Իրինա Բարսեղեան Կրպէեան՝ Թորոնթոյի մէջ


Թամար Տօնապետեան Գուզուեան


Արեգ գիւղի ծնունդ՝ Հայաստանի Ազգային հերոս Թաթուլ Ժորժիկի Կրպէեան, իբր Չաւուշներու ու Անդրանիկներու արժանաւոր ժառանգորդ՝ յատուկ տեղ կը գրաւէ մեր նորահաս սերունդին մօտ։ Թաթուլի ու Գետաշէնի շուրջ հիւսուած երգերն ու բանաստեղծութիւնները ներշնչումի աղբիւր դարձած են նոր սերունդին համար մանաւանդ՝, անցնող երկու տասնամեակներուն ընթացքին։ Զարմանալի չէր ուրեմն, որ երբ իր այրին՝ Իրինա Բարսեղեան Կրպէեան Թորոնթօ ժամանեց իր գիրքի շնորհահանդէսին առիթով, համայնքը հետաքրքրութեամբ իր քայլերը դէպի Թորոնթոյի Հայ Կեդրոն առաջնորդեց։

Կիրակի, Յունիս 4ի յետմիջօրէին, Թորոնթոյի Հայ Կեդրոնի սրահը լեցուն է հաւատաւոր ազգայիններով։ Քիչ անց պիտի սկսի Իրինա Բարսեղեան Կրպէեանի « Թաթուլ Կրպէեան – Հիւսիսային Արցախի Գետաշէնի ենթաշրջանի ինքնապաշտպանութիւնը» գիրքին շնորհահանդէսը, որուն հովանաւորն է ՀՅԴ «Սողոմոն Թէհլիրեան» Կոմիտէն, իսկ կազմակերպողը՝ Համազգայինի Գլաձոր մասնաճիւղը։ Մինչ եկողը իր տեղը կը գրաւէ, պաստառներուն վրայ իրերայաջորդ կերպով կը սահին Թաթուլ Կրպէեանի կեանքէն եւ ազգային գործունէութենէն պատառիկներ։

Երիտասարդ ու տաղանդաւոր Լեւոն Գառակիւլեանի կատարողութեամբ՝ Հայաստանի եւ Արցախի զոյգ քալերգներուն կը յաջորդէ օրուան հանդիսավարը Դոկտ. Խաժակ Գուլաճեան. պատշաճ ու հակիրճ ներածականէ ետք, կը հրաւիրէ Համազգայինի «Հայ Աստղեր» մանկապատանեկան երգչախումբը, խմբավար՝ Հռիփսիմէ Թովմասեան, դաշնակահար-ընկերակցող Վանիկ Յովհաննիսեան։ Հայ աստղերը՝ փոքրէն մինչ պատանի, իրենց տեղերը կը գրաւեն ու կը լսենք նախ՝ «Իմ անոյշ Հայաստան»ը, մենակատար՝ Մինէ Ծատուրեան, որուն կ՚ընկերակցի խումբը ու յետոյ՝ հայրենական ոգիով լեցուն երգերու ընտրանի մը, ուր այլ երգերու կողքին կը հնչեն Արցախի ու Երեւանի նուիրուած աշխոյժ երգեր. Երգչախումբն ու Մինէն կը հանդիսանան ներկաներու բարձր գնահատանքին։

Հանդէս կու գան պատանիներ Վարագ Մեսրոպեանն ու Քրիստափոր Կոստանեանը. Վարագը՝ ջութակի վրայ ու Քրիստափորը երգով՝ «Ախպերս ու ես»ը կը ներկայացնեն այնքան հարազատօրէն, յուզելով ներկաները։ Տեսերիզի հակիրճ ներկայացումին կը յաջորդէ օրուան հանդիսավարը. ան ամփոփ կէտերու մէջ կը ներկայացնէ պատգամաբեր եւ գիրքին հեղինակ՝ Դոկտ. Իրինա Բարսեղեան Կրպէեան, որուն գիրքը՝ «Թաթուլ Կրպէեան. Հիւսիսային Արցախի եւ Գետաշէնի ենթաշրջանի ինքնապաշտպանութիւնը» երկու անգամ հրատարակուած է եւ իր տեսակին մէջ եզակի կարելի է համարել, իր մէջ պարփակուած տեղեկութիւններուն հարստութեամբ։

Իրինա Բարսեղեան Կրպէեան ծնած է Վայոց ձորի Վերնաշէն գիւղին մէջ. աւարտած է Երեւանի Պետական Համալսարանի պատմութեան բաժինը ապա պատմութիւն դասաւանդած է Արեգ (այժմ՝ Թաթուլ) գիւղի միջնակարգ դպրոցին մէջ։ Իբր կամաւոր մեկնած է Արցախ ու իբր հայոց պատմութեան ուսուցչուհի աշխատած է Շուշիի Արամ Մանուկեան դպրոցին մէջ, 1994-2000 թուականներուն։ Հայաստանի հանրային ձայնասփիւռի ծրագրին հայագիտական, մշակութային, կրթական եւ ուսուցողական բովանդակութեամբ աւելի քան 1300 հաղորդումներ ունեցած է, ներառեալ «Ժամանակի վկան» ու «Ցեղասպանագէտներ առանց սահմանի» հաղորդաշարերը։ Անդամ է շարք մը միութիւններու եւ կազմակերպութիւններու, ինչպէս ֆրանկոքոն լրագրողներու միջազգային միութեան եւ Հայաստանի լրագրողներու միութեան։ Դափնեկիր է շարք մը մրցանակներու եւ մետալներու եւ հանդէս եկած է դասախօսութիւններով Հայաստանի, Արցախի եւ արտերկրի մէջ։ 2015 Յուլիսին բարձրագոյն որակաւորման յանձնաժողովի հայոց պատմութիւն մասնագիտական խորհուրդին որոշումով արժանացած է պատմական գիտութիւններու թեկնածուի գիտական աստիճանին։ Ունի տպագրուած բանաստեղծութիւններ« Թաթուլ Կրպէեան – Հիւսիսային Արցախի Գետաշէնի ենթաշրջանի ինքնապաշտպանութիւնը» իր առաջին մենագրութիւնն է, որուն մէջ կը լուսաբանուին 1988-1991 թուականներու հայ ազատագրական պայքարի վերելքը, կամաւորական ջոկատներու կազմաւորումն ու գործունէութիւնըեւ լուսաբանող արխիւային փաստաթուղթեր, Թաթուլ Կրպէեանի գլխաւորութեամբ Գետաշէնիութամսեայ ինքնապաշտպանութեան կազմակերպումը, հայաթափման պատճառները…։

Իրինա Բարսեղեան Կրպէեան, ներկաներուն հետ կը բաժնէ գիրքէն քաղուած պատումներ, կեդրոնանալով Թաթուլի մասին անձնական տեղեկութիւններու վրայ, իրենց միակ դուստրին՝ Ասպրամին ծնունդէն շատ չանցած արդէն Թաթուլ Կրպէեան իր վերջին շունչը կը փչէր, Գետաշէնի մէջ, 1991ին։ Թաթուլ նաեւ գրող էր – 1993ին, յետ մահու լոյս տեսաւ իր բանաստեղծութիւններու գրքոյկը. գեղեցիկ ձայնով օժտուած էր, կը սիրէր մեր ազգագրական պարերը, մեր քոչարին, ի հարկէ Թալինի շրջանը ծնած ու հասած առած Թաթուլէն այլ բան չէր սպասուէր։ Ազգային ոգիով թրծուած, 1990ին ՀՅԴի շարքերուն միացած Թաթուլ Կրպէեանը, հաւանաբար լաւագոյն օրինակներէն է խիզախութեան ու պարկեշտութեան։ Իր անունով կան դպրոցներ, թաղեր ու իր անունով կոչուեցաւ ծննդավայրը՝ Արեգ գիւղը։ Ապրիլ 30, 2017ին, Նոր Նորքի տարածաշրջանին Կրպէեանի անուան զբօսայգիին մէջ մէջ բացումը կատարուեցաւ Թաթուլ Կրպէեանի կիսանդրիին, քանդակագործը՝ Լեւոն Թոքմաջեան։

Հետաքրքրական ու սրտաբուխ ներկայացումին կը յաջորդէ Արշօ Զաքարեան. ան գիրքին մէջէն զանազան պատմուածքներէ քաղուած համադրում մը կ՚ընթերցէ, յաւելեալ պատկեր մը տալով գիրքի բովանդակութեան մասին. կը յաջորդեն Զարեհ Քէնտիրճեանի կատարողութեամբ Գէտաշէն եւ Թաթուլի երգերը։ Ոգեւորիչ այս յետմիջօրէն իր աւարտին չհասած, ՀՅԴ Սողոմոն Թէհլիրեան կոմիտէի հերթապահ ընկ Յակոբ Ճանպազեան սրտի խօսքը կը փոխանցէ ներկաներուն, Համազգայինին, Դոկտ Իրինա Կրպէեանի, Թաթուլի յիշատակը յաւերժացնող այս գեղեցիկ ցերեկոյթին առիթով։ Համազգայինի Գլաձոր մասնաճիւղին կողմէ, վաստակաւոր լուսանկարիչ ու Համազգայնական Գալուստ Պապեանի «Ներաշխարհիս Ոսպնեակէն» գիրքէն օրինակ մը իբր յուշանուէր կը յանձնուի Իրինա Բարսեղեան Կրպէեանի, ապա տեղի կ՚ունենայ գիրքին զոյգ հրատարակութիւններուն գինեձօնի արարողութիւնը, ձեռամբ եւ օրհնութեամբ Տէր Կոմիտաս Աւագ Քահանայ Փանոսեանի, մասնակցութեամբ հեղինակին, Համազգայինի վարչութեան եւ Գանատայի Կեդրոնական Կոմիտէի ու «Ս. Թէհլիրեան» կոմիտէի ներկայացուցիչներուն։ Գիրքին մակագրութեամբ ձեռնարկը կը հասնի իր աւարտին. վերանորոգուած յոյսով ու ազգային ոգիով կը մեկնինք սրահէն։