ԻՆծի Սնունդ եւ Ուժ Տուողը Հայաստանն է․ 25 Տարի Անց Հայրենիք Վերադարձած Վիքթորիա Յովհաննիսեան


“Անկախ”․- Գերմաներէնը` կեանքի ճակատագրական որոշումներէն մէկը

1980ականներուն Վիքթորիա Յովհաննիսեան կը դիմէ Խորհրդային Հայաստանի իշխանութիւններուն, որպէսզի թոյլ տան իրեն մեկնելու Գերմանիա` հանդիպելու հօրը` յայտնի դաշնակցական Էդուարդ Յովհաննիսեանին (Վահան Յովհաննիսեանի հայրը), որ քաղաքական հայեացքներու պատճառով 70-ականներուն Հայաստանէն արտաքսուած էր եւ հանգրուանած Գերմանիա: Ընտանիքը այդ ժամանակուընէ ի վեր հնարաւորութիւն չունէր զայն տեսնելու:

Թէեւ քանի մը անգամ դիմած ու մերժուած էին, այնուամենայնիւ այս անգամ ալ աղջիկը կը դիմէ յոյսով, որ չեն մերժեր: Եւ մինչեւ պատասխանը գար, Վիքթորիան կ՛որոշէ գերմաներէն սորվիլ, որպէսզի մեկնելու պարագային գոնէ քիչ մը գերմաներէն իմանայ:

Վիքթորիան կը մերժեն, բայց գերմաներէնը այնքան հաճելի եկած էր իրեն, որ կ՛որոշէ մինչեւ վերջ սորվիլ: Վեց ամիս անց արդէն բաւական լաւ կը տիրապետէր լեզուին:

1988 թուական, Սպիտակի երկրաշարժ: Աշխարհի տարբեր երկիրներէ Հայաստան կը ժամանէին բազմաթիւ բժիշկներ: Անոնցմէ մէկն ալ զուիցերացի վնասուածքաբան-տեխնիկ Ռիետոն էր: Օր մը Վիքթորիայի ընկերուհին, որ իբրեւ թարգմանիչ կ՛աշխատէր Հայաստան ժամանած գերմանախօս բժիշկներու հետ, կ՛ըսէ, որ իրենց հիւանդանոցին մէջ թարգմանիչի կարիք կայ: Վիքթորիան մասնագիտութեամբ ճարտարապետ էր, կ՛աշխատէր «Երեւաննախագիծ» հիմնարկին մէջ, բայց գերմաներէնը գործնականօրէն կիրառելու հնարաւորութենէն չի հրաժարիր եւ աշխատանքին զուգահեռ կը սկսի նաեւ թարգմանութիւն ընելու Նորք-Մարաշ հիւանդանոցին մէջ:

Երեւանէն` պանիրի հայրենիք

Ինչպէս կ՛ըսեն, կեանքի մէջ ոչինչ պատահական կ՛ըլլայ: Գերմաներէն սորվիլն ալ պատահականութիւն չէր, այլ կեանքը վերադասաւորող այն ճակատագրական նշաններէն մէկը, որ Վիքթորիային առջեւ նոր ճանապարհ մը պիտի բանար:

 Զուիցերիացի բժիշկը, որուն համար Վիքթորիան թարգմանութիւններ կը կատարէր, կը սիրահարուի անոր: կ՛ամուսնանան: 1990ին կը մեկնին Զուիցերիա: Վիքթորիան կը դառնայ Ռիետօ-Յովհաննիսեան:

Զուիցերական յայտնի պանիրով նշանաւոր Գրիւեր նահանգի գողտրիկ քաղաքներէն մէկը` Պիւլը, որ այդ ժամանակ ընդամէնը 10 հազար բնակչութիւն ունէր, կը դառնայ Վիքթորիայի կեանքի ընտանեկան հանգրուանը: Անոր համար ամէն ինչ նոր էր ու հետաքրքրական: Ատիկա էր պատճառը, որ սկիզբը չէր ալ մտածեր աշխատելու մասին, այլ կը զբաղէր փոքրիկին խնամքով ու նոր միջավայրին յարմարելով: Բացի այդ, քաղաքի բնակչութիւնը ֆրանսախօս էր, պէտք էր նաեւ ֆրանսերէն սորվիլ:

– Երկու տարի անց ես զգացի, որ արդէն կ՛ուզեմ աշխատիլ: Բայց ճարտարապետութեամբ զբաղիլը անհնար էր, պէտք է նորէն սորվէի, քանի որ իմ վկայականս այնտեղ չէր ընդունուէր: Ընկերուհի մը ունէի` կիսահայ-կիսառուս, որ երեխաներու խնամքով կը զբաղէր: Օր մը նեղսրտած ըսաւ. «Գոնէ այս քաղաքին մէջ տիկնիկային թատրոն մը ըլլար, չեմ գիտեր` երեխան ինչով զբաղցնեմ»: «Նաթաշա, սպասէ՛, կ՛ըսես` տիկնիկային թատրո՞ն»,- ըսի ու այդ պահուն, ինչպէս ծաղրանկարի մէջ յանկարծ լոյսի պէս միտք մը ծագեցաւ գլխուս մէջ:

«Ֆրուքթուս-արմենիկուս». հայկական տիկնիկային թատրոնի յաղթարշաւը զուիցերական քաղաքին մէջ

Յանկարծակի ծնած միտքը կը դառնայ լուրջ նպատակ: Վիքթորիան անմիջապէս գործի կը լծուի: Կը սկսի տիկնիկներ պատրաստելու: Կը պարզուի` անոր մասնագիտութիւնը այդ հարցով շատ կ՛օգնէ: Եւ այդ հարցով անոր համար անփոխարինելի էր վնասուածքաբան-տեխնիկ ամուսինին արհեստանոցը, ուր, ինչպէս կ՛ըսէ, կային աշխարհի ամենահետաքրքրական նիւթերն ու արհեստագիտութիւնները տիկնիկներ պատրաստելու համար:

– Ես սկսայ տիկնիկներ ստեղծելու: Առաջինը դասական տիկինիկ էր, բայց յետոյ արդէն ատոնք լրիւ իմս էին, կը տարբերէին իրենց ձեւով ու արհեստագիտութեամբ: Փոքրիկ շարժումէ մը կրնային թռվռալ: Վեց ամիս անց արդէն առաջին ներկայացումը պատրաստ էր: Նախ ընտրեցի փիեսը` «Ոսկիի կարասը», գրեցի սենար, յետոյ եկայ Երեւան, մեր Տիկնիկային թատրոնի տնօրէն Ռուբէն Բաբայեանին (որ եղբօրս ու իմ երիտասարդութեան ընկերներէն էր), ըսի, որ նման բան կ՛ուզեմ ընել: Սենարը տուի տիկնիկայինի դերասաններուն, ձայնագրեցինք ու նոյն հայերէն ձայնագրութեամբ ալ Պիւլի մէջ ցուցադրեցի: Ատիկա 1994 թուականին էր: Փաստօրէն, տիկնիկ սարքելէն սկսած մինչեւ ներկայացում գրելը, բեմադրութիւնը, տիկնիկներու խաղը ես կ՛ընէի:

«Ֆրուքթուս-արմենիկուս»ը հետզհետէ մեծ համբաւ կը ստանար ոչ միայն քաղաքին, այլեւ քաղաքէն դուրս: Բոլոր դպրոցներէն կը հրաւիրէին ներկայացումներու: Վերջին ներկայացումը «Անահիտ»ն էր: Ի դէպ, Վիքթորիան կը փորձէր ներկայացումներու միջոցով հնարաւոր չափով տարածել հայկական մշակոյթը: «Անահիտ»ի մէջ նոյնիսկ Խաչատրեանի «Գայանէ»էն ու «Սպարտակ»էն երաժշտական կտորներ կ՛օգտագործէր:

Ճանապարհ դէպի բեմ ու բեմանկարչութիւն

Շուտով Վիքթորիան համագործակցելու կը հրաւիրեն քաղաքի տարբեր թատերական խումբեր: Օրինակ` կ՛առաջարկեն ոչ տիկնիկային ներկայացման համար մեծ` մարդու չափերու տիկնիկներ պատրաստել, որոշ պարագաներու` բեմական ձեւաւորումը իրականացնել կամ, ըսենք, ազդագիրը պատրաստելու: Գեղեցիկ օր մըն ալ ան կը ծանօթանայ զուիցերացի կին բեմադրիչ մը հետ, որ զայն կը ներգրաւէ արհեստավարժ լուրջ նախագիծերու մէջ: Վիքթկրիան կամաց-կամաց կը ձգէ տիկնիկային թատրոնը ու կ՛անցնի «մեծերու» թատրոն:

Օր մը ալ Վիքթորիային կ՛առաջարկեն ամբողջութեամբ ներկայացում մը բեմադրել: Կ՛ընտրէ Շեքսփիրի «Կամակոր կնոջ սանձահարումը»:

– Ժամանակին ես ատիկա կ՛ուզէի իմ տիկնիկայինով ընել, ինծի շատ կը հետաքրքրէր այդ գործը, նոյնիսկ տիկնիկներ պատրաստած էի, բայց չեղաւ: Այդպէս սկսայ աշխատելու այդ ներկայացման վրայ, մեծ թիւով դերասաններու հետ: Կ՛աշխատէի ե՛ւ որպէս սենարի հեղինակ, եւ՛ որպէս բեմանկարիչ, եւ՛ որպէս բեմադրիչ, մէկ խօսքով` ամէն ինչ: Ճիշդ է, ատիկա նաեւ փորձառութիւն էր հասկնալու, որ այդպէս կարելի չէ, քանի որ չես կրնար ամէն ինչ լաւ ընել: Հիմա կը մտածեմ` ես ինծի ի՞նչ վտանգի ենթարկած էի , այդ ի՞նչ առիւծ կերած էի, որ առանց թատերական կրթութեան մտայ այդ աշխատանքի մէջ ու յաջողեցայ (կը ծիծաղի): Ներկայացումը լաւն էր, մարդիկ, մեծ-մեծ պապիկներ դուրս կու գային եւ կ՛ըսէին` կ՛ուզենք սիրահարուիլ: Ներկայացման առաջին բեմադրութենէն ետք ամուսինս, որ 20 տարի անընդհատ կը փորձէր դիմադրել թատրոնի նկատմամբ իմ այդ կիրքին (ան զուիցարացի է, բայց տղամարդիկ ամբողջ Երկրագունդի մէջ նոյնն են), ըսաւ. «Դուն պէտք է երթաս այդ ուղղութեամբ, գնա՛ սորվէ՛, լուրջ կրթութիւն ստացի՛ր»:

Ցիւրիխի արուեստներու ակադեմիա. կեանքը նոր էջէն՝ 48 տարեկանին

Վիքթորիան կ՛ընդունուի արուեստի ոլորտի աշխարհի հեղինակաւոր ուսումնական հաստատութիւններէն մէկը` Ցիւրիխի արուեստներու ակադեմիա, իբրեւ PhD ուսանող: Ան կը տեղափոխուի Ցիւրիխ` երկու տարի ընտանիքէն հեռու ապրելով իսկական ուսանողական կեանքով եւ կեանքի նոր ռիթմով:

– Կարմիր ֆանարներու փողոցին մէջ փոքրիկ բնակարան մը վարձեցինք. ատիկա իմ կեանքի ամենահրաշալի շրջաններէն էր: Իսկ ակադեմիայի մէջ կարծես եւրոպական նորագոյն թատրոնի զարկերակին դպած էի:

Հիմնաւոր կրթութիւն ստանալէ ետք ան, որպէս բեմանկարիչ, աւարտական աշխատանք պէտք է ներկայացնէր: Ակադեմիան շրջանաւարտին 6 հազար եւրօ կը տրամադրէր աւարտական աշխատանքի համար: Այդ ընթացքին Վիքթորիան հերթական այցով կու գայ Հայաստան եւ կը ծանօթանայ բեմադրիչ Նարինէ Գրիգորեանի հետ: Վերջինս աստուածաշնչեան թեմայով նախագիծ մը ունէր` «Յովնանը», որ դեռ չէր բեմադրուած: Ատիկա ալ կը դառնայ Վիքթորիայի աւարտական աշխատանքին նիւթը:

Ներկայացումը կը ցուցադրուի Երեւանի տիկնիկային թատրոնին մէջ եւ կ՛ընդգրկուի թատրոնի խաղացանկին մէջ: Ցիւրիխի արուեստներու ակադեմիայէն ժամանած համապատասխան յանձնաժողովը կ՛ընդունի Վիքթորիային աշխատանքը եւ բարձր գնահատանքի կ՛արժանացնէ: Իսկ երեւանեան թատերական աշխարհի մէջ անիկա թարմ շունչ կը բերէ:

Վերադարձ Հայաստան


Յաջողութեամբ աւարտելով Ցիւրիխի արուեստներու ակադեմիան` Վիքթորիա Ռիետօ-Յովհաննիսեան կը վերադառնայ Երեւան արդէն իբրեւ բեմանկարիչ: Ան կը տեսնէր, որ Հայաստանի մէջ այդ ուղղութեամբ շատ ընելիք կայ: «Յովնան»ի ցուցադրութենէն ետք զայն կը հրաւիրեն աշխատելու Համազգային թատրոն, յետոյ արդէն իբրեւ անկախ բեմանկարիչ կը մասնակցի տարբեր նախագիծերու, տարբեր թատրոններու եւ օփերային թատրոնին մէջ («Սովորական օր», «Արի երազենք», «Հրէշը լուսնի վրայ», «Իմ ընտանիքը իմ ճամպրուկում է», «Կարինէ» օփերա-կատակերգութիւն եւայլն):

 – Ես իմ կեանքը Զուիցերիոյ մէջ սկսայ կառուցելու եւ չէի մտածեր վերադառնալու մասին: Բայց ներքին զգացողութիւն մը կար, գիտէի, որ օր մը պիտի վերադառնամ: Եւ կարծեմ, որ ատիկա ամենաճիշդ որոշումն էր: Կողքէն կրնայ սխալ թուիլ, բայց ինծի համար, անձամբ իմ կեանքի համար ատիկա ճիշդ որոշում էր: Արմատներ, հայրենիք. այս խօսքերը գուցէ հոգեյոյզ կը թուին, բայց ատոնց մէջ իրականութիւն կայ, որովհետեւ կու գայ տարիք մը, երբ ուղղակի ֆիզիկապէս կը զգաս ատոր կարիքը: Ծաղիկը, որ ծաղկամանի մէջ է, կրնայ երկար ժամանակ այդպէս մնալ, բայց անոր հող պէտք է: Երբ վերջին տարիներուն մէկ-երկու շաբաթով կու գայի Հայաստան, սնուած, ուժով եւ կորովով լեցուած կը վերադառնայի ու կը շարունակէի ապրիլ մինչեւ յաջորդ գալս: Այսինքն` ես բացայայտ, պարզ իմ մաշկի վրայ զգացի, որ սնունդը, ուժը այստեղ է եւ ես պէտք է Հայաստան ըլլամ: