Ինչպէ՞ս Դիմագրաւել Հայաստանի Ժողովրդագրական Մարտահրաւէրները


«Արմռատիօ»,- 1982-1992 թուականներուն Հայաստանի մէջ եղած է մօտ 77 հազար ծնունդ, իսկ 1992-2002` 46 հազար: Այսինքն` մօտ 41%- ով ծնունդները նուազած են: Ծնելիութեան ցած մակարդակը, արտագաղթը ու շարք մը այլ գործօններ այսօր ալ հիմնական ազդեցութիւն ունին Հայաստանի ժողովրդագրական պատկերին վրայ:

Մասնագէտները կ՛ըսեն, որ յառաջիկայ տարիներուն բնակչութեան բացասական աճը պիտի ըլլայ Հայաստանի ամենալուրջ մարտահրաւէրներէն մէկը: Ինչպէ՞ս նուազագոյնի հասցնել արտագաղթն ու  դիմագրաւել ժողովրդագրական մարտահրաւէրը:

Վերջին հինգ տարուան մէջ ծնելիութեան ցուցանիշը Հայաստանի մէջ անկում ապրած է: Եթէ 2014-ին մեր երկրին մէջ ծնունդներուն թիւը 43  հազար էր, ապա 2018-ի տուեալներով` ծնած է  36 574 երեխայ:  Աշխատանքի եւ ընկերային հարցերու նախարարութեան ժողովրդագրութեան բաժնի պետ Արտակ Մարկոսեան կը նշէ, որ դրական շարժ ունինք  2019-ի առաջին 9 ամիսներուն:

 «Յունուար-Սեպտեմբերին նախորդ տարուան նոյն ժամանակահատուածի համեմատ ունինք որոշ բարելաւում, այսինքն` ծնունդներուն անկումը կանգ առած է, նուազած է ընդամէնը 20-ով: 2011 թուականէն ետք առաջին անգամ ունիք ամուսնութիւններու թիւի աճ` 682-ով: Ամուսնալուծութիւնները նուազած են 30-ով»:

Այդուհանդերձ, մասնագէտները կ՛ըսեն, որ Հայաստանի մէջ կը սկսի ժողովրդագրական գործընթացներու նոր` աւելի բարդ  փուլ, ամուսնական տարիք կը մտնէ 90-ականներուն ծնած սերունդը, որուն թիւը մօտ 40 տոկոսով աւելի քիչ է, քան 1980-ականներուն ծնածներունը: Այստեղ կայ նաեւ սեռային անհամաչափութեան խնդիրը:

Արտակ Մարկոսեանի տուեալներով` 1-24 տարեկաններուն մէջ այսօր ունինք մօտ 50 հազար աւելի տղայ, որոնց ամուսնութեան տարիքին Հայաստանի մէջ զոյգ գտնելը դժուար է:

Հայաստանի մէջ արդէն կան մարզեր, ուր մահերը աւելի շատ են, քան ծնունդները, առաջինը Լոռին է: Ժողովրդագրական անբարենպաստ ցուցիչները վրայ կ՛աւելնայ նաեւ ծերացումը: Բնական աճին վրայ բացասաբար ազդող հիմնական միւս գործօնը կը շարունակէ մնալ արտագաղթը: Գաղթականութեան պատկերին վրայ կ՛ազդէ նաեւ գաղթականութեան քաղաքականութիւնը (migration policy) այն երկիրներուն, ուր կը գաղթեն հայերը, նկատել կու տայ «հայկական Քարիթաս» կազմակերպութեան ներկայացուցիչ Տաթեւիկ Բեժանեան:

«Մեր գաղթականներուն մօտ 93%-ը ընդհանրապէս եւ աշխատանքային գաղթականներուն 96%, մասնաւորապէս, կը մեկնի Ռուսիա, որուն վարած գաղթականութեան քաղաքականութեան մէջ որեւէ փոփոխութիւն կ՛ազդէ մեր գաղթի հոսքերուն վրայ: Նոյնը կրնամ ըսել Եւրոմիութեան երկիրներուն մասին: Դեկտեմբեր 5-6-ին Մոսկուայի մէջ տեղի ունեցաւ  «Եւրասիայի գաղթի կամուրջներ» խորագիրով գիտաժողովը, ուր 30 երկրէն մօտ 200 մասնակից կար: Ծանօթանալով անոնց գաղթականութեան խնդիրներուն, ես տեսայ շատ լուրջ խնդիր, որ մեզի կը սպառնայ»:

Բեժանեանի խօսքով` ինչպէս Ռուսիան, այնպէս ալ Եւրոմիութեան երկիրները ունին ժողովրդագրական լուրջ խնդիր, որ կը փորձեն լուծել ոչ միայն բնական աճին ուղղուած ծրագիրներով, այլեւ տեղաշարժի քաղաքականութեամբ: Այդ առումով, մեզի համար, ինչպէս կ՛ըսէ, աւելի մեծ վտանգ է Ռուսիոյ վարած գաղթականութեան քաղաքականութիւնը:

«Ռուսիոյ գաղթականութեան քաղաքականութեան դէմ Հայաստանը ոչինչ կր կրնայ ընել, փոխարէնը կրնայ եւ պէտք է ստեղծէ  պայմաններ, որպէսզի իր քաղաքացին Ռուսիա մեկնելու կարիք չունենայ», կ՛ըսէ ան:

Աշխատանքի եւ ընկերային հարցերու նախարարութիւնը քաղաքացին Հայաստանի մէջ պահելու, ժողովրդագրական խնդիրները լուծելու նպատակով  կը փորձէ քաղաքացիներուն բնակարանային ապահովութեան խնդիրը լուծել` առաջարկելով յստակ լուծումներ:  Նախարարի տեղակալ Սմբատ Սայիեան կը տեղեկացնէ, որ նախագիծը արդէն կառավարութեան մօտ է:

«Կը նախատեսուի մարզային բնակավայրերու մէջ միանուագ դրամական աջակցութիւն երեխայ ունեցող ընտանիքներուն կալուածագրաւով բնակարան ձեռք գնելու համար: Ծրագիրէն օգտուելու համար պէտք է ունենալ առնուազն երկու երեխայ: Երկրորդ կարեւորագոյն ծրագիրը երեխայ ծնելու պարագային կալուածագրաւով վարկ փակող ընտանիքին տրուող աջակցութիւնն է: Պետութիւնը միանուագ դրամական աջակցութիւն պիտի ցուցաբերէ` կախուած անկէ, թէ քանիերորդ երեխան կը ծնի ընտանիքին մէջ»:

2020-ի Յուլիս մէկէն կը նախատեսուի առաջին եւ երկրորդ երեխայի ծնունդի պարագային տրուող միանուագ նպաստը սահմանել 300 հազար դրամ: Խնամքի նպաստի չափը ներկայ 18 հազարի փոխարէն պիտի ըլլայ 25 500 դրամ, անկախ անկէ, թէ մայրը կ՛աշխատի՞, թէ ոչ: