: Եկրորդ պատճառը՝ որ ես կը ճանչնամ Արցախն ու արցախցիները, եւ կ՛ըսեմ ձեզի` դուք հրաշալի էք: Ես կը սիրեմ պաշտպանել այն երկիրը ու ժողովուրդը, որոնք կ՛ապրին այս հողին վրայ: Ինծի համար շատ կարեւոր է իմանալ իմ ժողովուրդի պատմութիւնը եւ մօտիկէն ճանչնալ իմ արմատները: Մարդ որքան կը մեծնայ, այնքան աւելի կը մօտենայ իր արմատներուն»:

Երգիչը անթաքոյց հպարտութեամբ ընդգծած է իր սէրն ու յարգանքը Արցախի նախագահ Բակօ Սահակեանի հանդէպ` նշելով, որ ինք ուրախ է, որ ճանչցած է նախագահի մարդ տեսակը, զգացած է անոր բարութիւնն ու նրբանկատութիւնը:

Փաթրիկ Ֆիորի խոստացած է կրկին գալ Արցախ ու երգել արցախցիներուն համար: