Իտալիոյ Խորհրդարանը Ճանչցաւ Հայոց Ցեղասպանութիւնը


Իտալիոյ մէջ Հայաստանի դեսպանութիւնը կը յայտնէ, թէ քիչ առաջ Իտալիոյ Խորհրդարանը ընդունեց բանաձեւ մը, որմով կոչ կ՛ուղղէ Իտալիոյ կառավարութեան ճանչնալու Հայոց Ցեղասպանութիւնը եւ տալու միջազգային հնչեղութիւն:

Նախաձեռնութեան կողմ քուէարկած է 382 պատգամաւոր: Դէմ արտայայտուող չէ եղած, իսկ նախաձեռնութեան քուէարկութեան ձեռնպահ մնացած է 43 պատգամաւոր:

Քուէարկութենէն ետք բոլոր պատգամաւորները ծափողջոյններով ընդունած են որոշումը:

Այսօր աւելի շուտ Իտալիոյ խորհրդաանի մէջ քննարկուած Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչնալու մասին նախաձեռնութիւնը յառաջացուցած էր Թուրքիոյ դժգոհութիւնը: 

«20րդ դարուն տեղի ունեցած դաժանութիւններն ու վայրագութիւնները ճանչնալն ու յիշատակելը պէտք է մշտական զգուշացում ըլլան»,- ըսուած է բանաձեւին մէջ: 

Խորհրդարանի նախագահը յոյս յայտնած է, որ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման նախաձեռնութեան ընդունումը պիտի դառնայ հայ եւ թուրք ժողովուրդներու միջեւ խաղաղութեան ճանապարհ: Ըստ անոր, նախաձեռնութեան նպատակը առաջին հերթին յարգանքի տուրք մատուցելնէ ոճրագործութեան զոհերուն: